ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ 777-ԱՄԵԱԿԸ

Այս տարի տօնելու հրաշալի առիթ մը ունեցաւ արցախահութիւնը. լրացաւ Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման 777-ամեակը: Տօնական ձեռնարկները անցեալ տարուընէ սկսած են եւ կը շարունակուին մինչեւ այս տարուան վերջաւորութիւնը, բայց գլխաւոր տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Գանձասարի մէջ Յուլիս ամսուն: Այժմ, Գանձասարի նորաբաց Մատենադարանին մէջ ցուցահանդէս մը կը գործէ: «Գանձասարը պատմական փաստաթուղթերու մէջ» խորագրեալ ցուցադրութիւնը կը ներառնէ կարգ մը հազուագիւտ եւ արժէքաւոր վաւերագրեր, արխիւային փաստաթուղթեր, կաթողիկոսական գրութիւններ, եզակի լուսանկարներ, քանի մը ցուցափեղկ ալ յատկացուած է Գանձասարին եւ Արցախ աշխարհին վերաբերող գիտական ուսումնասիրութիւններուն:

Գանձասարի Մատենադարանին բացումէն ետք այս մէկը թերեւս ամենէն յատկանշական ցուցադրութիւնն է, որ ցոյց կու տայ հայ ժողովուրդին սիրելի այցելավայր վանքերէն մէկուն՝ Գանձասարի ամբողջական պատմութիւնը:

Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման 777-ամեակին առթիւ, անցեալ տար-ւան աշնան, վանքին շուրջ խորհրդանշական ծառատունկ մը կազմակերպուած է, ապա շինարարները ձեռնամուխ եղած են վանքի նորոգման աշխատանքներուն: Եօթ դարերու ընթացքին Գանձասարը եօթներոդ անգամ ըլլալով նորոգուած է, նորոգումը կատարուած է առանց վնասելու համալիրի պատմա-ճարտարապետական դիմագիծը: Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին նոր զանգակներով, նոր վարագոյրներով ու նոր գորգերով հարստացած է, նորոգուած է նաեւ միաբանական շէնքը: Կը նախատեսուի գիշերակացի պայմաններ ստեղծել Գանձասար այցելող ուխտաւորներուն համար, որոնք վերջին շրջանին շատցած են:

Գանձասարը մշակոյթի համաշխարհային ժառանգութեան մասն է: Հրատարակչական մեծ աշխատանք կատարուած է՝ վանական համալիրին եւ մանաւանդ 777 տարեկան եկեղեցւոյ պատմութիւնը օտարներուն ներկայացնելու:

Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի մօտակայքը, պատմական Մեծ Հայքի՝ Արցախ նահանգի Մեծ Առանք գաւառին մէջ գտնուող Գանձասար վանական համալիրը իր անունը ստացած է Վանք գիւղին դիմաց գտնուող բլուրի անունէն: Իսկ բլուրը Գանձասար կոչուած է, որովհետեւ անոր ընդերքը արծաթի եւ այլ մետաղներու հանքեր կան:

Գանձասարը առաջնորդարան էր եւ Խաչենի իշխաններուն տոհմական տապանատունը։ Հասան Ճալալեան տոհմի իշխաններուն հոգածութեան շնորհիւ է, որ Գանձասարը պահպանած է հոգեւոր կենդրոնի իր դերը։ Վանքը ունեցած է հարուստ ձեռագրատուն, դպրանոց, ուր ստեղծուած են բարձրարժէք ձեռագրեր, կրթուած են հոգեւոր գործիչներ, որոնք իրենց մեծ նպաստը բերած են Խաչենի եւ յարակից շրջաններու մտաւոր եւ մշակութային կեանքի զարգացման կապակցութեամբ։

Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին կառուցուած է 1216-1238 թուականներուն՝ Հասան Ճալալ իշխանի կողմէ: Օծուած է 1240 թուականին: Գանձասարը 1400-1816 թուականներուն Աղուանքի կաթողիկոսներու նստավայրն էր: 1923 թուականէն՝ Արցախը Ատրպէյճանին բռնակցուելէ ետք չէ գործած եւ միայն հնարաւոր եղած է զայն նորոգել Արցախի անկախութենէն ետք՝ 1993-1997 թուականներուն։ Ըստ պահպանուած ուսումնասիրութիւններուն, 1214 թուականին Ներքին Խաչենի կամ Խոխոնաբերդի իշխանութիւնը Վախթանք Բ.-էն (Տանգիկ) յետոյ կը ժառանգէ իր աւագ որդին՝ Հասան (Հայկազ) Ճալալը եւ անոնցմէ սերած տոհմն ալ կը կոչուի Հասան Ճալալի տոհմ։ Պատմական աղբիւրներուն մէջ Հասան Ճալալը բազում տիտղոսներով ներկայացուած է, որոնցմէ՝ «Մեծ իշխան», «Իշխանաց իշխան տէր Խաչենոյ եւ Առանայ», «Թագաւոր Ճալալ Դովլա», «Բարեպաշտ արքայ Ճալալ» եւ այլն…

Ըստ Կիրակոս Գանձակեցիին, անոր հայրը՝ Վախթանք Տանգիկը, վախճանած միջոցին որդիին՝ Հասան Ճալալին եւ իր կնոջ՝ Խորիշահին կտակած է՝ «զի շինեսցուք եկեղեցի ի գերեզմանատ հարց մերոց ի Գանձասար», որու կառուցումը սկսած է 1216 թուականին եւ աւարտած՝ 1238 թուականին, իսկ եկեղեցին օծուած է 1240 թուականի Յուլիսի 22-ին՝ Վարդավառի մեծ տօնին, եւ օծման արարողութեան ալ ներկայ եղած են Աղուանքի Ներսէս Կաթողիկոսը, Վանական Վարդապետը, իշխաններ, եպիսկոպոսներ, Հայաստանի վանքերու առաջնորդներ եւ 700 քահանայ…

Խաղաղ ժամանակներուն յաջորդած դժնդակ օրերուն Ճալալը 1261 թուականին ողբերգական վախճան մը կ՚ունենայ եւ անոր կինը՝ Մամքանը, իր փառաբանուած ամուսինի պատուին կը կառուցէ Գանձասարի գաւիթը, ուր ալ կ՚ամփոփեն ամուսնոյն աճիւնը։ Հասան Ճալալի մահը այսպէս նկարագրուած է պատմական թուղթերուն մէջ։

1260 թուականին Թիֆլիզը լքած վրաց թագաւոր Դաւիթին՝ Լաշայի որդին, ու Վրաստանի ժողովուրդը փրկելու համար եւ թաթարներուն դէմ ապստամբութիւն կազմակերպելու պատրուակով ոստիկան Արղունը կը ձերբակալէ թագուհի Գոնցան, Հասան Ճալալը, Զաքարէ իշխանի որդին՝ Շահնշահն եւ ուրիշներ։ Փրկագինով մը բոլորը ազատ կ՚արձակուին, բացի Մեծն Ճալալէն, որուն Արղունը կը ստիպէ ուրանալ հաւատքը, կը տանին Ղազւին (Իրան)։ Հասան Ճալալը հաւատափոխ չ՚ըլլար, որու համար 1261 թուականին Արղունի դահիճները «անդամ առ անդամ կը յօշոտեն զայն»։ Ըստ վկայութիւններուն, Հասան Ճալալի մարմնին վրայ լոյս կ՚իջնէ, եւ պարսիկ մը, տեսնելով այդ, կը հաւատայ, որ ան սուրբ է, կը հաւաքէ մարմնին մասերը եւ կը պահէ ցամաք ջրհորի մը մէջ։ Հասան Ճալալի Աթաբեկ-Իւանէ որդին նահատակուած հօր մասունքները կը բերէ հայրենիք եւ այդպէս կ՚ամփոփէ մօր՝ Մամքանի՝ արդէն կառուցած վանքի գաւիթին մէջ։ Առ այսօր, Ճալալ Մեծի տապանաքարը կը գտնուի Գանձասարի վանքի գաւիթին մէջ։ Մխիթար Գօշ եւ Կիրակոս Գանձակեցի կը վկայեն, որ Գանձասարի վանքին գաւիթը եղած է իշխանական տոհմի ներկայացուցիչներու գերեզմանատունը։ Գաւիթը խաչուող կամարներով է ծածկուած եւ իր յատակագծային յօրինուածքով նման է Հաղպատի վանքի ժամատան եւ Մշկավանքի գաւիթի ձեւերուն։

