ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԷՋ

Յառաջիկային ձմեռ է: Եւրոպան կը մսի: Ռուսական կազը այլեւս պիտի չտաքցնէ այլասերուածութեան կեդրոնը: Եւրոպայի յոյսը Ատրպէյճանն է, ատրպէյճանական կազը: Իսկ ատրպէյճանական կազը Եւրոպա կրնայ հասնիլ միմիայն Հայաստանի տարածքով՝ Սիւնիքով։ Կազատարը Սիւնիքով պիտի անցնի Նախիջեւան, այնտեղէն ալ Թուրքիա, Թուրքիայէն ալ՝ Եւրոպա: Սիւնիքի մէջ պատերազմ է: Պատճառը յայտնի է: Հայոց իշխանութիւնը զաւթած ազգադաւերը պիտի յանձնեն Սիւնիքը: Պատճառը յայտնի է՝ Եւրոպան կը մսի: Հայաստանի մէջ ինչո՞ւ սկսաւ պատերազմ... առանց պատերազմի Սիւնիքի յանձնումը կը վտանգէր հայոց նեռի իշխանութիւնը: Իսկ ան ատամներով կառչած է այդ աթոռին: Կը գիտակցի, որ գահավիժումը բաւական ցաւոտ պիտի ըլլայ եւ պիտի արժէ իր կեանքին: Այստեղ կ՚ուզեմ իմ միտքը աւարտին հասցնել: Մեր բոլոր ժամանակներու հակառակորդները մեզ լաւագոյնս կը ճանչնան, քան մենք՝ մեզ: Հակառակորդը բոլոր ժամանակներուն հայոց հողի վրայ ոտք դրած է ներքին ազգադաւերու՝ ազգի թշնամիներու միջոցաւ: Ինչպէս Արցախի վերջին 44-օրեայ պատերազմի հոլովոյթին՝ արիւնով կը պահէինք, գրիչով կը յանձնէինք: Այդ իսկ պատճառով ազգի դաւաճանները՝ հանդերձ ընտանեօք պիտի ենթարկուին մահապատիժի: Այլեւս գիտեմ, քանի մը ժամ եթէ դիմատետրը չմտնեմ, որեւէ ողբերգութիւն տեղի պիտի ունենայ:

Երէկ առտու ժամը 7:30-ին Արիի հեռաձայնին ձայնով արթնցայ. գործարանի աշխատակցուհիներէն մին էր, հեռաձայնած էր բօթը յայտնելու՝ պատերազմ է: Սիւնիքի մէջ պատերազմ է, իսկ աշխատակցուհիի եղբայրը կը ծառայէ Գորիս քաղաքի զօրամասին մէջ՝ Սիւնիք: Հեռաձայնի մէջ կու լայ, կը վախնայ, կը դողայ իր զինուոր եղբօր կեանքին համար: Վերջինիս զօրացրման մնացած է քանի մը ամիս: Աստուած օգնական ու պահապան հայ զինուորին ու հայոց աշխարհին:

Այդ աշխատակցուհին որքա՜ն արցունք թափեց հայոց հողի համար, որ կը գտնուի խիստ վտանգի մէջ: Ինծի համար առաջնայինը հայրենիքն է: Հողը արիւնով, զոհաբերութեամբ, հայրենասիրութեամբ, ինքնանուիրումով կը պահուի: Առանց զոհի պատերազմ չ՚ըլլար: Թող Աստուծոյ ողորմածութեամբ մեր զոհերը հնարաւորինս քիչ ըլլան: Թող Աստուած գթայ մեր զինուորականներուն, որպէսզի ընդհանրապէս գերեվարուածներ չըլլան, քանզի նախընտրելի է զոհուիլ կամ վիրաւորուիլ, քան յայտնուիլ գերութեան մէջ: Կարեւորը երկիրս չմաշի: Իսկ Նիկոլ Փաշինեանի օրօք սա պատրանք մըն է: Օրերս պիտի մաշի թէ՛ երկիրը, թէ՛ մատղաշ կեանքեր պիտի գոցեն իրենց աչքերը կեանքին:

Արցախեան վերջին պատերազմէն վերջ, դէպի Սիւնիք կատարած իր առաջին այցի ընթացքին «Սիւնեաց ողջոյն» ստանալէ վերջ, զարհուրած Փաշինեանը տեղւոյն բարձրաձայն խորհած է. «Չեն ուզեր Մեղրիի միջանցքը իրենց կամքով, խաղաղ կեանքի դիմաց տան, ուրեմն պատերազմով կը վերցնեն»: Հայոց նեռը այնքան բարձր խորհեցաւ, որ քովէն լսելի դարձաւ: Այլեւս այդ օրը եկաւ:

Հրադադար է: Վստահաբար ժամանակաւոր: Գործը պէտք է հասցնել աւարտին: Ձմեռը կը մօտենայ, եղանակը կը ցրտէ:

Արցախը յանձնելէ վերջ մնաց: Սիւնիքը յանձնելէ վերջ ալ պիտի շարունակէ մնալ: Աւելին, շուտով պիտի յայտնէ քանի մը հազարի կեանքը փրկելու մասին ու իւրայիններու կողմէ հռչակուի «փրկիչ»: Սակայն Սիւնիքով գործը պիտի չլմննայ. հակառակորդի ախորժակը հետզհետէ կը գրգռուի: Յառաջիկային Արցախի մնացեալ տարածքներն են, հանդերձ հայոց մայրաքաղաքներով՝ Ստեփանակերտ, Երեւան: Ասիկա յոռետեսութիւն չէ, այլ իրատեսութիւն: Այլեւս Հայաստան պիտի չըլլայ, եթէ Նիկոլը մնայ, իսկ հայոց նեռը բնաւ մտայնութիւն չունի հեռանալու: Ազգայիններու քայլերն ալ մինչեւ այսօր անարդիւնաւէտ էին: Այո, քանի դեռ ազգադաւ սրիկան բազմած է հայոց գահին, ուրեմն բոլոր քայլերը, ջանքերը անարդիւնաւէտ են:

Արթնցի՛ր հայ ժողովուրդ: Դարձի՛ր դէպի Աստուած: Մարդիկ, կարդացէ՛ք Աստուածաշունչ, փորձեցէք ճանաչել ու սիրել Տէրը, ապրիլ Անոր կամքին համաձայն: Խնդրեցէ՛ք Տիրոջմէ, որպէսզի Ան ցուցունէ ձեզի՝ ձեր մեղքերը, ձեր մեղքերու խորութիւնը: Ամէնուր փնտռեցէք Տիրոջ կամքը: Աղաչեցէք, որպէսզի Յիսուս յայտնուի ձեր կեանքին մէջ եւ առաջնորդէ ձեր կեանքը: Յաճախ աղօթեցէք: Ի՞նչ կը նշանակէ աղօթք, աղօթել: Աղօթքի ժամանակ մարդ կը խօսի Աստուծոյ հետ, իսկ Սուրբ Գիրքի ընթերցանութեան հոլովոյթին՝ Աստուած կը խօսի մարդուն հետ:

Մենք Տէրը բնաւ չենք ճանչնար, փափաք ալ չունինք: Մեր աստուածճանաչութիւնը հաւասար է զերոյի: Մենք կատարեալ հոգեւոր անգրագէտներ, տգէտներ ենք: Այդ իսկ պատճառաւ սատանան դիւրութեամբ կը տիրէ մեր մտքին ու սրտին, կը մոլորեցնէ մեզ:

Մեր բոլոր մեծ ու փոքր մեղքերու պատճառաւ կը տուժէ մեր սիրասուն հայրենիքը: Եւ ասոր համար մեղաւոր, պատասխանատու են ո՛չ միայն Հայաստանի հայերը, այլեւ՝ համայն աշխարհի: Աշխարհի հայեր, պոլսահայեր, դադրեցուցէք ձեր ապագան փնտռել սուրճի բաժակներու մէջ, հանեցէք եւ դուրս շպրտեցէք ձեր տան բոլոր աչքի ուլունքները՝ «նազար պոնճուք»ները: Այս ամէնը սնահաւատութիւն է եւ խիստ կը վիրաւորէ մեր Տէր Աստուածը:

Չեմ հասկնար, դուք Աստուծոյ կը հաւատա՞ք, թէ մետաղի, ապակիի կտորի մը եւ այլն: Ապաւինեցէք Տիրոջ: Ձեր բոլոր տառապանքները, մտքերը, վիշտն ու ցաւը յանձնեցէք Տիրոջ: Աղաչեցէք, որպէսզի Տէր Յիսուս Քրիստոս դառնայ ձեր կեանքի առաջնորդը: Միայն հաւատքի դառնալով կրնանք փրկել մեր երկիրը, մեր ընտանիքները, մեր զաւակները, վերջապէս մենք մեզ՝ ինքնակործանումէն: Տակաւին ունինք հնարաւորութիւն: Հայաստանն ու Արցախը կը շնչեն տակաւին: Վաղը ուշ պիտի ըլլայ:

Աստուած օգնական ու պահապան Հայաստան ու Արցախ աշխարհներուս:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2022