ՉԱՐԵՆՑ 118 ՏԱՐԵԿԱՆ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ ո­գե­կո­չուե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան տի­տան­նե­րէն Ե­ղի­շէ Չա­րենց։ Ա­մէն տա­րի Մար­տի 13-ին կը նշուի Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի տա­րե­դար­ձը։ Ան­ցեալ ի­րե­րա­յա­ջորդ տա­րի­նե­րը կար­ծես կ՚ամ­րապն­դեն ա­նոր դիր­քը մեր գրա­կա­նու­թեան ե­րախ­տա­շատ սպա­սա­ւոր­նե­րու ան­դաս­տա­նէն ներս։ Ժա­մա­նակ­նե­րը ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նան, որ իր գոր­ծը, թո­ղած գրա­կան ժա­ռան­գը վե­րար­ժե­ւո­րուի, հե­տե­ւա­բար Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի նկատ­մամբ հա­մակ­րանքն ալ կը փո­խան­ցուի սե­րուն­դէ սե­րունդ։ 

Ե­րե­ւա­նի մէջ Չա­րեն­ցի ար­ձա­նին շրջա­կայ­քը ե­րէկ դար­ձեալ վե­րա­ծուե­ցաւ ուխ­տա­վայ­րի մը։ Ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ե­դուարդ Մի­լի­տո­նեան։ Այս առ­թիւ նոր սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ալ խումբ առ խումբ փու­թա­ցին Չա­րեն­ցի ար­ձա­նին մօտ եւ ծա­ղիկ­ներ թող­լով ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ հայ գրա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ նա­խան­ձախնդ­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ 

Հուսկ, հայ գրականութեան հանճարը արդէն 118 տարեկան է։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015