ՀԵԿԵԼ՝ ԿԱԽԵԱԼՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Գերմանացի փիլիսոփայ Ֆրիտրիխ Հեկել պատմելու շատ բան ունի մեր եւ կեանքի մասին… Մեր ամենահիմնական պարտաւորութիւնները՝ իրարու եւ մեր մոլորակի հանդէպ, կրնան լուսաբանուիլ այս փիլիսոփայի կողմէ, որ իր գաղափարները գրի առած է 1800-ականներու սկիզբին: Հեկել մեզի ցոյց կու տայ, որ ինքնագիտակից անհատներ երբեք առանձին չեն ըլլար, քանի որ անոնք փոխկապակցուած են եւ իսկապէս չեն կրնար նոյնիսկ գոյատեւել առանց ուրիշի մը գոյութեան: «Երբ մենք մեզ ճանչնանք, իրականութեան մէջ կը գիտակցինք, թէ ինչպէս կախեալ ենք ուրիշներէն», կ՚ըսէ ան: Այնուամենայնիւ, Հեկել աւելի կը խորացնէ իր փաստարկը՝ ըսելով. «Միայն որպէս ընկերային էակ կրնամ սկսիլ մտածել ես իմ վրայ: Ես հնարաւորութիւն ունիմ ինքնագիտակցութիւն ունենալ, քանի դեռ ուրիշներու հետ կը հանդիպիմ»։
Ըստ Հեկելի՝ ողբերգական է, թէ մարդ մը կը փորձէ ոչնչացնել ու տիրել միւսին: Այս գնահատականէն կարելի է հետեւցնել, որ աւերածութիւններն ու գերիշխանութիւնը այնքան ալ լաւ չեն աշխատիր հասարակութիւններու կայունութեան ու համերաշխութեան համար։ Այս տեսակ արարքներու պատճառներէն մէկը այն է, որ անոնք կը ջանան ժխտել թէ՛ ընկերային փոխկախուածութիւնը եւ թէ փոխադարձ բարոյագիտական պարտաւորութիւնը: Եթէ անոնցմէ մէկը ոչնչացուի, միւսը նոյնպէս կրնայ ոչնչացուիլ։ Այնպէս որ, տուեալ ենթականերու ճակատագրերը այս առումով փոխկապակցուած են եւ ոչնչացման այս ռազմավարութիւնը անխուսափելիօրէն վտանգի տակ կը դնէ երկուքն ալ։ Սակայն այստեղ ալ ինքնաճանաչման հարց մը կայ. անձը չի կրնար որոշ իմացութիւն ունենալ իր մասին, քանի դեռ անոր գոյութիւնը չէ ընդունած ուրիշը։ Հետեւաբար, կը սխալինք կարծելով, որ կրնանք ճանչնալ մենք մեզ՝ հեռանալով ընկերային աշխարհէն եւ շրջելով մեր ներաշխարհէն ներս, քանի որ միայն ընկերային աշխարհի համատեսքին մէջ կրնանք յստակութեան հասնիլ մեր մասին: Միայն այն ժամանակ երբ կենդանի եւ ընկերային ենք, հնարաւորութիւն ունինք ճանչնալու մենք մեզ եւ երբ մեր անձը ճանչնանք, իրականութեան մէջ կ՚անդրադառնանք, թէ ինչպէս կախեալ ենք ուրիշներէն: Այսպիսով, աշխարհը կը դառնայ կենդանի գործընթացներու ցանց:
Այս հանգամանքի լոյսին տակ կարելի է քաղել բարոյական դաս մը. իմ կեանքը երբեք միայն իմը չէ, քանի որ այն կը պատկանի թէ՛ կենդանի գործընթացներուն, որոնք կը պահպանեն զիս եւ թէ միւս կեանքերուն։ Սա կը նշանակէ, որ ես չեմ կրնար ոչնչացնել այլ անհատի մը կեանքը՝ առանց յարձակելու կենդանի գործընթացներու վրայ, որոնց մէկ մասն ալ եմ ես: Այլ խօսքով, երբ ես կործանեմ ուրիշի մը կեանքը, իրականութեան մէջ քանդած կ՚ըլլամ իմ կեանքը: Սա չի նշանակեր, որ դէպքի վայրին միակ յանցագործը «ես» եմ, սակայն որպէս կենդանի էակ, ակամայ չեմ կրնար բաժնուիլ անոնցմէ։ Հեկել կը պնդէ, որ «կենդանի սոսիուսի» գաղափարը ամենալաւ փաստարկն է ոչ-բռնութեան համար:
«Ես չեմ կրնար գերիշխել մէկ ուրիշի վրայ՝ առանց խոչընդոտելու ընկերային հաւասարութիւնը, որ երկուստեք իտէալներ կը սահմանէ», կ՚ըսէ Հեկել: Միայն այն ժամանակ, երբ մենք կը սորվինք հեռու մնալ բռնութենէն, կը բացայայտուին մեր կեանքը սահմանող ընկերային կապերը:
Հասկնալ, թէ բռնութիւնը նպաստաւոր չէ բոլոր կողմերու տեսակէտէ… Սա սկիզբ կը դնէ բարոյական պարտաւորութիւններու ըմբռնման, որ անհրաժեշտ է մեր եւ մեր նմանները կենդանի պահելու միջոց գտնելու համար՝ անկախ մեր միջեւ առկայ խնդիրներէ: Հեկել հաշուի կ՚առնէ զայրացած եւ կործանարար յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ընկերային գերակայութեան մահացու հնարքը։ Հեկել ուսումնասիրած է այն անհատի զայրոյթը, որ չ՚ուզեր, թէ ոեւէ մէկը իրեն նման կամ հաւասար ըլլայ: Փիլիսոփան մեզ կ՚առաջնորդէ հասկնալու, որ չենք կրնար ոչնչացնել ուրիշ մը՝ առանց մենք մեզի օտարանալու, նաեւ չենք կրնար տիրել մէկ ուրիշին՝ առանց խանգարելու ընկերային հաւասարութիւնը։ Այս իրավիճակին մէջ, երբ կը բացառուի միւսը ոչնչացնելու կամ անոր տիրելու հաւանականութիւնը, պէտք է հասկնանք, որ մեր կեանքը կախեալ է ուրիշի կեանքէն:
Հեկելի կապուածութեան մասին գաղափարները կը լուսաւորեն մեր ընկերային կարգավիճակը՝ մեր ֆիզիքական կամ հոգեկան կապուածութեամբ եւ փոխադարձ բարոյական պարտաւորութեան զգացումով: Այս ըմբռնումը նաեւ բոլորիս տեսակէտէ անհրաժեշտութիւն է՝ ապահովելու համար աշխարհի շարունակականութիւնը, մարդոց միջեւ համերաշխութիւնը եւ, հետեւաբար, անդորրութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