ԲԱՐԻ՞Ն, ԹԷ ՉԱՐԸ
«Homo sapiens»ը կենդանիներու մէջ թէ՛ ամենադաժանն է եւ թէ ամենագթասիրտը։ Բացի դաժան, անգութ, եսասէր ու անբարոյ ըլլալէ, ան միեւնոյն ժամանակ գթասիրտ է, բարի, պարտաճանաչ եւ օգտակար․․․ Այս հակասական յատկանիշները աւելի՛ ակնյայտ են մարդոց մօտ՝ քան կենդանիներու։ Արդեօք ի՞նչեր են այն գործօնները, որոնք մարդիկը «ցրած» են այս երկու բեւեռներու միջեւ։ Բազում փիլիսոփաներ՝ Պղատոնէն մինչեւ Արիստոտելես, Ժան-Ժաք Ռուսոյէն մինչեւ Թոմաս Հոպս փորձած են հասկնալ մարդու չար կամ բարի ներուժի բնոյթը։
Դժուար է ապացոյցներ գտնել, թէ բարի ըլլալը կը բարձրացնէ մարդու գոյատեւման հաւանականութիւնը։ Երբ մարդը բարի է, ան չի դառնար աւելի առողջ, աւելի հարուստ, աւելի գեղեցիկ, աւելի գրաւիչ, աւելի ուժեղ, աւելի խելացի... Ընդհակառակը, շատ մը պարագաներուն բարի ըլլալը կրնայ յանգեցնել վատառողջ, անձուկ, պակաս գրաւիչ կամ թոյլ ըլլալու։ Իսկ ինչո՞ւ մարդոց մեծամասնութիւնը կը ձգտի բարի ըլլալու կամ կ՚ընտրէ լաւը։ Դժուար է գիտական ապացոյցներ ներկայացնել, թէ առանձին անհատներու համար բարութիւնը աւելի կը բարձրացնէ գոյատեւման հնարաւորութիւնը, քան չարութիւնը։ Բայց նոյնը կարելի չէ ըսել ամբողջ մարդկութեան համար։
Մարդկութիւնը՝ որպէս ամբողջութիւն կը յառաջդիմէ բարութեան միջոցաւ։
Ինչպէ՞ս։
Մարդկութիւնը դէպի բարութիւն մղող շարժիչ ուժն է համագործակցութիւնը։ Բանականութիւնը՝ թէ՛ վերլուծական եւ թէ յուզական իմաստութիւնը կը զարգանան համագործակցութեան միջավայրին մէջ։ Սա կը նշանակէ, որ գիտութիւնն ու փորձագիտութիւնը, որոնք բանականութեան արդիւնք են, կը պահանջեն համագործակցութեան միջավայր։ Բոլոր տեսակի քաղաքակրթութեան տարրերը՝ արուեստը, գիւղատնտեսութիւնը, արդիւնաբերութիւնը, ճարտարապետութիւնը, ճարտարագիտութիւնը կարելի է ստեղծել միայն համագործակցութեամբ։
Համագործակցութիւնը կարելի է հաստատել բարութեամբ։ Ընկերային համագործակցութիւնը կը հաստատուի եւ կը տեւականացուի բարի զգացումներու միջոցաւ, ինչպէս՝ գթութիւնը, համակրանքը, վստահութիւնը, ներդաշնակութիւնը, փոխըմբռնումը։ Եթէ չար մարդիկ մեծամասնութիւն ըլլային, եթէ իւրաքանչիւր անհատ իր շահերու հետամուտ ըլլար, ընկերային համագործակցութիւնը ինչպէ՞ս պիտի հաստատուէր։ Արդարեւ, բարութիւնը առարկայական հիմք ունի մարդկութեան համար՝ որպէս ամբողջութիւն, եթէ ոչ առանձին անհատներու համար։ Բարի մարդիկ աւելի զարգացած, մարդկայնացած են, քան չար մարդիկը։ Չար մարդիկ բարի մարդոց հաստատած համակարգի «ազատ ձիաւոր»ներն են, մակաբոյծները։ Բայց, այնուամենայնիւ, բարի ըլլալը ոչ մէկը կը դարձնէ աւելի առողջ, աւելի ուժեղ, աւելի գրաւիչ... Այսպիսով բարի մարդը կը յայտնուի երկընտրանքի մէջ. մէկ կողմէ անոր մարդասիրական ներքին ձայնը զայն կը կանչէ դէպի բարութիւն, միւս կողմէ ան կը տեսնէ, թէ զինք շրջապատող չարագործները իրմէ աւելի առողջ են, հարուստ, ուժեղ, գրաւիչ... Յատկապէս մեր օրերուն դժուար չէ կռահել, թէ բարի մարդիկ աւելի ուժեղ կը զգան այս երկընտրանքը։ Եթէ չարութիւնը համատարած դառնայ, եթէ երկարաժամկէտ հեռանկարով ան գերիշխող դառնայ, կրնանք կորսնցնել մեր բոլոր արժէքները՝ բարոյականութիւնը, համագործակցութիւնը, քաղաքակրթութիւնը, որոնցմով կը յառաջդիմեն մարդիկ, նաեւ կ՚աճի անոնց մարդասիրութիւնը։
Զարմանալի չէ, թէ բարի մարդիկ իրենց շրջապատի կողմէ կ՚ընդունուին որպէս լաւ մարդիկ եւ աւելի շատ կը սիրուին։ Անհրաժեշտութեան պարագային անոնք հեշտութեամբ կրնան ընկերային աջակցութիւն գտնել։ Իսկ զայրացկոտ, ակրեսիւ կամ եսասէր մարդիկ կը դատապարտուին մենութեան, աւելի դժուար օգնութիւն կը գտնեն եւ կ՚օտարուին ընկերութենէն։ Դժուար պայմաններու պատճառով մեր նախնիները սորվեցան համագործակցիլ ուրիշներու հետ եւ անոնք, որոնք աւելի դիւրահաղորդ ու աւելի ամուր յարաբերութիւններ հաստատելու ունակ էին, գոյատեւելու համար աւելի բախտաւոր եղան։ Այս պատճառով, ըստ տքթ. Տէյվիտ Հեմիլթընի, «բարի»ի ծիները հասած են մինչեւ մեր օրերը։
Ըստ Ֆարրապիի, բարութիւնը իրաւասութիւն է եւ նպատակ: Մարդը ստեղծուած է բարին ու չարը ընտրելու եւ ընտրածը ի գործ դնելու ուժով։ Չարը, որ բացի բարիի հակառակը ըլլալէն, ոչինչ կը նշանակէ, իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի տիեզերքի վրայ: Այնուամենայնիւ, մարդ կամաւորապէս ընտրելով եւ կատարելով զայն՝ պատճառ կը դառնայ չարի ի յայտ գալուն։
Որպէս ընկերային էակ՝ մարդիկ իրարու կապուած են անտեսանելի թելերով։ Բոլորս պէտք է քայլերու ձեռնարկենք՝ գիտակցելով, որ մեր իւրաքանչիւր քայլը ձեւով մը կը վերաբերի մեր ապագային։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