ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐ

Երեւանի մէջ Սեպետմբեր 11-Հոկտեմբեր 27 թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենայ Երաժշտական միջազգային 11-րդ փառատօնը։ Երեւանեան փառատօնը կ՚իրականացուի Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ։ Փառատօնի օրերուն սիմֆոնիկ եւ քամերային համերգներով «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ պիտի հիւրընկալուին շուրջ քսան հանրայայտ մենակատարներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարներն են Եդուարդ Թոփչեան եւ Ալեքսանդր Չավուշեան:

Բացման համերգը կայացած է «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ: Նուագախումբին հետ ելոյթ ունեցած է իտալացի հանրայայտ քլարնեթահար Ալեսանտրօ Կարպոնարէ եւ 15-ամեայ հրաշամանուկ դաշնակահար Ալեքսանտր Մալոֆէեւ (Ռուսաստան): Ծրագրին մէջ ներառուած են Մոցարթի, Չայկովսքիի եւ Պորոտիի ստեղծագորութիւնները՝ խմբավարութեամբ Եդուարդ Թոփչեանի:

Փառատօնի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան քանի մը յոբելենական համերգներ. Սեպտեմբեր 18-ին պիտի նշուի Յովհաննէս Այվազովսկիի 200-ամեակը, Սեպտեմբեր 24-ի համերգով՝ Հայաստանի Անկախութեան օրը: Սեպտեմբեր 29-ին յոբելենական մեծ համերգով Ֆիլհարմոնիկը պիտի տօնէ մեծ ջութակահար Ռուբէն Ահարոնեանի ծննդեան 70-ամեակը:
 Յոբելենական պիտի ըլլայ նաեւ փառատօնի փակման համերգը. Հոկտեմբերի 27-ին պիտի տօնուի մեծ խմբավար Օհան Տուրեանի 95-ամեակը:

Առանձնայատուկ համերգներ տեղի պիտի ունենան Հոկտեմբեր 6-ին, երբ պանտոնէոնահար Փապլօ Մաինեթթի ֆիլհարմոնիկի լարային կազմին հետ պիտի ներկայացնէ արժանթինական թանկոյի երեկոյ (պիտի ըլլան նաեւ պարային կատարումներ) եւ Հոկտեմբեր 12-ին, երբ բեմի վրայ «մարտի պիտի բռնուին» երկու գերմանացի դաշնակահարներ՝ ներկայացնելով «դաշնամուրամարտ» ստեղծագործութիւնը: Պիտի կայանան  մէկը միւսէն հետաքրքրական ու բազմագոյն 12 համերգներ: Իսկ փորձերէն ու համերգներէն ետք հիւր մենակատարները վարպետութեան դասեր պիտի ունենան հայ սկսնակ երաժիշտ-կատարողներու հետ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2017