ԱՆԴԱՒԱՃԱՆ՝ ԻՐ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒՆ…

Աւագ շաբաթուան այս խոհական օրերուն յաճախ կը յիշեմ մտաւորական Վահրամ Լալայեանը։ Ես զինքը անձնապէս չճանչցայ եւ ինծի պէս շատեր իր կենդանութեան ընթացքին չճանչցան այդ համեստ ու երիտասարդ մտաւորականը, որ Արցախի իր մէկ անկիւնին մէջ համեստաբար կ՚ապրէր ու կ՚արարէր…

Ձեռքիս տակ է Վահրամի՝ յետմահու լոյս տեսած գիրքը՝ անոր կեանքին գործը, որ տպագրուած է Երեւանի մէջ…

2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, Արցախի Հադրութ շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղին մէջ՝ իր տան մօտ, ատրպէյճանցի դիպուկահարի կրակոցէն մահացու վէրք ստացած, ապա մահացած է արցախցի աստուածաբան, նարեկագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու եւ դասախօս 46-ամեայ Վահրամ Լալայեան։ Անոր խոշտանգուած մարմինը Ատրպէյճանին յանձնուած Հադրութէն կրցած են հանել հրադադարէն ետք միայն:

Անոր ծննդավայր Մեծ Թաղեր հայկական գիւղը, Հադրութի շատ մը բնակավայրերուն հետ, անցած է Ատրպէյճանին: Արցախցի նարեկագէտը յուղարկաւորուած է Եռաբլուրի մէջ՝ նոյն տարուան դեկտեմբերի 25-ին: Անոր յուղարկաւորութեան ներկայ էին Երեւանի մէջ ապաստանած արցախցիներ, անոր հարազատները, մտաւորականներ, որոնք ծանօթ էին Վահրամի գործունէութեան: Եռաբլուրը այդ օրերուն լեցուն էր մարդոցմով եւ մէկու մը գերեզմանը գացած բազմութիւնը ակամաօրէն ներկայ կ՚ըլլար նաեւ ուրիշներու յուղարկաւորութեան: Մարդոց սեղմ շարքերը կը խառնուէին իրարու եւ խտացուած զանգուածները միասնաբար կը սգային… Համազգային յուղարկաւորութիւններ էին, որոնց պատկերը անկարելի է մոռնալ… Այսօր ալ, պատերազմէն շուրջ երկու տարի ետք, ոչ մէկ օր կը դադրի Եռաբլուր այցերը: Այդ օրերուն կը մխիթարուէինք, թէ հազարաւորներ զոհուեցան յանուն խաղաղութեան, բայց այսօր ալ տակաւին անորոշ է խաղաղութիւն տանող ճանապարհը: Տագնապալի միտքերով լեցուն կը դիմաւորենք Սուրբ Յարութեան տօնը, ինչպէս ամէն մէկ խորհուրդ ունեցող տօնի, այս անգամ ալ կը սպասենք խաղաղութեան: Եւ նահատակուած նարեկագէտի մասին այս նիւթը այդ մտածումներով է, որ շարադրուեցաւ… Ծանօթանալով անոր գրութիւններուն եւ կեանքին, կը տեսնենք, որ Վահրամ Լալայեան անդաւաճան էր իր գաղափարներուն, հայրենիքն ու Հայ Առաքելական Եկեղեցին անոր համար բարձագոյն արժէքներ էին: Ան ապրեցաւ քրիստոնեայի կեանք եւ իր առաքելութիւնը այս աշխարհի մէջ կատարեց գերազանց:

ՅԵՏՄԱՀՈՒ…

Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանի պատմութեան ամպիոնը պատերազմէն ետք անուանակոչուած է Վահրամ Լալայեանի անունով: Վահրամ 2018 թուականին կը ղեկավարէր այդ ամպիոնը, ունէր նուիրեալ, համեստ գիտնականի համբաւ: Ան իր կեանքը նուիրած էր գիտութեան, չէր ամուսնացած եւ կը ջանար հայ միջնադարեան գրականութեան ոգին, յատկապէս Նարեկացիի փիլիսոփայութիւնը առաւելագոյն կերպով փոխանցել ուսանողներուն: Իր կեանքի իմաստը ան գտած էր եւ հաշտ էր այն ուղիին հետ, որ ի՛նք ընտրած էր:

Իսկ գիրքը, որ լոյս ընծայուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայագիտական ուսմանց ընկերութեան եւ Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանի համագործակցութեամբ, կը կրէ «Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» երկի խորհրդաբանական ընկալումները ԺԳ.-ԺԸ. դարերուն» խորագիրը: Այս գիրքը տպագրուած է Վահրամ Լալայեանի ատենախօսութիւններէն մէկուն հիման վրայ, որուն բնագիրը Հադրութի իրենց տունէն, պատերազմէն ետք հանած է Վահրամին եղբայրը՝ գեղանկարիչ Արծիւ Լալայեան: Հրադարադէն ետք բնակիչներուն հնարաւորութիւն տրուեցաւ որոշ վայրերէ հանել հարազատներուն դիակները եւ Վահրամին եղբայրը կրցաւ նաեւ փրկել եղբօր այդ աշխատանքը:

Գիրքին խմբագիրը Վահրամին գործընկերն է՝ արցախցի երիտասարդ գրականագէտ, Արցախի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանի դասախօս Ամալեա Գրիգորեան: Ան շատ կ՚արժեւորէ նման հրատարակութիւն մը, միշտ նշելով, թէ խիստ խորհրդանշական է, որ արցախցի նարեկագէտ, շուշեցի մեծագոյն գիտնական Աւետիք Պահրաթեանէն շատ տարիներ ետք Սուրբ Նարեկացիին դիմած է ուրիշ արցախցի մը՝ աստուածաբան, պատմաբան Վահրամ Լալայեան։ Վերջինս Սուրբ Նարեկացիին ու անոր ստեղծագործութեան անդրադարձած է իրեն ու հայ ժողովուրդին համար ծանր ժամանակաշրջանէ մը՝ Արցախի առաջին պատերազմէն ետք: Պատերազմին ան գլուխէն ծանր վիրաւորում ստացած է, քանի մի անգամ դժուար գործողութիւններու ենթարկուած եւ երկար ապաքինումէ ետք անբաժան կապուած Նարեկացիի «Մատեան»ին:

Վահրամի Խաչատուր եղբայրը զոհուած է առաջին պատերազմին՝ 1993 թուականին: Լալայեաններուն մայրը՝ Նովելլա Լալայեան, յաճախ կսկիծով կ՚ըսէ, որ մէկ որդիին կորստեան վէրքերէն տակաւին չապաքինած, կորսնցուցած է նաեւ միւս որդին: Վահրամը այս պատերազմին իր երկու եղբայրներուն հետ կամաւորագրուած էր հայրենի Հադրութի պաշտպանութեան եւ մինչեւ վերջ կռուած ու ինկած է անհաւասար պայքարի մէջ: Մայրը շատ պաղատած է, որ հաշմանդամութիւն ունեցող որդին կռուի դաշտ չերթայ, սակայն Վահրամ անդրդուելի մնացած է: Ան Հադրութի մէջ մնացած վերջին մարդոցմէ էր, որ երբեք չէր ուզեր լքել հայրենի Հադրութը… Ոչ ոք կը հաւատար, որ միշտ հայկական եղած Հադրութը կրնայ Ատրպէյճանին անցնիլ:

Արցախի առաջին պատերազմի տարիներուն Վահրամ Լալայեան ուրիշ մասնագիտութիւն մը ընտրած էր, սակայն ապաքինելէ ետք մտքափոխուած եւ ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի աստուածաբանութեան բաժին եւ շարունակական կրթութիւն ստանալով՝ իբրեւ ուսումնասիրութեան նիւթ, ընտրած է Նարեկացիին գործը։ Իր թեկնածուական թեզն ալ «Մատեան ողբերգութեան» ստեղծագործութեան խորհրդաբանական ընկալումները» խորագիրը կը կրէր: Վահրամի երազանքն էր հրատարակել իր ատենախօսութեան կատարելագործուած տարբերակը, սակայն, ցաւօք, չկրցաւ… Յետմահու տպագրուած գիրքը սփոփանք է երկու որդի կորսնցուցած արցախցի մտաւորական մօր համար եւ յիշատակ բոլոր այն զոհերուն, որոնք ինկան հայրենիքի պաշտպանութեան մարտերուն…

