ԴԱՋՈՒԱԾՔԸ ՄԵՂՔ ՈՒՆԻ՞

Գեղեցկանալու կամ գեղեցիկ երեւնալու մարմաջը իւրաքանչիւր մարդ արարածի ձգտումն է։ Եթէ գեղեցիկ ես, ուրեմն բոլոր դռները քու դիմացդ բաց են, իսկ մերժուելու հաւանականութիւնը շատ քիչ է։ Մարդիկ ընդհանրապէս իրենց «գեղեցկութիւնը» իբրեւ զէնք ու «դրամագլուխ» կ՚օգտագործեն՝ «իրենց գործը քալեցնելու», հարուստ բայց հոգեպէս թէ մտապէս աղքատ ընկերներով շրջապատուելու, դիրքերու հասնելու եւ շատերու կողմէ գովասանելի խօսքեր լսելու…։ Բայց 21-րդ դարուն արհեստագիտութեան ձեռքբերումներու եւ գեղեկագիտական վիրահատումներու (plastic surgery) շնորհիւ տգեղը՝ «գեղեցիկ», այլանդակուածը՝ «հրաշագեղ», կոշտը՝ «նուրբ» դարձած է ու տակաւին պիտի դառնայ։ Գեղեցկութեան պահանջարկը այս բոլորի սահմանին մէջ չի՛ մնար սակայն, այլ կ՚ուզէ իր շրջածիրը ընդարձակել, ուստի, գեղեցկութեան զոհ երիտասարդ-երիտասարդուհին կ՚առաջնորդէ դէպի դաջուածքի (tattoo) աշխարհ։

Նախնադարուն դաջուածքը տարբեր իմաստ մը ունէր եւ միայն ստրուկներու եւ տնային կենդանիներու յատուկ էր։ Պատմական աղբիւրներ կը վկայեն, որ դաջուածքը հեթանոսական, կրօնական, կախարդական եւ մոգական աշխարհներուն պատկանող երեւոյթ մըն էր, զոր կը կիրառուէր տարբեր ծէսերու ընթացքին, որուն միջոցով երիտասարդը ցեղի իրաւահաւասար անդամ կը դառնար։ Ըստ տարբեր ժողովուրդներու պատկերացումներուն ու հաւատալիքներուն, մարմնի վրայ պատկերի գոյութիւնը չար ոգիներէն պաշտպանուելու միջոց էր։ Իսկ ռազմիկի դաջուածքի հիմնական մասը կոնքն էր, զոր կը ծածկուէր մոգական նշաններով եւ պաշտպանական խօսքերով։

Յետագային, դաջուածքի կիրառումը սկսաւ տարբեր իմաստ զգենուլ։ Դաջ-ւածքը սկզբնապէս եթէ տուեալ անձին համար «այցեքարտ» մըն էր, որ կը ներկայացնէր անձի տոհմական պատկանելիութիւնն ու մասամբ կենսագրութիւնը, ինչպէս նաեւ որոշակի տեղեկութիւն կը փոխանցէր դաջուածքը կրող մարդու կեանքի ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին, ապա տարբեր երկիրներու մէջ յանցաւոր աշխարհի պատկանելիութեան խորհրդանիշը դարձաւ։ Բանտարկեալներու աշխարհին մէջ դաջուածքի հիմնական շարժառիթներն էին՝ որոշակի միջավայրի մէջ մտնելու եւ որոշ դատապարտուածներու շրջանակի մէջ ինքնահաս-տատուելու փափաքը, յայտնի քրէական յանցագործներու նմանակումը, սեփական անձի կարեւորութիւնն ու գերակայութիւնը ցոյց տալու ցանկութիւնը եւ բանտի ու յանցաւոր ընկերներու յիշատակի «անմահացում»ը։

