ԼՈՆՏՈՆԻ ԿԱՄՈՒՐՋԸ ՓԼՈՒԶՈՒԱԾ Է

Մեծն Բրիտանիոյ վարչաքաղաքական մէկ մասի՝ Սքոթլանտի իր նստավայրին՝ Պալմորալ ամրոցին մէջ, հինգշաբթի` 8 սեպտեմբերին մահացաւ աշխարհի ամենաերկար գահակալած միապետներէն մէկը՝ Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին: Աշխարհի ուշադրութիւնը այս օրերուն ուղղուած է դէպի Մեծն Բրիտանիա, ուր յատուկ արարողակարգ մը տեղի պիտի ունենայ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին մահուան առթիւ: Շատեր այդ ծիսակարգը կը կոչեն երկու դարերու արարողակարգ, քանի որ թագուհիին մահուան սգոյ արարողութիւններուն նախապատրաստուած են 1960-ական թուականներէն եւ այդ ժամանակէն ի վեր կը թարմացուին տարին քանի մը անգամ: Ընդ որում, թագուհիին մահուան սգոյ արարողութեան առընչուող կարգ մը կարեւոր որոշումներ ընդունած է նոյնինք՝ թագուհին, իսկ այլ որոշումներ կրնայ կայացնել միայն անոր իրաւայաջորդը՝ թագուհիին մահէն ետք: Իշխանական եւ արքունական միջավայրերու մէջ մերթ ընդ մերթ վարժանքներ կը կատարուէին՝ բեմադրելով արարողութեան դրուագներ:

Արարողակարգը այնպիսի վիճակի բերուած է, որ երբ թագուհին մահանայ, ամէն ինչ, վայրկեաններու ճշգրտութեամբ պատրաստ ըլլայ:

Բրիտանական թագաւորական ընտանիքի անդամներուն յուղարկաւորութիւնները սովորաբար կը կազմակերպեն մեծ արարողապետը (կոմս մարաջախտը) եւ Անգլիոյ կնքապահական (Հերալտիկ) պալատին անդամները։ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին մահուան եւ յուղարկաւորութեան նախապատրաստութիւնները նոյնպէս կատարուած են այդ բարձր գրասենեակներուն կողմէ։ Արարողակարգին մէջ յատուկ տեղ ունի նախապէս մշակուած ծածկագիրը, որ կը գործածուի յուղարկաւորութեան նախապատրաստութիւնը սկսելու համար: Մահուան լուրը կը յայտարարուի ծածկագիր բառերու միջոցով, որպէսզի Պաքինկըմի պալատի հեռախօսային ցանցը հսկող գործարկուները մինչեւ պաշտօնական յայտարարութիւնը չգիտնան թագաւորական ընտանիքին անդամին մահուան մասին:

Այս օրերուն մամուլի առաջին էջերը այդ արարողակարգին վերաբերող նիւթերը կ՚ընդգրկեն՝ «Լոնտոնի կամուրջը փլուզուած է» խորագրով: Այս արտայայտութիւնը առաջին անգամ հնչած է թագուհիին մահուան պահուն եւ ասիկա այն արտայայտութիւնն է, երբ նախապէս որոշուած էր՝ երկրի վարչապետին թագուհիին մահ-ւան մասին յայտարարելու համար, իսկ սգոյ արարողութիւններուն պայմանական անուանումը կը կրէ «Լոնտոնի կամուրջ» գործողութիւնը եւ իր մէջ կը ներառէ Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութեան, Անգլիկան եկեղեցւոյ, ոստիկանութեան (ներառեալ Մեթրոփոլիթէնի ոստիկանութիւնը), զինեալ ուժերու, լրատուամիջոցներու, Լոնտոնի վարչակազմին եւ փոխադրամիջոցներուն քայլերը:

Այս գործողութեան զուգահեռ ՄԱԿ-ի երկիրներուն մէջ պիտի իրականացուին նմանատիպ այլ գործողութիւններ եւ համապատասխան ձեռնարկներ, պիտի յայտարարուին սգոյ օրեր:

«Լոնտոնի կամուրջ» գործողութեան ժամանակ անողոք պայքար մը կ՚ընթանայ մանաւանդ լրատուամիջոցներուն միջեւ՝ թագաւորական ընտանիքին փորձագէտները հարցազրոյցներու կանչելու եւ մանրամասնութիւններ հաղորդելու համար: Սակայն, գաղտնի մշակուած գործողութիւնները այդ մէկը նոյնպէս նախատեսած են, եւ շատոնց պարզ է, թէ ո՛վ ո՞ւր պիտի խօսի, ո՛ր լրատուամիջոցով ի՞նչ պիտի ցուցադրուի: Խօսքը անշուշտ, բրիտանական եւ անգլիատառ ազդեցիկ լրատուամիջոցներուն եւ հեռատեսիլի կայաններուն մասին է:

«Լոնտոնի կամուրջ»ը բրիտանական թագաւորական ընտանիքի արարողակարգին անբաժան ու անխախտ մասն է, որ աւանդոյթի եւ անսասանութեան ուժը ցոյց կու տայ:

1952 թուականին, երբ Ճորճ Զ. թագաւորը մահացաւ, կառավարութեան հիմնական պաշտօնեաներուն այդ մասին ծանուցած են «Հայտ Փարքի անկիւն» ծածկագրուած բառերով:

20-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 21-րդ դարու սկիզբը թագաւորական ընտանիքի մի քանի անդամներուն մահուան մասին նախապէս որոշուած ծածկաբառերը կապուած էին բրիտանական նշանաւոր կամուրջներուն հետ։ «Թէյ կամուրջ գործողութիւն» արտայայտութիւնը ընտրուած էր Էլիզապէթ Բ.-ի մօր՝ Մայր Էլիզապէթ թագուհիի յուղարկաւորութեան համար: Գործողութիւնը փորձարկուած է 22 տարի, մինչեւ վերջնական գործածումը՝ 2002 թուականին, երբ «Ժպտացող դքսուհի» բնորոշումին արժանացած թագուհին 101 տարեկանին հեռացաւ կեանքէն:

Նոյն «Թէյ կամուրջ» ծածկագիրը գործածուած է նաեւ իշխանուհի Տայնայի մահուան եւ անոր յուղարկաւորութեան նախապատրաստման սկիզբին համար, քանի որ Տայնան մահացաւ անսպասելիօրէն՝ ինքնաշարժի արկածէն եւ այդ առիթին համար նախապէս ծածկագիր պատրաստուած չէր:

Էտինպուրկի դուքս արքայազն Ֆիլիփի մահէն ետք (ապրիլ, 2021) սգոյ արարողութիւններուն ծրագիրը կոչուած է «Ֆորտ կամուրջի գործողութիւն», իսկ ներկայիս թագաւոր Չարլզ Գ.-ի մահուան պարագային ուժի մէջ պիտի մտնէ «Մենայի կամուրջի գործողութիւն»ը:

Կամուրջներուն բնաբանը շարունակելով՝ Էլիզապէթ Բ.-ի մահուան ժամանակ գործածուած է «Լոնտոնի կամուրջ» ծածկագիրը՝ ընտրելով Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքի նշանաւոր կամուրջներէն մէկուն անունը, եւ «Լոնտոնի կամուրջը քանդուած է» արտայայտութիւնը առաջին բառերն են, զորս հաղորդած է Մեծ Բրիտանիոյ նորընտիր վարչապետ Լիզ Թրասին:

Մինչ այդ՝ թագուհիին անձնական քարտուղարը առաջին պաշտօնեան էր, որ ստացած է թագուհիին մահուան լուրը։ Անվտանգ հեռաձայնային գիծով ան արտասանած է «Լոնտոնի կամուրջը փլուզուած է» եւ ամէն ինչ հասկնալի դարձած է…

Արտաքին գործոց եւ միջազգային զարգացման նախարարութեան համընդհանուր արձագանգման կեդրոնը, որ տեղակայուած է Լոնտոն՝ գաղտնի վայրի մը մէջ, անմիջապէս փոխանցած է լուրը այն տասնհինգ երկիրներու կառավարութիւններուն, որոնք պաշտօնապէս կը գլխաւորէ բրիտանական միապետը եւ լուրը անմիջապէս հաղորդուած է համագործակցութեան միւս բոլոր երկիրներու կառավարութիւններուն նոյնպէս:

Անկախ այն բանէն, որ թագուհիին մահը սպասելի էր, թէ՝ ոչ, լուրը ստանալէն ետք Պաքինկըմի պալատի գրեթէ բոլոր աշխատակիցները տուն ղրկուած են:

Նախապէս որոշուած է, թէ թագուհիին մահուան մասին ի՛նչ հաղորդագրութիւններով պէտք է ծանուցուին զանազան պաշտօնեաներ։ Թագաւորական ընտանիքին պաշտօնական կայքէջին վրայ որոշակի ժամանակ միայն մէկ էջ պիտի բացուէր՝ սեւ յետնապատկերի վրայ իրադարձութեան մասին ծանուցումով։ Կառավարութեան կայքէջին վրայ եւ ընկերային ցանցերու մէջ նոյնպէս սգոյ պաստառներ նախատեսուած էին:

Բոլոր լրատուամիջոցներուն համար յատուկ կարգ սահմանուած էր, թէ ինչպէս պէտք է անոնց տեղեկացնել թագուհիին մահուան մասին, եւ լրատուամիջոցներն ալ պատրաստ պիտի ըլլային չեղարկելու բոլոր ժամանցային հաղորդումները: Մասնաւոր կայանները պարտաւորութիւն չունէին հետեւելու առաջարկներուն, սակայն կ՚ակնկալուի, որ անոնք նոյնպէս մթնոլորտին համապատասխան գործեն:

«BBC News»ի լրատուական ծառայութիւնը շատոնց պատրաստած էր թագուհիին դիմանկարները, որոնք պիտի ցուցադրուէին մահէն ետք, իսկ հաղորդավարներուն համար պարբերաբար թարմացուած է սգոյ հագուստը, որով այդ օրը եթերով պիտի ներկայանան:

Թագուհիին մահուան մասին լուրը տարիներ շարունակ բազմիցս փորձուած է կայաններուն մէջ, սակայն լուրին մէջ անոր անունը չէր ըսուեր, այլ հանգուցեալը կ՚անունանէին «Միսիս Ռոպինսոն»՝ սնահաւատութենէն ելլելով: Եղած են նաեւ դէպքեր, երբ փորձի նպատակով նախապէս պատրաստուած նիւթերը սխալմամբ հեռարձակուած են «BBC»ով, որ արագօրէն տարածուած է, եւ թագուհիին մահուան մասին քանի մը անգամ կեղծ տեղեկատուութիւն եղած է: Բայց միայն այդ չէ եղած կեղծ տեղեկատուութեան առիթը. 2016 թուականին, երբ թագուհին նշեց իր 90-ամեակը, հրաժարեցաւ հեռաւոր արտասահմանեան ուղեւորութիւններէն՝ զանոնք զիջելով ընտանիքին աւելի երիտասարդ անդամներուն: Երկար ժամանակ հանրութեան մէջ չերեւիլը եւ թագուհիին տարիքը նոյնպէս կասկածներու տեղի կու տային, թէ արդեօք մահացա՞ծ է:

Ըստ «Լոնտոնի կամուրջ» գործողութեան, եթէ Թագուհին գիշերը մահանար, ապա ատոր մասին պաշտօնական լուրը «BBC» կայանով պէտք է տրուէր առաւօտեան ժամը 8-ին։ Ատկէ ետք նախատեսուած էր կարգ մը կազմակերպութիւններու (այդ կարգին՝ Լոնտոնի ֆոնտային սակարանի) աշխատանքի դադրեցում եւ մշակութային բոլոր ձեռնարկներու չեղարկում։ Եթէ լուրը յայտնի դառնար մինչեւ ժամը 16.00-ը, ապա նոյն օրը թագաւորական թատրոնը պէտք է գոցուէր: Մարզական միջոցառումներու չեղարկման համար նոյնպէս կարգ սահմանուած էր: «Լոնտոնի կամուրջ»ը նաեւ սգոյ յստակ օրեր սահմանած է երկրին մէջ, ինչպէս նաեւ բացայայտ ընելիքներ՝ յառաջիկայ ամիսներուն համար:

