«ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻ»

Մեծ պահոց շրջանի չորրորդ կիրակին մեր Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը կոչած են՝ «Տնտեսի կիրակի», հիմնուելով Աւետարանական առակին վրայ: Աստուածաշունչի աշխարհաբար արեւմտահայերէն թարգմանութեան մէջ տնտեսը կոչուած է՝ «ճարպիկ», արեւելահայերէն եւ արաբերէն թարգմանութիւններուն մէջ՝ «անիրաւ», իսկ գրաբար Աստուածաշունչին մէջ տնտեսի առակին մէջ դարձեալ տնտեսը կոչուած է՝ անիրաւ:

Տնտես անունը որոշակի բացատրութիւն կամ մտածումներ կու տայ մեզի, օրուան հետ կապուած: Տնտես, այսինքն՝ խնամակալ, վերակացու, հսկող, կառավարող, տնտեսող: Տնտեսը այն մարդն է, որուն կը յանձնուի վերակացութիւնը կամ հսկողութիւնը կառոյցի մը, հաստատութեան մը, մեծ ընտանիքի մը, խանութի մը, եւ այլն:

Ճարպիկ տնտեսին առակը կը կարդանք Ղուկասի Աւետարանին մէջ, այսպէս.

«Իր աշակերտներուն Յիսուս այս առակը պատմեց.

- Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ իր ստացուածքներուն վրայ տնտես մը ունէր։ Երբ տնտեսին մասին մարդիկ ամբաստանութիւն ըրին՝ ըսելով թէ իր տիրոջ հարստութիւնը կը վատնէ, մեծահարուստը կանչեց զինք եւ ըսաւ. “Ի՞նչ են քու մասիդ այս ըսուածները։ Քեզի յանձնուած բոլոր ստացուածքներուս հաշիւը տուր։ Այլեւս իմ տնտեսս չես կրնար ըլլալ”։

Տնտեսը ինքնիրեն խորհեցաւ. “Ի՞նչ կրնամ ընել. ահա տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն կը զրկէ։ Բանուորութիւն չեմ կրնար ընել, մուրալու կ՚ամչնամ։ Սակայն գիտեմ թէ ինչ պէտք է ընեմ, որ երբ տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն հեռացնէ, մարդիկ ընդունին զիս իրենց տուներէն ներս”։ Ապա մէկ առ մէկ կանչեց իր տիրոջ պարտապանները եւ առաջինին հարցուց. “Ո՞րքան պարտք ունիս տիրոջս”։ Անիկա պատասխանեց. “Երկու հարիւր թիթեղ ձէթ”։ Տնտեսը ըսաւ. “Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ անմիջապէս գրէ՝ հարիւր”։ Յետոյ հարցուց միւսին. “Դո՞ւն որքան պարտք ունիս”։ Անիկա պատասխանեց. “Չորս հարիւր յիսուն պարկ ցորեն”։ Տնտեսը ըսաւ. “Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ գրէ՝ երեք հարիւր յիսուն”։ Տէրը ասիկա լսելով՝ գովեց անիրաւ տնտեսը իր հնարամտութեան համար։ Որովհետեւ այս աշխարհի մարդիկը իրարու հանդէպ իրենց վարմունքին մէջ աւելի ճարպիկ են քան լոյսի որդիները։ Եւ Ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին» (Ղկ 16.1-9):

Բազմաթիւ մեկնութիւններ ու բացատրութիւններ տուած են Սուրբ Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը այս առակին մասին: Ստորեւ ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնեմ փունջ մը այդ մեկնութիւններէն ու բացատրութիւններէն՝ գրաբարէ թարգմանուած:

Այսպէս.

Ստեփանոս Սիւնեցին կը գրէ.

«Իր աշակերտներուն այս առակն ալ ըսաւ.

Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ տնտես մը ունէր։ Այդ տնտեսին մասին ամբաստանութիւն ըրին ըսելով թէ իր տիրոջ հարստութիւնը կը վատնէ» (հմմտ. Ղկ 16.1):

Անիրաւ «տնտես»ը բոլոր մեղաւորները կը նշանակէ, որ իր պարտապաններուն յանցանքներուն կը ներէ եւ իրեն սիրելի կը դարձնէ մամոնան, հարստութիւնն ու ինչքերուն մեծութիւնը, որ առատապէս կը բաշխէ կամ պարտքերուն կը ներէ, ու կը ստանայ իր սիրելիներուն՝ հրեշտակներն ու արդարներու հոգիները:

Սարգիս Կունդը կը գրէ.