Ըստ Վերենա Կաստի՝ հոգեկանի գիտակցական եւ անգիտակցական բովանդակութիւնը խորհրդանշաններով (symbol) իրարու կը միաւորուին։ Եւ որպէս անգիտակցական եւ գիտակցական բովանդակութեան արտայայտութիւն՝ դաջուածքը իր էութեամբ նոյնինքն խորհրդանշանն է։ Դաջուածքը կրող մարդը կը փորձէ իր կեանքի իմաստը տեսնել այդ դաջուածքին, պատկերին մէջ եւ իր նկարագիրը անոր աղերսել։ Իսկ ամերիկացի հոգեբան Կարէն Մահովերի համաձայն՝ դաջուածքը որոշակի միտումներու եւ օրինաչափութիւններու ամբողջութիւն է։ Հոգեբանը կը մասնաւորէ, որ մարմնի վրայ դաջուած պատկերի տեղը նոյնիսկ նկատի պէտք է առնել, որովհետեւ ան յատուկ նշանակութիւն եւ փոխանցելիք պատգամ մը ունի։ Օրինակ, աստղը կը խորհրդանշէ լոյսը, դանակը՝ վրէժխնդրութիւն ու մահ, ճաբոնական նուիրատառերն ու չինական նշանագիրները՝ ուժ ու կրակ, արծիւը՝ հպարտութիւն, գայլը՝ խորամանկութիւն, ձուկը՝ պտղաբերութիւն, լոտասը (եգիպտական ներգիւն)՝ մաքրութիւն. պտղաբերութիւն եւ առողջութիւն, վարդը՝ սէր. բարեհոգութիւն…։

Հոգեբաններ տարբեր հարցազրոյցներ կատարած են դաջուածք ունեցող երիտասարդներու հետ եւ ցոյց տուած անոնց անմիտ արարքի ափսոսալն ու գիտակցութեան գալը։ Թոմ անունով երիտասարդ մը, երբ արդէն հայր դարձած է՝ զղջացած է ըսելով. «1990-ականներուն, երիտասարդներուս համար դաջուածքը նորելուկ եւ հաճելի երեւոյթ մըն էր։ Ընկերներէս եւ շրջապատէս ազդուելով՝ ես ալ կմախքի պատկեր մը կիտեցի իմ աջ ձեռքիս վրայ, բայց այսօր արդէն կը զղջամ։ Չէի կրնար կանխատեսել, որ օր մը այս աստիճան պիտի զղջայի իմ անհեռանկար որոշումիս համար։ 4 տարեկան տղայիս արեան փոխներարկում պէտք էր եւ ես այդ կարեւոր պահուն չկրցայ զաւակիս օգտակար դառնալ։ Արիւնս մէկդի թողած՝ արիւնատու (donor) կը փնտռէի, որովհետեւ իմ արիւնս դաջուածքիս պատճառաւ պիտանի չէր»։ 18-ամեայ Մերին դաջուածք ունենալու մասին այսպիսի տեսակէտ մը յայտնած է. «Իմ կարծիքով՝ դաջուածքները իսկական տեսքդ ու ներքին գեղեցկութիւնդ կը ծածկեն։ Ինծի համար դաջուածք ունեցողները այն մարդիկն են, որոնք կարծէք չեն ուզեր, որ ուրիշներ իրենց իսկական էութիւնը տեսնեն։ Այդ պատճառով դաջուածքի ետին կը պահուըտին»։ Ալենի իր մարմնին վրայ զգալով դաջուածքի անիմաստ նշանակութիւնը՝ ըսած է. «Տարիքիս հետ միասին տեսակէտս ու ճաշակս փոխուեցան, բայց եւ այնպէս իմ դաջուածքներս չվերացան։ Տարիներ անց ափսոսացի իմ անմիտ արարքիս համար, որ շարունակ անհեթեթ զգացումներս կը յիշեցնէր»։