Այսպիսով, ընթացքի մէջ է «Լոնտոնի կամուրջ» գործողութիւնը, եւ թագուհիին մահէն անմիջապէս ետք երկրին մէջ յայտնուած է նոր միապետը՝ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին աւագ որդին՝ Արքայազն Չարլզը: Անմիջապէս սկսած են թագաւորի դիմանկարով մետաղադրամներուն հատումը, որոնց կաղապարները կը պահուէին դրամահատարանին մէջ։ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին դիմանկարով մետաղադրամները, ինչպէս նաեւ թղթատարային դրոշմաթուղթերը պէտք է հանուին շրջանառութենէն։ Թագաւորին անունին սկզբնատառերը կը յայտնուին ոստիկանական սաղաւարտներուն վրայ, իսկ պետական ​​օրհներգին մէջ «Աստուած, պահէ Թագուհին» բառերը կը փոխուին «Աստուած, պահէ թագաւորը» բառերուն, ինչպէս եղած է ժամանակին:

Նոյն փոփոխութիւնը կ՚ըլլայ նաեւ բրիտանական քաղաքացիութիւն ունեցողներուն համար նոր թողարկուած անձնագրերուն մէջ՝ «Նորին Մեծութիւն Թագուհի»ն կը դառնայ «Նորին Մեծութիւն Թագաւոր»:

Նոր միապետի գահակալութեան ընթացակարգին ծածկագրային անունն է՝ «Գարնանային ալիք». այդ մէկը կը ներառէ թագաւորին յառաջիկայ շրջապտոյտը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ եւ ուղեւորութիւնը այն երկիրներ, որոնց թագաւորն է միաժամանակ:

Հակառակ որ թագուհիին լուսանկարները կը փոխարինուին թագաւորին լուսանկարներով, սակայն Էլիզապէթ Բ. թագուհիին պատկերը տակաւին շատ երկար կը շրջի ամէնուր՝ մարդոց յիշեցնելով աւելի քան եօթանասուն տարի իշխած թագուհիին մասին՝ Վինձորներու տոհմէն սերած հմայիչ այդ կնոջ, որուն գահակալութեան ընթացքին աւարտած է ապագաղութացումը՝ բրիտանական կայսրութեան վերջնական փլուզումը եւ վերջինիս փոխակերպումը Միացեալ Թագաւորութեան: Անոր լուսանկարները, սկեսալ իր մանկութենէն, աշխարհի տարածքին ամենէն շատ տպուած լուսանկարներէն են, որ երեւցած են ամսագիրներու կողքերուն, մեծ պաստառներուն, ինչպէս նաեւ՝ զանազան երկիրներու դրոշմաթուղթերուն վրայ, նաեւ՝ յուշանուէրներու եւ այլ իրերու տեսքով:

ԱՆԳԼԻՈՅ ԹԱԳՈՒՀԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉԸ

Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին նկարած են բազմաթիւ լուսանկարիչներ, բայց մէկ անգամ չէ, որ անոր յաջող լուսանկարներուն կարգին կը յիշատակուի հայ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի լուսանկարները: Մարտինէն սերող եւ Գանատայի մէջ գործած հայ արուեստագէտը առաջին անգամ Անգլիոյ թագուհին լուսանկարած է 1943 թուականին, երբ Էլիզապէթը տակաւին արքայադուստր էր, եւ տակաւին գահ չէր բարձրացած: Լուսանկարին մէջ ապագայ թագուհին նստած է բազկաթոռին, կը կրէ մարգարտաշար վզնոց մը եւ կը նայի լուսանկարչական սարքին: Այդ ժամանակ ան տակաւին ամուսնացած չէր Էտինպուրկի դուքս Ֆիլիփին հետ:

Յաջորդ անգամ Եուսուֆ Քարշ զայն լուսանկարած է գահակալութենէն մէկ տարի առաջ՝ 1951 թուականին: Այս լուսանկարներուն մէջ արքայադուստրը ուսերը բաց հագուստ մը կը կրէ, ադամանդակուռ վզնոց եւ թագ: Քարշ զայն լուսանկարած է թագաւորական ընտանիքի անդամներուն կեցավայրին՝ Լոնտոնի «Քլարենս հաուզ»ի մէջ, եւ նոյն օրը կատարած է նաեւ ուրիշ լուսանկարներ, որոնց մէջ ապագայ թագուհին կ՚երեւի հագուստով, իսկ միւս լուսանկարներուն մէջ լուսանկարչական սարքին կը նայի մէ՛կ դիմացէն, մէ՛կ՝ դարձած դիրքով։

Մեկնաբանելով 1951 թուականին Քարշի ըրած այս լուսանկարները, մասնագէտները նկատած են, որ երիտասարդ արքայադուստրը երջանիկ եւ հանգիստ դէմք ունի. իր հօր՝ Ճորճ Զ.-ի յանկարծական մահէն վեց ամիս առաջ էր, երբ տակաւին տեղեակ չէր սպասուող լրջագոյն պարտականութեան մասին, որ պիտի փոխանցուէր իրեն:

1951 թուականին Եուսուֆ Քարշ արքայադուստրը լուսանկարած է նաեւ իր ամուսինին՝ Էտինպուրկի դուքս Ֆիլիփին հետ, որուն հետ արքայադուստրը ամուսնացած էր 1947 թուականին, եւ 1951-ին արդէն ծնած էին անոնց չորս զաւակներէն երկուքը՝ արքայազն Չարլզն ու արքայադուստր Էննը:

Լուսանկարները արագ տարածուած են լրատուամիջոցներով եւ նկատուած արքայադստեր լաւագոյն լուսանկարչական շարքերէն մին: Հայազգի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշին ատկէ ետք երեք անգամ եւս հնարաւորութիւն ընձեռ-ւած է նկարելու արքայադուստրը, բայց արդէն՝ թագուհիի կարգավիճակին մէջ:

1966-ին Քարշ թագուհին լուսանկարած է թէ՛ առանձին, թէ՛ ամուսինին հետ: Թագուհին այդ լուսանկարներուն մէջ երիտասարդ է՝ պարուրուած թագաւորական հանդերձով եւ պալատական խորհրդանիշներով:

Հանրածանօթ են նաեւ Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին լուսանկարները՝ ուելսական ցեղատեսակ քորկի շուներուն հետ։ Իր ողջ կեանքին ընթացքին թագուհին շրջապատուած եղած է քորկիներով, այդ փոքրիկ շուներով, որոնք կ՚ապրէին իրենց մեծ տէրերուն կեանքով:

1984 թուականին Քարշ լուսանկարած է թագուհին՝ անոր սիրելի քորկի շունը գրկած, իսկ Քարշին միւս լուսանկարին մէջ թագուհին կեցած է սեղանին վրայ նստած քորկիին քով: Լուսանկարչական այս շարքերը կը սիրուէին թէ՛ պալատականներուն, թէ՛ թագուհիին երկրպագուներուն եւ թէ՛ պարզ բրիտանացիներուն կողմէ: Անոնք կը տարածուէին նաեւ երկրի սահմաններէն դուրս, այդպէսով տարածելով նաեւ հայ լուսանկարիչին համբաւը, որ իր գործունէութեան ընթացքին լուսանկարած է նաեւ ուրիշ մեծութիւններ. ինչպէս՝ Չըրչիլը, Քասթրոն, Խրուշչեւը, Պեռնար Շոուն, Համինկուէյը։

1987 թուականին Քարշ թագուհին լուսանկարած է ամուսինին եւ թոռնիկներուն հետ: Եուսուֆ Քարշ, պալատին մէջ գտնուելով, կատարած է նաեւ Էտինպուրկի դուքս Ֆիլիփին՝ թագուհիին ամուսինին դիմանկարները: Անոնք կը ներկայացուին իբրեւ զատ լուսանկարչական շարք:

Այսօր, թագուհիին ցուցադրուող լուսանկարներուն կարգին նաեւ այս գեղեցիկ լուսանկարները կան՝ առնուած հայ տաղանդաւոր լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի՝ Յովսէփ Քարշեանի ոսպնակով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022