Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 6-ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Համահայկական 6-րդ խաղերու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Օփերայի շրջակայքին հաւաքուած ծովածաւալ բազմութիւնը հետեւեցաւ այս խորհրդանշական ձեռնարկին, որու ընթացքին Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան խաղերը յայտարարեց փակուած։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան։ Երեկոյթի ներկաներէն բռնցքամարտի համաշխարհային ախոյեան Արթուր Աբրահամն ալ ողջունեց ներկաները։
Երեկոյթի պաշտօնական բաժնէն վերջ տեղի ունեցաւ տօնական համերգ մը։
Ուրբաթ, Օգոստոս 14, 2015