Դաջուածքովդ ո՛չ միայն անաղարտ մարմինդ տխեղծ կը դարձնես ու կ՚արատաւորես, այլեւ գիտակցաբար բազմաթիւ հիւանդութեանց դուռ կը բանաս։ Մարմնիդ կազմախօսական գործիքները (organism) կրնայ ըլլալ դաջուածքի ներկանիւթը չընդունին, որուն իբրեւ հետեւանք՝ մարմնիդ վրայ չապաքինուող վէրքեր կը յառաջանան. իսկ յոռեգոյն պարագային՝ արեան վարակում տեղի կ՚ունենայ։ Ուաշինկթըն համալսարանի գիտնականները դաջուածք ունեցող 450 ուսանողներու մարմիններուն վրայ հետազօտութիւն-ներ կատարած են եւ պարզած, որ անոնցմէ 170 հոգին առողջական բարդութիւններ ունին։ Դաջուածքը 22 տեսակ հիւանդութեան վարակման պատճառ կրնայ դառնալ, ինչպիսիք են՝ լերդաբորբը (hepatitis), «հերբէսի» (herpes) վարակները, ՁԻԱՀ-ը (AIDS), սիֆիլիսը (syphilis), կարկամախտը (tetanus) եւ հիւծախտը (tuberculosis)…։

Այսօր, երիտասարդներ իրենց մարմիններուն վրայ դաջուածք կը կիտեն՝ աւելի եւս գեղեցկանալու, հակառակ սեռի ուշադրութիւնը գրաւելու, բարետես եւ զարգացած երեւնալու՝ երբեմն չփորձելով պարզել անոնց նշանակութիւնն ու վատ ազդեցութիւնը։ Սակայն անոնք չեն գիտակցիր, որ Աստուած դէ՛մ է դաջուածքներուն։ «Մէկուն սուգին համար ձեր մարմնին վրայ կտրածներ մի՛ ընէք ու ձեր վրայ գրի նշան մի՛ ընէք։ Ես եմ Տէրը» (Ղւ 19.28, Բ.Օր 14.1), կ՚ազդարարէ Աստուած։ Իսկ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի։ Գիտցէք որ դուք չէ՛ք ձեր անձերուն տէրը, այլ Աստուած՝ որ փրկագինով ձեզ գնեց։ Հետեւաբար այնպէս ապրեցէք՝ որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով» (Ա. Կր 6.19-20)։

Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած մարդը երկու էութիւններու՝ մարմնի եւ հոգիի միութիւն է, որոնք մարդուն մէջ իրարմով կ՚արտայայտուին։ Մարմնեղէն բնութիւնը փոփոխուող, անցնող եւ փճացող բնութիւն մըն է։ Իսկ հոգին, իբրեւ «նմանութիւն Աստուծոյ», «պատկեր Աստուծոյ», «հոգի կենդանի» մարդուն՝ նիւթին վրայ իշխելու կարելիութիւնները ապահովող բնութիւնն է, որ կ՚արտայայտուի բանաւորութեամբ, ազատութեամբ եւ անմահութեամբ։ Քանի որ հոգիդ մարմնիդ անբաժան մէկ մասնիկն է, սա կը նշանակէ, որ մարմնիդ վրայ դաջուածք ունենալով՝ հոգի՛դ է որ աղարտած կ՚ըլլաս։ Այո՛, մարմինդ քեզի կը պատկանի, բայց դուն չես զայն ստեղծողը, այլ՝ Աստուած։ Աստուծոյ ձեռագործը ըլլալով՝ պարտաւոր ես մարմինդ մաքուր պահել, այնպէս ինչպէս երբ մօրդ որովայնէն դուրս եկած էիր։ Մեր երկնաւոր Հայրը մեզ կատարեալ ստեղծեց, բայց մենք մեր իսկ ձեռքով մեր մարմինները Սատանային գործիքի վերածեցինք։ Սակայն Քրիստոս Իր կենդանարար արեամբ մեզ գնեց եւ չարին ազդեցութիւններէն ազատագրեց։ Մեզ դուրս բերաւ Սատանայի չարահաւան ծառայութենէն եւ դարձուց Աստուծոյ կամքին կատարիչները։ Մեզ ազատեց խաւարի ստապատիր թագաւորութենէն եւ առաջնորդեց դէպի լոյսի թագաւորութիւն։

