Մաֆիաներն Ու… «Զայիմ»ները
«Մաֆիա»: Գոյական (Իտալիոյ մէջ գաղտնի ընկերութիւն մը):
«Նայիրի» բառարան
1920-ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներու Շիքակօ քաղաքին մէջ խումբ մը իտալացի արկածախնդիրներ հիմնեցին, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ շարունակեցին Սիկիլիոյ մէջ ծնունդ առած «ընկերութիւն» մը՝ տկար մարդոց «օգնելու» կամ «պաշտպանելու» պատրուակով, եւ սկսան տուրքեր գանձել վաճառատուներէ: Այս ընկերութիւնները իտալերէնով կը կոչուէին «Մաֆիա» (Mafioso), որ հետագային դարձաւ միջազգային բառ:
Ժամանակի ընթացքին ստեղծուեցան տարբեր տեսակի մաֆիաներ եւ իրենց շրջագիծը ընդլայնելու միտումով յաճախակի զինեալ բախումներ կ՚ունենային իրարու հետ: Պետութեան մէջ դարձած էին հզօր պետութիւն մը եւ շատ անգամ բախումներ կ՚ունենային նաեւ ոստիկանութեան հետ: Իրենց նպատակը՝ տկարները «պաշտպանելու» սահմանը անցած եւ հսկայական գումարներու առեւտուրի մը վերածուած էր: Անօրէն խմիչքի ներածում եւ արտածում, ինչպէս նաեւ՝ թմրեցուցիչի վաճառականութիւն: Իրենց գործունէութիւնը այնքան ընդարձակուած էր, որ վաճառատուներ երթալով՝ տուրքեր գանձելը իրենց համար ժամավաճառութիւն էր, եւ այդ իսկ պատճառով ամսական գանձումի դրութեան վերածեցին եւ տուին «ապահովագրութիւն» անունը:
Ներկայ օրերու ապահովագրական ընկերութիւնները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ՝ մաֆիաներու շարունակութիւնը, որոնք կը գործեն տարբեր անուան տակ եւ պաշտօնապէս ճանչցուած են պետութիւններու կողմէ:
Բոլորս անխտիր զոհերն ենք այդ մաֆիաներուն: Կարելի՞ բան է մնալ առանց ինքնաշարժի, կալուածի կամ առողջապահական ապահովագրութեան: Կամայ թէ ակամայ՝ բոլորս կը «վայելենք» օրինաւոր մաֆիաներու «բարիքներն» ու «պաշտպանութիւնը»:
Բազմաթիւ շարժանկարներ պատրաստը-ւած են մաֆիաներու գործունէութեան մասին, որոնցմէ ամենէն նշանաւորներէն կարելի է յիշել՝ «Ալ Քափոն», «Տը Կատֆատըր» եւ «Քազինօ» ժապաւէնները:
Ամերիկայի մէջ իտալացիներու կողմէ սկսած մաֆիան շուտով տարածուեցաւ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ:
Լիբանան, մանաւանդ Պուրճ Համուտ ինչո՞վ պակաս է միւս երկիրներէն:
Երկար տարիներ Պուրճ Համուտի մէջ գոյութիւն ունէր «զայիմ»ներէ բաղկացած խմբակ մը, որոնք վաճառատուներէ անօրէն «տուրքեր» կը գանձէին: Այս «զայիմ»ները շատ կը յիշեցնէին Շիքակոյի մէջի նախնական շրջանի մաֆիաները, անշուշտ շատ աւելի նուազ՝ իրենց գործունէութեամբ:
«Զայիմ»: Արաբերէնով կը նշանակէ՝ քաջ, կտրիճ, անվախ, յանդուգն:
Քանի մը արկածախնդիր երիտասարդներ իրենք իրենց տուած էին այդ տիտղոսը, սակայն իրականութեան մէջ «զայիմ» բառը կորսնցուցած է իր իմաստը: Իսկական «զայիմ»ը իր խիզախութիւնը ի գործ կը դնէ բարի նպատակի մը, սակայն այդ օրերու «զայիմ»ները, խանութէ խանութ պտըտելով, իրենց հսկողութեան տակ առնելու պատրուակով, անդադար գումարներ կը գանձէին: Շրջանի վաճառականները արդեօք համարձակութիւնը կ՚ունենայի՞ն չտալու իրենցմէ պահանջուած գումարը: Չտալու պարագային, առաջին ազդարարութիւնը կ՚ըլլար վաճառատան նիւթական վնաս հասցնել, եւ յաջորդ հան-գըրւանին տակաւին չհասած՝ վաճառականները տեղի կու տային եւ վախի ազդեցութեան տակ կը վճարէին պահանջուած գումարները:
«Զայիմ»ները դրամ հաւաքելու տարբեր միջոցներ ի գործ կը դնէին:
Մէկը ուրիշին պարտքի դրամ տուած է (առանց օրինաւոր փաստաթուղթի), եւ այդ անձը կը զլանայ իր պարտքը վճարել: Պարտատէրը կը դիմէ «զայիմ»ի մը օժանդակութեան: Յաջորդ օրն իսկ այդ գումարը գանձուած է, որուն մէկ մասը միայն յանձնուած է պարտատիրոջ. մնացածը «արդարօրէն» մտած՝ «զայիմ»ին գրպանը: Կամ՝ գոյութիւն չունեցող երեւակայական երգիչի մը տալիք երգահանդէսին համար հարիւրաւոր տոմսեր բռնի ուժով ծախել շրջանի վաճառականներուն ու խանութպաններուն, իսկ երբ երգահանդէսին թուականը հասնէր, ու մարդիկ իրենց տոմսերը ձեռքերնին՝ ուղղուէին Պուրճ Համուտի շարժապատկերի որոշուած սրահը, մուտքին «զայիմ»ներէն մէկը կը յայտարարէր. «Երգիչին ձայնը քաշուած է եւ երգահանդէսը յետաձգուած՝ անորոշ թուականով»:
Այդ «անորոշ թուականը» մինչեւ օրս տակաւին կը մնայ անորոշ:
***
Արեւմտեան Պէյրութի կողմը բնակող մեր բարեկամներէն մէկը Պուրճ Համուտի մէջ նոր վաճառատուն մը բացած էր: Գործերը լաւ կ՚ընթանային: Վաճառատուն մտնողը դատարկ ձեռքով դուրս չէր ելլեր: Յաճախորդները իգականներ էին: Կնոջական ներքնազգեստներ կը ծախէր, սակայն օրական քանի մը անգամ երկու երիտասարդ հայ տղաներ կը մտնէին վաճառատուն, աջ ու ձախ կը դիտէին, ապա՝ տիրոջ մօտենալով.
-Բանի մը պէտք ունի՞ս, մենք կրնանք օգտակար ըլլալ քեզի:
-Շնորհակալ եմ, բանի պէտք չունիմ:
Յաջորդող օրերուն՝ դարձեալ նոյն տեսարանը: Այցելուները իրարու հետ բարձրաձայն. «Այս մարդը հասկնալու միտք չունի, ուրիշ լեզուով պէտք է խօսինք հետը»:
Մեր բարեկամը, նոր գլխի կ՚իյնայ եւ կը հասկնայ այցելուներուն իսկական նպատակը եւ կ՚ուղղուի «Սարդարապատ» ակումբ ու կոմիտէին կը պարզէ եղելութիւնը:
Յաջորդ առաւօտ ակումբի կոմիտէին հերթապահը անձամբ կը ներկայանար սոյն վաճառատունը եւ՝ «Մեզի երկու գաւաթ սուրճ ապսպրէ, երկու հատ ալ աթոռ դուրս հանէ, որ խանութին առջեւ նստինք ու խմենք»:
Յաճախորդները բոլորը կիներ են եւ յարմար չէ այդ առաջարկը, սակայն կը համակերպի: Շատ չանցած՝ «հարկահաւաք» երկու երիտասարդները կ՚երեւան խանութի մուտքին եւ զարմանքով կը նշմարեն ակումբի հերթապահը, որ վաճառականին հետ նստած՝ սուրճ կը խմէ: Կամացուկ մը ճամբանին կը շեղեն, ու կը վերադառնան իրենց կեդրոնը, «Սինեմա Գերմանիկ»ի կողքի փողոցի բախտախաղի վայրերէն մէկը: Լուրը արդէն տարածուած է իրենց շրջանակին մէջ: Այս նորելուկ վաճառականին հետ խաղալ չ՚ըլլար, ակումբի մարդ է:
Պուրճ Համուտի մէջ կարգ ու կանոն պահողները միշտ եղած են հայկական ակումբ-ները: Ոստիկանական ջոկատներ չունէին իրենց տրամադրութեան տակ, սակայն կարելի եղածին չափ, երբեմն ուղղակի, երբեմն ալ անուղղակի կերպով արգելք կը հանդիսանային «զայիմ»ներուն:
Չէին ուզեր հայու արիւն հոսեցնել:
Երջանկայիշատակ Կորիւն Արք. Պապեան, որ մեր ընտանիքին մօտիկ բարեկամը եղած էր, օր մը, երէց եղբօրս մասին խօսած ժամանակ, «զայիմ» որակեց զինք, սակայն նոյն վայրկեանին անմիջապէս սրբագրեց: «Ներողութիւն, ուզում եմ ասել մարտական էր եւ ոչ թէ զայիմ»: Մարտական տղաքը կուսակցութեան մը պաշտպաններն են, անշահախնդիր, նուիրեալ, եւ միեւնոյն ժամանակ՝ կտրիճ ու անվախ: Կարելի չէ մարտական տղոց «զայիմ» մակդիրով որակել»:
Երկար բաղդատական մը ըրաւ զայիմին ու մարտականին: «Իրականութեան մէջ «զայիմ»ները մէկական ասպետներ են, որոնք իրենց կտրիճութեամբ պէտք է պաշտ-պանեն տկարներին, սակայն ներկայիս՝ «զայիմ»ները, կորսնցուցած են այդ բառին իմաստը եւ իրենց խիզախութիւնը օգտագործում են ի շահ իրենց անձնական շահերին: Մեր հայ մարտական տղաքը ամէն մէկը մի վեհանձն «զայիմ» է խորքին մէջ, սակայն՝ ոչ այս օրերու «զայիմ»ների նման»:
Մեզի համար մութ պայմաններու տակ Պուրճ Համուտի «զայիմ»ներու փաղանգին մէկ կարեւոր մասը, գիշեր մը սպաննուեցան «Սինեմա Գերմանիկ»ի առջեւ: Տակաւին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը չէր սկսած եւ այդ տեսակ խմբային սպանդ մը մեծ արձագանգ բարձրացուց ոչ միայն Պուրճ Համուտի, այլ նաեւ Լիբանանի ամբողջ տարածքին: Լիբանանեան օտար մամուլը լայն տեղ տրամադրեց իր գլխաւոր լուրերու բաժնին մէջ: Տակաւին աչքիս առջեւն է առաջին էջերուն վրայ մեծատառ գրութիւնները. «Թեքսաս… Պուրճ Համուտի մէջ»:
Ողջ մնացած «զայիմ»ները անմիջապէս հրապարակէն քաշուեցան: Շատեր սկսան աշխատիլ՝ որպէս թաքսիի վարիչ կամ «փոսթայի մաաուին» (դրամ հաւաքող): Պատահեցաւ նաեւ, որ անոնցմէ մէկը դառնայ իսկական «երգիչ» եւ երգահանդէսներ ունենայ՝ առանց «երգահանդէսը անորոշ թուականով յետաձգելու»: Սկսաւ նոյնիսկ գնահատուիլ որոշ դասակարգի մը կողմէ:
Օրին մէկը, տեղեակ ըլլալով խնդրոյ առարկայ երգիչին անցեալին, իրեն հարց կու տան, թէ ի՞նչը մղեց զինք, որ դառնայ երգիչ:
«Շիտակը, մենք… (յոգնակի) առաջ «զայիմ» էինք: Զայիմութիւնը արգիլուեցաւ, մենք ալ … երգիչ եղանք»:
Ոչ մէկ տարբերութիւն: «Զայիմ»… եւ երգիչ:
Նոյնանման «արուեստներ»:
Մինչեւ օրս Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ, տակաւին կը գործեն տեղացի արաբներէ բաղկացած «զայիմ»ներու փաղանգներ: Այս «զայիմ»ները կը վայելեն կարգ մը պետական մարդոց հովանաւորութիւնը: Իրենց տրուած է զէնք կրելու արտօնագիր, կը ծառայեն կարգ մը պետական մարդոց կամ կուսակցապետներու՝ որպէս թիկնապահ: Զինուած կը պտըտին: Ի հարկին կը գործածեն իրենց զէնքը եւ յաջորդ օրն իսկ ազատ-համարձակ կը շրջագային քաղաքին մէջ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին տեղացի կուսակցութիւնները իրենց շարքերուն մէջ կը հաշուէին բազմաթիւ «միլիսներ», որ լաւ մարզուած, սրտոտ տղամարդիկ էին եւ կը գործէին ի սէր Լիբանանի, սակայն իրենց վեհ գործը հետագային փոխարինեցին կողոպուտով եւ դարձան նոր օրերու «զայիմ»ներ:
***
Վերադառնալով Ամերիկայի ներկայ օրերու մաֆիաներուն, Շիքակոյէն դուրս, ամենահզօր մաֆիաները այսօր կը գտնուին Նեւատա նահանգի նշանաւոր Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ:
Լաս Վեկասի քազինոները ամբողջութեամբ իրենց տիրապետութեան տակ են: Ամենէն նշանաւոր ու ժողովրդականութիւն ունեցող երգիչներու եւ արուեստագէտներու Լաս Վեկասի քազինոներու մէջ ելոյթ ունենալը կախեալ է մաֆիաներու «բարեացակամութենէն»:
Քազինոներու մեծագոյնին եկամուտը կ՚ապահովուի բախտախաղերէ: Քսանմէկ տարեկան բոլորելը պայման է կարենալ խաղալու համար: Երիտասարդ, տարեց, իգական թէ արական, ժամեր կ՚անցընեն այդ ելեկտրոնային «դրամ կլլող» մեքենաներուն դիմաց, կամ՝ բախտախաղի կանաչ սեղաններուն շուրջ: Մասնաւոր պաշտօնեաներ քամերաներով գաղտնի կը հետեւին իրենց «զոհերու» խաղարկութեան: Վա՜յ եկեր է, եթէ անձ մը քիչ մը շատ շահի: Քանի մը հուժկու, չափէն աւելի կոկիկ հագուած օրինաւոր «զայիմ»ներ, կը ներկայանան եւ քաղաքավարօրէն մէկ կողմ քաշելով՝ կ՚առաջարկեն, որ անմիջապէս մեկնի քազինոյէն՝ անգամ մըն ալ չայցելելու պայմանաւ:
Կը հետեւին նաեւ «խենթ» ու անհաշիւ խաղացողներուն, որոնք ընդհանրապէս հսկայական գումարներ կը կորսնցնեն: Այդպիսիներուն յաճախակի հրաւէրներ կը ղրկուին, ձրի կեցութիւն պանդոկին մէջ եւ քանի մը հարիւր տոլար ալ «գրպանի ծախս», քաջ գիտնալով, որ այդ մարդիկը քանի մը հարիւրը պիտի կորսնցնեն, առաւել՝ քանի մը հազար:
Մաֆիայի մարդիկը խելացի են, միեւնոյն ժամանակ՝ անխիղճ եւ վրիժառու:
Զեղծարարութեամբ շահող խաղացող մը խիստ պատժամիջոցներու կը դատապար-տըւի: Գաղափար մը կազմելու համար, թէ ինչպէ՛ս կը վարուին այդ մարդոց հետ, անգամ մը եւս «վայելեցէք» «Քազինօ» ժապաւէնը:
***
Այսօր ամբողջութեամբ մաֆիաներու տիրապետութեան տակ է աշխարհի տնտեսութիւնը: Ապահովագրական ընկերութիւններն ու քարիւղի ընկերութիւնները, պետութիւններու մօտ օրինաւորապէս ճանչցուած, մեծագոյն մաֆիաները կարելի է սեպել: Ապահովագրական ընկերութիւնները, երկար տարիներու ընդունուած օրէնքներ, շատ դիւրութեամբ կրնան փոփոխութեան ենթարկել՝ նայած իրենց նիւթական շահերուն: Նոյնն է պարագան քարիւղի ընկերութիւններուն, որոնք որեւէ ժամանակ քարիւղի գինը կրնան քանի մը սենթ պակսեցնել, կամ շաբաթ մը ետք՝ կրկնապատկել:
Մաֆիաներու տիրապետութեան տակ են՝ միջազգային մամուլը, հեռատեսիլի կայանները, լրատուութեան աղբիւրները. անոնք իրենց հաշուոյն եկած լուրերով հանրութիւնը ուղեղալուացումի կ՚ենթարկեն, եւ մարդիկ միամտօրէն կը հաւատան:
Նեւատա նահանգը ներկայիս Միացեալ Նահանգներու ամենահարուստը կարելի է դասել՝ «շնորհիւ» Լաս Վեկասի մաֆիաներուն: Ներկայ օրերու մաֆիաներն ու «զայիմ»ները «հարկերը» հաւաքելու ձանձրոյթը չեն քաշեր: Բոլորս կամովին կ՚իյնանք անոնց ծուղակը:
Երբեմն բաղդատական մը կ՚ընեմ Պուրճ Համուտի երբեմնի «զայիմ»ներու եւ Լաս Վեկասի ներկայ օրերու մաֆիաներու միջեւ:
Մաֆիաները չեն երեւար հանրութեան մէջ: Նոյնիսկ ուժի դիմելու կարիք չեն զգար: Խեղճ զոհերը դիւրութեամբ կ՚իյնան ծուղակը: Լաս Վեկասի քազինոներու մէջ պատերու վրայ զետեղուած ժամացոյցներու չենք հանդիպիր: Վայելուչ կիսամերկ կիներ անդադար ձրի ոգելից ըմպելի կը հրամցնեն ներկաներուն, որոնք խմիչքով ու խաղով տարուած՝ նոյնիսկ գիշերը ցերեկէն չեն կրնար զանազանել:
Ծանօթ անգլերէն երգի մը մէջ ըսուած է՝ «Աստուած ստեղծեց դրախտը, իսկ սատանան՝ Լաս Վեկասը»:
Անհամար են Լաս Վեկասի հաճոյքի վայրերը, սակայն մարդիկ, երբ հասնին սատանային «դրախտ»ը, անմիջապէս կը դիմեն դէպի քազինոները՝ իրենց «բախտը փորձելու»:
Բախտը փորձելու տարբեր միջոցներ չկա՞ն:
Մեծ է թիւը հանգստեան կոչուած տարեցներու, որոնք պետութենէն ստացած իրենց արդար թոշակը քանի մը ժամուան մէջ կը վատնեն Լաս Վեկասի քազինոներու մէջ ու տուն կը վերադառնան «դատարկ գրպան»ով՝ սպասելով յաջորդ ամսը-ւան թոշակին, որպէսզի դարձեալ երթան եւ իրենց կրած վնասը փորձեն վերադարձնել, սակայն շատ յաճախ նոյն յուսախաբութեամբ կը վերադառնան իրենց տուները:
Ճիշդ է, հազարաւոր մարդիկ, իրենց նիւթականը կը վատնեն քազինոներու մէջ: Շատե՜ր կը սնանկանան, ընտանիքներ կը քայքայուին, սակայն ո՞վ է իրենց ստիպողը:
Ո՛չ մաֆիաները, ո՛չ ալ «զայիմ»ները:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լոս Անճելըս, 2016