Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏՄԵՆ ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՎԷՊԵՐԸ (Գ.)
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները վարակիչ հիւանդութիւններու եւ համաճարակներու գրականութեան մէջ տեղին մասին։
Լուսաւորութեան ամենամեծ յոյսը յառաջընթացն էր, իսկ համաճարակներէն վատթարագոյնը՝ յետընթացն էր։ Ամերիկեան գրականութեան մէջ նման ոչնչացումը յաճախ կարելի է միայն ժողովրդավարական շրջադարձով կանխել:
Էտկըր Էլըն Փոյի 1842 թուականին գրի առած «Կարմիր մահուան դիմակը» պատմուածքը տեղի կ՚ունենայ միջնադարուն, երբ մարդիկ կը տառապին վարակիչ հիւանդութեամբ: «Կային սասիկ ցաւեր, յանկարծակի գլխապտոյտ եւ չափազանց արիւնահոսութիւն կ՚ըլլար մաշկի բորբոքած կէտերէն։ Վնասաբեր էին մարմնի եւ յատկապէս դէմքի այս տգեղ կարմիր կէտերը, որոնք կ՚անիծէին տուժածներու ընկերներու եւ բարեկամներու օգնութիւնն ու կարեկցանքը», գրած է Փօ։ Յատկապէս հարուստները չէին հասկնար աղքատներու վիճակը։ (Այս կապակցութեամբ Փոյի հարուստ խորթ հայրը խզեց անոր հետ բոլոր կապերը եւ Փօ մահացաւ չքաւորութեան մէջ):
Պատմուածքի մէջ, ինքնավստահ արքայազնը գիշեր մը պարահանդէս կը կազմակերպէ այն առանձնատան մէջ, ուր ազնուականներն ու կիներ կ՚ապրին այլասերած շքեղութեամբ՝ մինչեւ այն ժամանակ, երբ ներս մուտք կը գործէ դիմակաւոր տղամարդ մը, որու մարմնի որեւէ տեղը չէր երեւար։ «Անոնք խորհրդաւոր մեկուսացման մէջ էին իրենց ամրոցի նման առանձնատուներէն մէկուն մէջ: Դիմակաւոր տղամարդը այնպէս մը ծպտուած էր, որ նոյնիսկ հնարաւոր չէր մօտէն զննել զայն, անոր զգեստը կարծէք դիակի կարծրացած դէմքի մը նման էր։ Այցելուն կարմիր մահն էր։ Այդ գիշեր առանձնատան մէջ բոլորը մահացան։ Ազնուականութիւնը երբեք չի կրնար խուսափիլ այն բոլորէն, որու կը դիմանան աղքատները», գրած է Փօ:
Փոյի կարմիր մահը համաճարակ դարձած է, ինչպէս եղած է Ճէք Լանտընի 1912 թուականին գրի առնած «Կարմիր ժանտախտը» վէպին մէջ։ «Կարմիր ժանտախտը» ծայր տուաւ 2013 թուականին եւ աւերեց գրեթէ ամէն ինչ, հզօր ազգերը եւ թոյլ մարդիկ՝ աշխարհի բոլոր անկիւններուն եւ բոլոր ողջ մնացածներու մօտ վիճակը նոյնն էր: Փրկուածներէն մէկը Գալիֆորնիոյ համալսարանի անգլիական գրականութեան դասախօս էր: Տարիներ շարունակ ան առանձին ապրած էր Եոզեմիթիի հին պանդոկի մը մէջ՝ գոյատեւել ջանալով, յայտնաբերելով եւ միանալով փրկուածներու փոքր խումբին։ Այդ խումբին մաս կը կազմէր տիկին մը, որ նախապէս վարորդ մըն էր։ Վէպը տեղի կ՚ունենայ 2073 թուականին։ Փրոֆեսէօրը տարեց է, որ ժամանակին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ապրած էր, անհանգստացած է իր թոռներու ժխտական կեցուածքներէն: «Այն վայրը, ուր չորս միլիոն մարդ լքած էր, այժմ կը շրջէին վայրի գայլերը՝ պաշտպանուելով իրենց նախապատմական զէնքերով։ Միակ պատճառը, կարմիր ժանտախտն էր», գրած է Լանտըն։
Ճէք Լանտըն Էտկըր Էլըն Փոյէն ներշնչուած էր կարմիր մահուան գաղափարը յառաջ բերելու պարագային եւ ազդուած էր «Վերջին մարդ» գիրքէն։ Լուսաւորութիւնը, որ վայրենիութենէն դէպի քաղաքակրթութիւն տարաւ, այնուհետեւ սակաւութենէն դէպի առատութիւն, ո՛չ թէ բարոյական յառաջընթացի շարժիչ ուժ դարձած էր, այլ արդիւնաբերական դրամապաշտութեան եւ կայսերապաշտութեան մագլցման: Լանտընի համար մարդկութեան անկումը վայրէջք մըն է դէպի աւելի անհատական կայսրութեան մութ դարաշրջանի սիրտը: Համաճարակի վաղ օրերն էին, երբ լուրերը դեռ հեռագիրի միջոցով կրնային հասնիլ աշխարհի այլ մասերէն վերապրածներու մասին, փրոֆեսէօրը կը նկարագրէ ամերիկեան քաղաքներու անկումը.
«Նիւ Եորքի եւ Շիքակոյի մէջ խառնաշփոթ կար… Նիւ Եորքի ոստիկաններու մէկ երրորդը մահացած էր: Ոստիկանապետն ալ մահացած էր, քաղաքապետը նոյնպէս։ Ամբողջ օրէնքն ու կարգը վերջացած էին։ Դիակները չէին թաղուած՝ շարուած էին փողոցներու վրայ։ Բոլոր երկաթուղիներն ու նաւերը, որոնք սնունդ եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ կը տեղափոխէին մեծ քաղաքներ, կանգ առած էին եւ սոված աղքատներ կը թալանէին խանութներն ու պահեստները։ Սպանութիւնը, կողոպուտը եւ հարբեցողութիւնը համատարած էին։ Մնացեալ միլիոնաւոր մարդիկ փախան մեծ քաղաքէն, նախ՝ հարուստները իրենց անձնական ինքնաշարժներով եւ շուտով բնակչութեան մեծամասնութիւնը սովամահ եղաւ՝ տարածելով համաճարակը…
Ամբողջութեամբ այրուած են քաղաքներ. նոյնիսկ Հինտենպուրկի շրջանի հարուստներու ցեփլինները բռնկած ու այրած էին», կ՚ըսէ Լոնտոն իր «Կարմիր ժանտախտը» գիրքին մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•շարունակելի…