Ծնողներ ստէպ իրենց զաւակները կը զգուշացնեն՝ իրենց մարմինները դաջուածքներով «չխծբծելու» եւ արդար, ուղիղ ճամբէն չշեղելու համար։ Սակայն պատանին երբ երիտասարդութեան տարիք կը թեւակոխէ, ո՛չ միայն իր ուզածը կ՚ընէ, այլեւ՝ իր ծնողները կ՚արհամարհէ, կ՚ոտնահարէ անոնց խօսքը՝ ըսելով. «Ես ազատ եմ։ Այլեւս մանուկ չեմ, որ ձեր խօսքին հետեւիմ։ Այս իմ մարմինս է, ձեր մարմինը չէ։ Ազատ ձգեցէք զիս եւ իմ գործերուս մի՛ խառնուիք»։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի. բայց ամէն ինչ օգտակար չէ» (Ա.Կր 6.12)։ Կեանքիդ մէջ ամէն ինչ կրնաս ընել, ո՛չ ոք քեզ կրնայ այպանել, որովհետեւ դուն ես արարքներուդ եւ որոշումներուդ պատասխանատուն։ Բայց մի՛ մոռնար, որ ուղիղ եւ ճշմարիտ ազատութիւնը, ամէն ինչ ընելու, ամէն ձեւով ապրելու երեւոյթ մը չէ երբեք։ Ազատութիւն ունենալ չի նշանակեր անիշխանութիւն ունենալ։ Ազատութիւնը լիիրաւ ազատութիւն է, երբ միտքը ազատօրէն կ՚ընկերանայ անոր, որպէսզի արթուն վիճակով ընելիքը խորհի, ընտրէ եւ գործէ։ Այլապէս մեր արարքները կ՚ըլլան կա՛մ բնազդային, կա՛մ անգիտակից եւ կամ՝ ստիպեալ, բռնադատեալ։

«Եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը քանդէ՝ Աստուած ալ զինք կորուստի պիտի մատնէ, որովհետեւ Աստուծոյ տաճարը սուրբ է. եւ դո՛ւք էք այդ տաճարը» (Ա.Կր 3.16-17), կը զգուշացնէ Պօղոս առաքեալ։ Դաջուածքով ո՛չ միայն դուն քեզ կը տգեղցնես, այլ Աստուծոյ տաճար ըլլալու կոչուած մարմինդ կը պղծես։ Եթէ չարութեան հոգին քու ներսիդիդ գտնուող ամէն բան կործանած ու քանդած է, ապա Սուրբ Հոգին կը շարունակէ կործանուածը վերականգնել. քու եւ Աստուծոյ միջեւ խախտուած միութիւնը վերահաստատել: Վաղինակ Վրդ. Մելոյեան կ՚ըսէ. «Թոյլ մի՛ տար որ Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին տաճարը դառնալու համար ստեղծուած սիրտդ՝ դառնայ բնակարան չար ոգիներու։ Մի՛ ձգեր որ Քրիստոսի բարի սերմերուն համար գոյութեան եկած հոգիդ՝ դառնայ փուշերով ու տատասկներով լեցուն պարտէզի։ Մի՛ արտօներ որ Յիսուսի քաղցրութեամբ համակուելու համար քեզի տրուած էութիւնդ՝ վերածուի դառնութեամբ առլցուն անդունդի։ Մի՛ ընդունիր որ միտքդ խռովի մեղքով ու չարիքով՝ երբ առիթը ունիս Փրկիչին խաղաղութեամբ արբենալու»։

