ԹԱՔՍԻՄ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ ոգեկոչուեցան Թաքսիմ մարզակումբի հանգուցեալ վարչայինները, մարզիկները, մարզիչները, սատարողներն ու համակիրները։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։

Ս. Պատարագին ներկայ էին Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ իր ընկերները, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ Թաքսիմի ընտանիքէն բազմաթիւ դէմքեր։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ տեղապահ սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ։ Ոգեկոչումէն վերջ, արձակման փուլին նորին սրբազնութիւնը օրհնեց Թաքսիմի ընտանիքի պատասխանատուները եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց ակումբի ներկայ գործունէութեան համար։  

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017