Այս պատերազմին Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանը տուած է քսանհինգ զոհ, որոնցմէ երկուքը՝ դասախօս: Անցեալ տարի համալսարանը համեստ կերպով տօնեց իր հիմնադրման 25-ամեակը եւ բոլոր միջոցառումներու նախաբանին մէջ նախ յիշուեցան համալսարանի նահատակները… Եւ այսօր, անկայուն խաղաղութեան պայմաններու մէջ, համալսարանի ամէնօրեայ անդադար աշխատանքը յարգանքի տուրք է բոլոր նահատակներուն…

ԳԻՐՔԸ ԵՒ ՊՈԼՍՈՅ ՆԱԼԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳՈՐԾԸ

«Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» երկի խորհրդաբանական ընկալումները ԺԳ.-ԺԸ. դարերուն» գիրքը, ըստ գրականագէտներուն, նոր խօսք է նարեկացիագիտութեան մէջ: Վահրամ Լալայեան առաջին անգամ գիտական շրջանառութեան մէջ դրած է զանազան ժամանակներու ընթացքին «Մատեան»ի ընկալման ու մեկնաբանման, Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան, Աստուծոյ հաւատքի ուժով ու զօրութեամբ մարդու վեհացումին, սքանչացումին, ինքնամաքրմամբ յաւերժանալու նոր գաղափարներ, զորս ան լուսաբանած է իւրովի:

Յատկանշական է, որ Լալայեան իր ուսումնասիրութեան մէջ օգտուած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք, մատենագիր, մանկավարժ, մեկնիչ, եկեղեցական գործիչ Յակոբ Նալեանի «Գիրք մեկնութեան աղօթից սրբոյն Գրիգորի Նարեկացւոյ» գիրքէն: Եւ խորհրդանշական է, որ 1745 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած այդ գիրքը մեր օրերուն իբրեւ ուղենիշ ծառայած է արցախցի երիտասարդ գիտնականին համար: Վահրամ Լալայեան աղօթքի խորհրդաբանութիւնը «Մատեան ողբերգութեան» մէջ քննած է ըստ Յակոբ Պատրիարք Նալեանին, ինչպէս նաեւ պատրիարքին աշխատութենէն մեկնելով վերլուծած է սիրոյ, ապաշխարութեան խորհրդաբանութիւնը՝ «Մատեան»ին մէջ:

Ան իր ատենախօսութեան նախաբանին մէջ կը նշէ, որ Նարեկացիին անդրադառնալը, այդ նիւթին արդիականութիւնը եւ գիտական նշանակութիւնը առաջին հերթին հայ աստուածաբանական միտքի խորհրդաբանական ժառանգութեան վերարծարծման մէջ է, քանզի, ինչպէս ինք կը նշէ, առանց Տիեզերական Եկեղեցւոյ խորհրդապաշտական այնպիսի կոթողի մը իւրացման, ինչպիսին «Մատեան ողբերգութեան» գործն է, անկարելի է պատկերացնել Արեւելաքրիստոնէական խորհրդապաշտութեան իրական նուաճումները: Վահրամ Լալայեան սակայն, այս նիւթին արդիականութիւնը չէ սահմանափակած միայն խորհրդապաշտութեան աւելի խորքային ուսումնասիրութեամբ, այլ դիտել տուած է նաեւ հայոց կրօնական ինքնութեան բացայայտման ծիրին մէջ:

*

Նարեկի խորհրդաբանական ընկալումներու տիրոյթը մուտք գործելու համար առաջին հերթին անհրաժեշտ է շնորհական հաւատով լուսաւորուած ըլլալուն հանգամանքը, քանի որ Աստուծոյ հետ խորհրդական միութիւնը կ՚իրագործուի «հաւատքի լեռան» բարձունքներուն վրայ: Խնդիրը կարեւորութիւն ձեռք կը բերէ քրիստոնէական, նորպղատոնական եւ համաստուածական խորհրդաբանական համակարգերու տարանջատման գործին մէջ, որովհետեւ շատ յաճախ ուսումնասիրողները, աստուածահայեցողական այս ուսմունքներուն միջեւ ճշգրիտ սահմանազատում չկատարելով, սխալ եզրայանգումներու ուղի կը հարթեն:

Զուտ քրիստոնէական ոլորտին մէջ էական է ուղղափառ դաւանութեան տիրապետելու նախապայմանը, քանզի Ս. Երրորդութեան անձերուն հետ միութիւնն է, որ մարդը կ՚աստուածացնէ:

Եւ եթէ Որդին եւ Սուրբ Հոգին Աստուածային անձեր չըլլային, այլ՝ երկրորդական զօրութիւններ, ինչպէս կը կարծէին արիոսականներն ու հոգեմարտները, ապա մարդուն աստուածացումը, մեղքերու քաւութիւնը, մեղսածին բնութեան ախտազերծումը եւ ի վերջոյ փրկութիւնը անիրագործելի կը դառնար: Այսինքն, քրիստոնէական խորհրդապաշտութիւնը հիմնուած է ուղղափառ ճշմարիտ հաւատքի վրայ, եւ որեւէ շեղում կրնայ մեծ ջանքերու գնով կերտուած խորհրդաբանական տեսութեան փլուզման պատճառ հանդիսանալ: Այստեղ խորհրդապաշտութիւնը եւ աստուածաբանութիւնը անբաժանելիօրէն միաձուլուած են իրարու:

Ատենախօսութեան մէջ Աստուծոյ հետ միաւորման եւ աստուածացման խնդիրը կը դիտարկուի դրախտը կորսնցուցած եւ կենսաբանական էակ դարձած մարդուն քննութեան շրջանակներուն մէջ, քանզի մինչ մեղսանկումը դրախտաբնակ մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ խզումը կը բացառուէր:

«Մատեանի»ն խորհրդաբանական մեկնութիւնները Արեւելաքրիստոնէական խորհրդապաշտութեան տեսանկիւնէն դիտարկելը եւս կարեւոր է, որովհետեւ ատոնց մէջ կը բացառուի Երրորդաբանական եւ քրիստոսաբանական որեւէ շեղում Հայ Եկեղեցւոյ դաւանաբանութենէն: Այս խնդիրը առկայ է, քանզի որոշ տեսաբաններ յաճախ Արեւելաքրիստոնէական դաւանաբանութեան օտար մեկնութիւններ կու տան, որոնք անընդունելի եղած են մեզի համար: Ամէն պարագայի Արեւելաքրիստոնէական խորհրդաբանական ընկալումը խտացած է հայրերու կողմէ տրուած «Աստուած մարդացաւ, որ մարդն աստուածանայ» բանաձեւին մէջ, որ կը բացակայի ոչ քրիստոնէական խորհրդապաշտական համակարգերու մէջ:

Խորհրդաբանութեան դիտանկիւնէ աստուածային ստորոգելիներու դասակարգման խնդիրը եւս լուծում կը պահանջէ, քանի որ Նալեանի կողմէ մեկնաբանուող արտայայտութիւններուն քանակը մեծ թիւ կը կազմէ:

«Նարեկ»ի կառուցուածքին խորհրդաբանութեան հարցը, որուն համար նախնական լուծում առաջարկած են որոշ հայագէտներ, կը կարծենք բաւարար չափով կը հասուննայ «Մատեան»ի խորհրդաբանական մեկնութեան փուլը անցնելէն ետք: Այսպիսով, «Մատեանի խորհրդաբանական ընկալումները…» գործը առաւելապէս կարելի է դիտարկել որպէս միջնադարեան լուծմունքի չորս խմբագրութիւններու եւ Նալեանի մեկնութեան մէջ Աստուծոյ հետ միաւորման եւ աստուածացման պատկերացումներու վերհանման փորձ՝ ըստ խորհրդապաշտութեան «չափորոշիչներուն»:

ՎԱՀՐԱՄ ԼԱԼԱՅԵԱՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2022