Ա­ՄԱՌ Է, ՍԻ­ՐԵ­ԼԻՍ

Ե­ՐԵ­ՒԱ­ԿԱ­ՅԱ­ԿԱՆ ՆԱ­ՄԱ­ԿԱ­ՆԻ

 

ՁՄԵՌ Է, ՍԻ­ՐԵ­ԼԻ ԲԱ­ՐԵ­ԿԱՄ

 

Ա­մի­սէ մը գիրքս լոյս կը տես­նէ

Ու չե՛մ գի­տեր, ըն­կեր ճան,

Թէ բա­ցի ըն­տա­նի­քէս

Ըն­թեր­ցող պի­տի ու­նե­նա՞յ։

 

Եր­կու մեթր ձիւ­նը յաղ­թա­հա­րել

Ա­ւե­լի դիւ­րին է քան հայ ըն­թեր­ցո­ղին

Տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը:

 

Ե­րե­սուն­հինգ տա­րի է ձմրան ցուր­տին չեմ վար­ժուած

Բայց կը փոր­ձեմ միտքս ձիւ­նի պէս ան­բիծ պա­հել:

 

Բա­րեւ­ներ տիկ­նոջդ։

 

ԳԱ­ՐՈՒՆ Է, ՍԻ­ՐԵ­ԼԻ ԲԱ­ՐԵ­ԿԱՄ

 

Բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնդ ստա­ցայ

Ձայ­նագ­րու­թեան հետ, ու կրկին՝ ապ­րի՛ս։

 

Այդ օր, երբ խռպոտ ձայ­նով

Զայն լսե­ցի, ար­դէն կը զգա­յի

Թէ որ­քան կա­րե­ւոր էր ըն­տա­նե­կան

Սի­րոյ մե­ղե­դիէն չհե­ռա­նալ:

 

Գրե­ցիր հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէի հար­ցե­րուն մա­սին։

Քա­նի­նե՜ր մե­ռան։ Բայց մեր կեան­քը կը շա­րու­նա­կուի։

 

Ե­րե­սուն­հինգ տա­րի է գար­նան գե­ղեց­կու­թե­նէն

չեմ կշտա­ցած ու կը փոր­ձեմ ա­նոր հետ հո­գե­պէս վե­րած­նիլ։

 

Տղոցդ համ­բոյր­ներ։

 

Խո­լորձ­ներս տա­կա­ւին ողջ են ու մին­չեւ այ­սօր

Ծաղ­կած մնա­ցին, բայց հի­մա սկսած են

Ի­րենց եր­կար քու­նը մին­չեւ ա­շուն։

Այդ ի­րի­կուն երբ աչ­քերդ գո­ցե­ցիր եւ

բա­նա­տեղ­ծու­թիւն մը ար­տա­սա­նե­ցիր,

սրտիս մէջ մեծ բան մը պատ­ռուե­ցաւ 

Ու հո­գիիս մէջ թա­փան­ցե­ցիր։

Կը յի­շե՞ս երբ հան­դի­պե­ցանք թան­գա­րա­նը ու չկրցայ խօ­սիլ։

Այդ նկար­նե­րը աչ­քե­րուս առ­ջեւ են տա­կա­ւին:

Ե­րե­սուն­հինգ տա­րիէ ի վեր քե­զի կը սպա­սէի:

Բա­րեւ­ներ ան­ծա­նօթ մօրդ։

Ա­ՇՈՒՆ Է, ՍԻ­ՐԵ­ԼԻ ԲԱ­ՐԵ­ԿԱ­ՄՈՒ­ՀԻ

Օ­րե­րը կը կարճ­նան ու գրե­լու հա­մար

Ա­ւե­լի ճիգ պէտք է։

Կ’ու­զեմ ան­դա­դար դուր­սե­րը պտտիլ

Ու բնա­կան լոյ­սին հետ խա­ղալ։

Այս շա­բաթ քու հա­լա­վա պի ժիպ­նը

Պի­տի սար­քեմ։ Քսան տա­րի ա­ռաջ

Երբ հոս կ’ապ­րէիր այս ա­նու­շե­ղէ­նը

Պատ­րաս­տել սոր­վե­ցու­ցիր ու միշտ քեզ կը յի­շեմ։

Թէյ խմե­լու օդ է, ըն­կե­րու­հի ճա՛ն։

Քոյ­րե­րուդ՝ բա­րեւ­ներ։

ԼՕ­ԼԱ ԳՈՒՆ­ՏԱՔ­ՃԵԱՆ

Նիւ Եորք

 

 

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2016