Յաճախ տեսնուած է, որ մարդիկ երբ Երուսաղէմ ուխտագնացութեան կ՚երթան, ի նշան իրենց ուխտին՝ իրենց ձեռքերուն վրայ խաչ կը դաջեն։ Ուրիշներ իրենց կռնակին վրայ Աստուածամօր եւ եկեղեցի պատկերը կը կիտեն, որպէսզի իրենց «հաւատացեալ» ըլլալը ցոյց տան եւ կամ այդ պատկերը զիրենք չար աչքերէ ու փորձութիւններէ փրկէ։ Աստուած այդ երեւութապաշտութեան կարիքը չունի եւ ոչ ալ Աստուածաշունչին մէջ դաջուածքի անհրաժեշտութիւնը յատուկ կերպով շեշտադրած է։ Այս բոլորը մարդահնար սովորոյթներ են եւ ոչ թէ՝ Աստուծոյ պատգամն են։ Եթէ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը կ՚ուզես ունենալ՝ աղօթէ եւ անոր ողորմութիւնը խնդրէ։ Մարմնիդ վրայ խա՞չ կ՚ուզես ունենալ՝ վզէդ խաչ կախէ։ Մարմնիդ վրայ ոչ մէկ բան մի՛ դաջեր, այլ՝ աղօթակցեաց ու աստուածահաճ կեանք մը ապրէ եւ երկնաւոր Հայրդ քեզի հետ պիտի ըլլայ մինչեւ յաւիտեան։

Սիրելի՛ ընթերցող, որքա՜ն կը տրտմի Աստուած, երբ Իր Հոգիին բնակութեան համար ստեղծուած մարմինդ՝ կեղտոտուած եւ այլանդակուած կը տեսնէ։ Որքան տարբերութիւն կայ գարշահոտ ցեխով լեցուած բաժակին եւ բուրեան միւռոնով լեցուած բաժակին միջեւ, նոյնքան եւ աւելի տարբերութիւն կայ Աստուծայ Հոգիով եւ աշխարհի հոգիով բնակուած մարդոց միջեւ։ Մարմինդ սրբութեան խորանի վերածէ, որովհետեւ կանչուած ես սուրբ ըլլալու (Հմմտ. Հռ 1.7) եւ Աստուծոյ գործակիցը դառնալու (Հմմտ. Ա.Կր 3.9)։

Ժամանակի ընթացքին պիտի գիրնաս, պիտի նիհարնաս եւ պիտի մեծնաս, որոնց պատճառով ալ դաջուածքդ կ՛ամ պիտի տձեւանայ եւ կամ պիտի քաշուի՝ իր բուն տեսքը, հմայքն ու գեղեցկութիւնը կորսնցնելով։ Դաջուածքներու պատկերներն ու նախշերը յաճախ հնաոճ կը դառնան, սակայն Սուրբ Հոգիին տաճարը երբեք չի հիննար, որովհետեւ անոր Էոյթը հնութենէն վեր է։ Դաջուածքը գեղեցկութեան չափանիշ չէ, այլ ան մտքիդ հնարքն ու խափուսիկ համոզումդ է։ Պետրոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ձեր զարդը արտաքին թող չըլլայ, ո՛չ մազերուն յարդարանքը, ո՛չ ոսկեղէնները եւ ո՛չ ալ զարդարուն հագուստները, այլ՝ սրտին մէջ ծածկուած, հեզ եւ խաղաղ հոգիի մը անկորնչելի գեղեցկութիւնը. եւ ա՛յդ է թանկագինը Աստուծոյ համար» (Ա.Պտ 3.3-4)։ Իսկ այլուր կ՚ըսէ. «Նոյնպէս կ՚ուզեմ որ կիներ իրենք զիրենք զարդարեն խոնարհութեան զարդերով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ» (Ա.Տմ 2.9)։ Առ այդ, միշտ յիշէ, որ դաջուածքը գեղեցկութիւն չէ՛, այլ տգեղութիւն ու այլանդակութիւն է…։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2017