17-րդ դարուն Գանձասարի կաթողիկոսները սերտ կերպով համագործակցած են Արցախի մելիքութիւններու ազատագրական պայքարին։ 18-րդ դարուն վանքը դարձած է ազատագրական շարժումներու կեդրոն։ Դարասկիզբին Եսայի Հասան Ճալալեան Կաթողիկոսին շուրջը համախմբուած էին շարժման ղեկավար գործիչները։

Այս վանքին մէջ կաթողիկոսներուն հետ հանդիպումներ ունեցած են 16-17-րդ դարերու հայ ազատագրական շարժման նշանաւոր գործիչներ Իսրայէլ Օրին եւ Յովսէփ Էմինը: Ազատագրական շարժման կեդրոնի դերը պահպանուած է մինչեւ 1815 թուականը, երբ ցարական կառավարութեան հրահանգով Գանձասարի կաթողիկոսութիւնը վերացած է, իսկ անոր փոխարինող արքեպիսկոպոսութեան աթոռանիստը դարձած է Շուշին։

Խորհրդային նշանաւոր միջնադարագէտ-հնագէտ Անաթոլի Եաքոբսոն Գանձասարը նկարագրած է այսպէս. «Ճարտարապետական արուեստի մարգարիտ... Սա միջնադարեան ճարտարապետութեան ու քանդակագործութեան եզակի կոթող մըն է, որ իսկապէս պէտք է համարուի 13-րդ դարու հայկական մշակոյթի հանրագիտարան»:

Գանձասարի պատերուն առկայ են բազմաթիւ արձանագրութիւններ հայերէնով: Անոնք հետազօտողներու ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուած են 19-րդ դարուն: Յատկանշական է, որ Յովսէփ Օրբելին 1909 թուականին հաշուած է աւելի քան 84 արձանագրութիւն, որոնցմէ մէկուն մէջ կը ներկայացուի եկեղեցւոյ կառուցման պատմութիւնը:

Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հիւսիսային պատին Յովասափ Միայնակեցին 1240 թուականին արձանագրած է Հասան Ճալալ Մեծի Ուխտը։ Ըստ Հասան Ճալալ Մեծի 27 տողնոց կտակին՝ երբ կը սկսի Գանձասարի կառուցումը եւ քարագործ վարպետները կը հասնին արեւելեան լուսամուտին, մայրը՝ Խորիշահը, Աբգար թագաւորի կնոջ՝ Հեղինէի նման, կ՚երթայ Երուսաղէմ եւ մինչեւ իր կեանքի աւարտը կը ճգնի Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ։ Ըստ կտակին՝ ան եկեղեցիները կ՚ազատէ հարկերէն եւ միաբանութեան կամքով ու Աղուանքի Ներսէս Կաթողիկոսի հայրապետութեամբ կը նշանակէ Սուրբ Պատարագներ։

Գանձասարի մէջ շատ յիշարժան գիրքեր գրուած են՝ 15-րդ դարուն Մատթէոս Մոնողոնի տաղերու ժողովածոն, ուր ներառուած է Ալեքսանդր Մակեդոնացիի չափածոյ պատմութիւնը, իսկ 18-րդ դարուն՝ Յովհաննէս Բ. Կաթողիկոսի «Դատաստանագիրքը»։

Այստեղ նաեւ սուրբ նշխարներ ամփոփուած են, ինչպէս՝ Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը, Յովհաննէս Մկրտիչի հօր՝ Զաքարիայի արիւնը, Գրիգոր Լուսաւորիչի «Օրէնուսոյց սուրբ ծնօտը», Լուսաւորիչի թոռան՝ Գրիգորիսի, Սուրբ Պանտալիոն բժիշկի եւ այլ նահատակներու սուրբ նշխարներ։ Այդ շարքը լրացաւ վերջին տարիներուն, երբ 2010 թուականին վանքի օծման 770-րդ տարուան ընթացքին դիպուածով մը Արցախի պատմա-երկրագիտական թանգարանին մէջ յայտնուած Սուրբ Աստուածածինի սրբապատկերը մեծ շուքով տեղափոխուեցաւ Գանձասար: Նոյն տարին ի երկրպագութիւն հաւատացեալներու, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ վանք տարուեցաւ Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքը` սրունքէն հատուած մը:

Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին որոշ մասնագէտներ կը նկատեն հայկական դասական ճարտարապետութեան գլուխգործոց:

1546 թուականին Սարգիս Կաթողիկոս ընդարձակած է վանքի կալուածները, 1551 թուականին նորոգած է եկեղեցին: 1898 թուականին Անտոն Վարդապետ վանքի արեւելեան հատուածը կառուցած է դպրոցի երկյարկանի շէնքը, 1907 թուականին նորոգուած են գաւիթի տանիքն ու զանգակատունը: 1923 թուականէն սկսեալ Գանձասարի վանքը չէ գործած: Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին վերաբացուած է 1988 թուականին: 1992 թուականին Արցախ ներխուժած ատրպէյճանական զին-ւորները աւերած են վանքի արեւելեան կողմի շինութիւնները, որոնք վերանորոգուած են: 1989 թուականին, երբ վերաբացուած է Արցախի թեմը, թեմի առաջնորդանիստ հռչակուած է Գանձասարի վանքը: Առաջնորդանիստ եկեղեցին յետագային դարձած է Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին: Գանձասարի վանքը միշտ եղած է Արցախի ռազմական գործողութիւններու կեդրոնը, բայց միշտ պաշտպանուած է թէ՛ զինուորներու, թէ՛ աստուածատուր ուժի մը շնորհիւ:

ԱՌԱՍՊԵԼ՝ ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ ՄԱՍԻՆ

Դարեր առաջ էր: Հռոմէական հզօր կայսրութիւնը իրերայաջորդ ընչաքաղց ու բռնակալ թագաւորներու կամքով կը զաւթէր, կը նուաճէր երկիրներ, կը գերեվարէր մարդիկը, կը յափշտակէր ու կը թալանէր՝ հարստացնելով կայսերական գանձարանը:

Կայսեր հրամանով հռոմէացիներու զօրաբանակը կ՚արշաւէ դէպի Հայաստան: Հայոց երիտասարդ արքան՝ Արտաւազդը, զգալով վտանգը, արքունական գանձերը՝ ոսկեձոյլ արձանիկներ, գոհարակուռ սկահակներ, յախճապակեայ ափսէներ, արծաթազօծ զրահակալներ, թանկարժէք ակնեղէն ու զարդեր, նախօրօք կը թաքցնէ Քաղաց աշխարհի լեռներէն մէկուն՝ ընդարձակ քարայր-գաղտնարանին մէջ (դէպի թաքստոց տանող կածանը յայտնի էր միայն արքային ու անոր խորհրդականներուն): Աւելի ապահով ըլլալու համար արքան թաքստոց-քարայրի վրայ՝ լերան բարձունքին, կը կառուցէ քարակոփ ամրոց մը:

Մատնիչներէն իմանալով արքայի հարստութեան մասին՝ հռոմէացի զօրավարը կը շրջապատէ բերդը: Ամրոցի պատերու տակ հայոց դիւցազուններէն կազմուած սակաւաթիւ այրուձին անձնազոհ կը մարտնչի՝ մեծապէս վնասելով թշնամիին: Սակայն օգնութիւն չստանալով՝ այրուձին կը պարտուի, եւ հռոմէացիները կը գրաւեն բերդը: Թշնամին կը ներխուժէ ամրոց եւ գանձերը գտնելու մոլուցքէն վայրենացած՝ քարուքանդ կ՚ընէ բերդը, սակայն ոչինչ գտնելով՝ ձեռնունայն կը հեռանայ:

Յետոյ հոս կու գան բազմաթիւ նմոաճողներ. որոնցմէ ոչ մէկը կը յաջողի յայտնաբերել հայոց արքայի գանձերը: Ըստ առասպելին, լեռը իր ընդերքին մէջ մինչեւ օրս ալ կը պահէ Արտաւազդի գանձերը:

ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԸ

Գանձասար վանական համալիրին յարակից կը գործէ հայոց գանձերու պահպանման ու ցուցադրման կեդրոններէն մին՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի «Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնը, կամ ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ՝ Գանձասարի Մատենադարանը: Ան հանդիսաւորութեամբ բացուած է 2015 թուականին՝ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի, հոգեւոր առաջնորդներու, աշխարհի զանազան երկիրներէ եկած հայերու ներկայութեամբ: Անոնք շրջայցի ընթացքին տեղեկութիւններ ստացած են Երեւանի Մատենադարանի հանգուցեալ տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի կողմէ։ Արդէն երկու տարիէ ի վեր Մատենադարանը այցելութեան վայր է Արցախ, մանաւանդ՝ Գանձասար այցելողներուն համար, ուր անոնք ակնածանքով կը տեսնեն հայոց հնամեայ գանձերու արցախեան բաժինը:

Այս նորաբաց կեդրոնը կազմուած է գիտական եւ թանգարանային մասերէ, գիտաժողովներու, մշակութային տարաբնոյթ ձեռնարկներու համար նախատեսուած դահլիճէ, գրադարանէ ու ընթերցասրահէ: Ցուցասրահներէ ներս ներկայացուած են Արցախի մէջ վաղ միջնադարէն մինչեւ նոր շրջանը ստեղծուած հարիւրէ աւելի ձեռագրերու, Արցախի պատմութեան առընչուող հազուագիւտ վաւերագրերու բնագրեր ու ընդօրինակութիւններ, ինչպէս նաեւ հնատիպ գիրքեր, փրկագնուած ձեռագրեր: Ցուցանմոյշներու ստեղծման աշխատանքները սկսած են տարիներ առաջ եւ կ՚ունենան շարունակական բնոյթ, Մատենադարանը մշտապէս պիտի համալրուի Արցախին առընչուող պատմական ձեռագրերով, գիրքերով ու այլ նիւթերով: Այս առումով պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ աշխարհասփիւռ արցախեան ձեռագրերը մէկտեղուած են նոյն յարկին տակ եւ ատով իսկ գիտական զանազան ուսումնասիրութիւններ կատարելու մեծ եւ արդիւնաւէտ հնարաւորութիւն ստեղծուած է: Գանձասարի վանքին յարակից գործող շինութիւնը հիմնանորոգուած է «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի միջոցներով, հիմնադրամի համանախագահներ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի եւ Լեւոն Սարգիսեանի մեկենասութեամբ։ Մատենադարանի արցախեան մասնաճիւղը կառուցուած է Գանձասարի վանքին կից, հոգեւոր ճեմարանի համար նախատեսուած շէնքին հիման վրայ՝ ճարտարապետ Վալերի Հայրապետեանի նախագիծով, որուն խոր-հըրդատուութեան կարգով մասնակցած է ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան, փորձ կատարուած է որոշ նմանութիւններ պահպանել Երեւանի Մատենադարանի համալիրի ճարտարապետութեան հետ, եւ այդ մէկը յաջողած է՝ Գանձասարի Մատենադարանը կը նմանի Երեւանի Մատենադարանին:

Գանձասարի Մատենադարանը իր գործունէութիւնը կ՚իրականացնէ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի կառուցուածքին մէջ, եւ որպէսզի լիարժէք ըլլայ աշխատանքը, ներդրուած է Մատենադարանին ողջ ներուժը։

«Գանձասար» գիտամշակութային կենդոնի բացման առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան կեդրոնին նուիրաբերած է 12-13-րդ դարերու Կիւլիստանի Աւետարանը:

Մասնագէտներ հայոց միասնականութեան խորհրդանիշ նկատած են Արցախի Մատենադարանը, եւ յիշած, որ երկար ժամանակ լռած այս սրբավայրը կրկին լեցուած է հոգեւոր երգերով, գիտական աշխատանքով: Գիտնականներ, հոգեւորականներ, ուսումնասիրողներ, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի նուիրեալներ իրենց հայեացքը կրկին պիտի ուղղեն դէպի Գանձասար, որ այսօր վերածնած է նաեւ շնորհիւ իր Մատենադարանին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017