ՍԱՀՄԱՆՈՒՄ ԵՒ ՉԱՓԱՆԻՇ
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի արտադրանքը ոչ միայն կը շարունակէ ժամանակներու ընթացքին ա՛լ աւելի բարձր արժեւորուիլ, այլ նաեւ ներշնչանքի աղբիւր կը հանդիսանայ նոր արտադրանքներու համար։ Վերջերս Օսման Օքքանի կողմէ հեղինակուած վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստուած է Արա Կիւլէրի կեանքին ու գործունէութեան մասին։ «Արա Կիւլէր. Իսթանպուլի առասպել մը» խորագրեալ այս վաւերագրական ժապաւէնը կը ցոլացնէ անոր գործունէութեան եւ ստեղծագործութիւններուն բազում երեսակները։ Ֆիլմին մէջ ակնյայտ է նաեւ Արա Կիւլէրի եւ անոր լուսանկարներուն պարագային զգալի Եւրոպայի հեռանկարը։ Այս պատճառով այս ժապաւէնին պատրաստութեան ծրագիրը գանձատրուած է Եւրոմիութեան կողմէ։
Երէկ երեկոյեան, քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երեկոյթ մը, որու ընթացքին կատարուեցաւ այս ժապաւէնին առաջին ցուցադրութիւնը։ Հաւաքոյթին ներկայ էին Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան, գեղարուեստական, հասարակական եւ մամլոյ աշխարհէն բազում ծանօթ դէմքեր։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Միւրիէլ Տոմենաք։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Անգարայի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Հանսեէօրկ Հապէր։ Ներկաները հետաքրքրութեամբ դիտեցին ժապաւէնը, որու մէջ կը գերակշռէին դարձեալ Արա Կիւլէրի ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ։ Ժապաւէնին համար վկայութիւններ բերած էին Տողան Հըզլան, Օրհան Փամուք, Ֆաթիհ Աքըն, Իլպէր Օրթայլը եւ հանգուցեալ Եաշար Քեմալ։ Անոնց շարքին Օրհան Փամուք եւ Տողան Հըզլան արտայայտուեցան երէկուան երեկոյթին ժամանակ։ Խօսք առաւ նաեւ Օսման Օքքան։
Այս առթիւ Օրհան Փամուք նշեց, թէ Իսթանպուլ տակնուվրայ քաղաք մըն է եւ Արա Կիւլէր շրջանակ մը կը սահմանէ այդ քաղաքը դիտարկելու համար։ Արա Կիւլէրի սահմանած շրջանակը միջոց մը վերջ արդէն կը վերածուի չափանիշի մը։ Օրհան Փամուք ընդգծեց, թէ Արա Կիւլէրի լուսանկարները չեն ցոլացներ միայն քաղաքի շէնքերը կամ փողոցները, այլ նաեւ՝ կարելի է այդ լուսանկարներուն միջոցաւ ներթափանցել բնակիչներու զգացումներուն։
Ձեռնարկի ընթացքին մատնանշուեցաւ, թէ աւելի քան երկու միլիոն լուսանկար գոյութիւն ունի Արա Կիւլէրի արխիւին մէջ եւ այդ արխիւը յարաբերաբար մշակուած վիճակի մէջ է։
Ձեռնարկի վերջաւորութեան անմիջական ոճով արտայայտուեցաւ նաեւ Արա Կիւլէր, որ հիւանդանոցէն նոր դուրս եկած ըլլալով՝ անուասայլակի վրայ էր։ Հակառակ իր առողջական վիճակին, բարձր էր վարպետին տրամադրութիւնը եւ ան իր զգացումները բաժնեց թէ՛ ներկաներուն եւ թէ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։