«Կ՚ըսէ, ամբաստանութիւն եղաւ, որպէս թէ իր ունեցուածքը կը վատնէ» (Ղկ 16.1):

ԿՐ Որովհետեւ Աստուծոյ առջեւ ոչինչ կը ծածկուի, որոնք Աստուծոյ հաճելի եղած բաները չեն մատակարարեր: Այդ պատճառով ամբաստանութիւն եղաւ:

ԻԳ Արդ, Ան որ աներեւոյթները կը տեսնէր ու նախքան գործուիլը կը ճանչնար, եւ թէեւ Ան բնութեամբ ամենատես է ու չի՛ կարօտիր ոեւէ մէկուն գուշակելուն, սակայն երկայնամիտ է, յանցաւորներուն ժամանակները կը ներէ: Իսկ մարդիկ, կարճամիտ ըլլալով, եթէ ոեւէ մէկը տեսնեն յափշտակելով՝ տնանկներուն եւ այլ զօրութեան գործերու մէջ, իրենց ձեռքերը երկինք՝ դէպի Աստուած կը բարձրացնեն: Ըստ այնմ՝ «ձեզմէ զրկուածները կ՚աղաղակեն ու անոնց բողոքը Տիրոջ ականջը հասաւ» (տե՛ս Յկ 5.4), քերովբէներէն: Նաեւ հրեշտակները, որոնք մարդոց պահպանութեան համար կարգուեցան, ամբարիշտներուն գարշ գործերը տեսնելով, կը տաղտկին եւ Աստուծոյ մօտ կ՚ամբաստանեն, որպէսզի փութայ վրէժխնդրութեան: Թէեւ Աստուծոյ սրտմտութիւնը իբրեւ ձորը լեցնող կրակ մինչեւ վիզը թաղուած, ու պիտի յայտնուի Աստուծոյ բարկութիւնը անհաւատութեան որդիներուն վրայ, որոնք Աստուծոյ քաղցրութեամբ չապաշխարեցին, այլ՝ իրենց անձերուն բարկութիւն գանձեցին:

...

«Տնտեսը ինքնիրեն խորհեցաւ. “Ի՞նչ կրնամ ընել. ահա տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն կը զրկէ”» (Ղկ 16.3):

Կր. Այս կեանքէն կը վերցնէ:

«Բանուորութիւն չեմ կրնար ընել» (Ղկ 16.3):

ԻԳ Գործելու ժամանակ չէ՛, այսինքն՝ աղաչանքներու եւ ներելու, որովհետեւ առաքինութեան գործերով անօրէնութեան ժառանգութիւնը հեռու կը վանէ ու անոր տեղ բարի գործերով կը լեցնէ: Մարմինի մէջ ըլլալով գիտցաւ, թէ ժամանակը չէ՛ր բան մը գործելու, որովհետեւ երթալու ճանապարհը դիմացն էր:

«Մուրալու կ՚ամչնամ» (Ղկ 16.3):

ԿՐ Որովհետեւ ո՛չ սուրբերը կ՚օգնեն եւ ո՛չ ալ արդարները կը բարեխօսեն:

ԻԳ Արդ, այնտեղ ողորմութիւն գտնելը ծայրագոյն լրբութիւն էր թախանձողին համար, որովհետեւ մեծահարուստը խնդրելով չստացաւ (տե՛ս Ղկ 16.19-31) եւ ո՛չ ալ յիմար կոյսերը, որոնց իւղը պակսեցաւ (տե՛ս Մտ 25.1-13):

...

«Տէրը ասիկա լսելով՝ գովեց անիրաւ տնտեսը իր հնարամտութեան համար» (Ղկ 16.8):

Թէեւ մահուան մօտիկ էր ու վերջին շունչը հասնելու վրայ էր, սակայն անփոյթ չգտնուեցաւ իր փրկութեան համար:

ՍՏ Արդ, անիրաւութեան տնտես կը նշանակէ բոլոր մեղաւորները, որ իր պարտապաններուն յանցանքներուն կը ներէ ու իրեն սիրելի կը դարձնէ:

 ԵՓ Սակայն, մեղքերուն անօրէն գաւառապետը իմաստուն գտնուեցաւ եւ Տիրոջ առջեւ գովուեցաւ: Որովհետեւ մեղքերով առաջին գանձերը մատնեց, իսկ խորամանկութեամբ վերջին ժամին պարտքերուն ներեց:

Արդ, չդադրինք մեր ելքի ժամանակ խնդրել զայն, թէեւ եւ շատ ծանր է մեղքերուն բեռը եւ մեր գլուխէն աւելի բարձր, քանի որ ահաւասիկ Ի՛նքն է թողութեան շտեմարանապետը: Որովհետեւ, թէեւ Աստուծոյ ժառանգորդներուն հետ չ՚արդարացներ, սակայն կտրուածներուն մէջէն կ՚ազատէ, որոնք կապուած ոտքերով ու կապուած ձեռքերով կը հանէ «արտաքին խաւար»ին մէջ (Մտ 8.12, 22.13, 25.30): Եւ արդ, մեծ է այսպիսիներուն ապրիլն ու քաւութիւն տալը:

Մատթէոս Ջուղայեցին կը գրէ.

...

Իսկ «մեծահարուստ» կը կոչուի [Քրիստոս], իսկ ասիկա աւելի մեծահարուստ է, քան աշխարհին մէջ եղողները:

Ա. Նախ, որովհետեւ իւրաքանչիւր մեծահարուստ մասամբ ունի հարստութիւնը, իսկ Ան՝ ծայրագոյն ու կատարեալ՝ ըստ այնմ. «Երկինքը Իմ աթոռս է, իսկ երկիրը [ոտքերուս պատուանդանը]» (Ես 66.1):

Բ. Երկրորդ, որովհետեւ ասոնք ստացումով ունին, իսկ Ան՝ բնութեամբ:

Գ. Երրորդ, որովհետեւ ասոնք օգնականի կարօտ են, իսկ Ան անկարօտ բնութիւն է, ըստ այնմ. «Ո՞ւր էիր, երբ Ես երկրի հիմքերը կը դնէի» (Յոբ 38.4):

Դ. Չորրորդ, որովհետեւ ասոնք ոմանց կարօտութիւնը կը լեցնեն, եւ ո՛չ՝ իսկապէս, իսկ Ան՝ բոլորինը ու՝ կատարելապէս, ըստ այնմ. «Ինծի եկէ՛ք դուք բոլոր յոգնածներդ ու Ես պիտի հանգստացնեմ [ձեզի]» (հմմտ. Մտ 11.28):

Ե. Հինգերորդ, որովհետեւ ասոնց տալով կը նուազին իրենց հարստութիւնները, իսկ Անորը՝ աննուազ կը մնայ:

Զ. Վեցերորդ, որովհետեւ ասոնք չեն կրնար ստեղծել ու տալ,  իսկ Ան՝ Ստեղծող ու Արարիչ է, ըստ այնմ. «Ամէն ինչ Անով եղաւ» (Յհ 1.3):

Է. Եօթներորդ, որովհետեւ ասոնք թէեւ մեծահարուստ են, սակայն թերեւս կը կարօտին առնելու, իսկ Ան՝ ո՛չ մէկ բան կը փափաքի:

Ը. Ութերորդ, որովհետեւ ասոնք չարչարանքով ստացած են, իսկ Ան՝ առանց աշխատելու:

Թ. Իններորդ, որովհետեւ ասոնց ունեցուածքը կորստական է, իսկ Անորը՝ անկորուստ, ըստ այնմ. «Ձեր ուրախութիւնը ո՛չ ոք կը հանէ ձեզմէ» (Յհ 16.22):

Ժ. Տասներորդ, որովհետեւ ասոնք՝ մեծութեան մէջ իսկ սոսկ մարդ են, իսկ Ան՝ մարդացած Աստուած, որու պատճառով կ՚ըսէ. «Մեծահարուստ մարդ մը կար»:

Իսկ տնտեսին յատկութիւնը բազմաթիւ բաներ են.

Ա. Նախ՝ որովհետեւ տնտեսը ինքն իր համար ոչինչ ունի, այլ՝ ունեցողները իրենց վստահած են:

Բ. Երկրորդ, տնտեսին յատուկ է ըստ իր տիրոջ կամքին ընթանալ ու պատրաստել ամէն բան, ինչպէս որ կը կամենայ:

Գ. Երրորդ, աշխտասէր ըլլալ գործին մէջ՝ որուն հրաւիրուած է ու երբեք չծուլանալ:

Դ. Չորրորդ, կերակուրը ժամանակին պատրաստել:

Ե. Հինգերորդ, ծառայակիցներուն միշտ տալ՝ առատապէս:

Իսկ տնտեսութենէն «զրկուիլ»ը բազմաթիւ պատճառներով կ՚ըլլայ.

Ա. Նախ՝ որովհետեւ գործին մէջ աշխատասէր չ՚ըլլար:

Բ. Երկրորդ, եթէ կերակուրը վատ պատրաստէ:

Գ. Երրորդ, եթէ գող ըլլայ:

Դ. Չորրորդ, եթէ զուր տեղ մսխէ:

Ե. Հինգերորդ, եթէ լեզուանի, լիրբ ու երեսանի ըլլայ:

Զ. Վեցերորդ, եթէ գործով պիղծ ըլլայ:

Է. Եօթներորդ, եթէ բարքով անհնազանդ ըլլայ:

Ը. Ութերորդ, եթէ մարմինով հիւանդ ըլլայ:

Թ. Իններորդ, եթէ անհամբեր ըլլայ:

Ժ. Տասներորդ, եթէ պինդ ու ագահ [կծծի] ըլլայ:

Ասոնք են զրկուելու պատճառները:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

9 մարտ 2020, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 14, 2020