ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Յայտ­նի դար­ձաւ «Եւ­րո­տե­սիլ 2016»ի հա­յաս­տա­նեան մաս­նա­կի­ցին ա­նու­նը: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան «Մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը՝ լրագ­րող» ծրագ­րի ծի­րէն ներս յայտ­նի դար­ձաւ, որ «Եւ­րո­տե­սիլ» եր­գի մրցոյ­թին Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Ի­վե­թա Մու­կու­չեան:

«Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, «Եւ­րո­տե­սիլ»ի այս տա­րուան պա­տուի­րա­կի գլխա­ւոր ցան­կու­թիւ­նը եւ­րո­պա­կան բե­մին վրայ հայ­կա­կան ջեր­մու­թիւ­նը եւ եւ­րո­պա­կան շուն­չը հա­մա­տեղ ներ­կա­յաց­նելն է: «Այն­քան ու­րախ եմ եւ շնոր­հա­կալ՝ Հան­րա­յին հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան, ո­րու կող­մէ ընտ­րուած եմ ներ­կա­յաց­նե­լու իմ հայ­րե­նի­քը այս տա­րի «Եւ­րո­տե­սիլ»ին: Իւ­րա­քան­չիւ­րիդ ա­մէն խօսքն ու կար­ծի­քը զիս կ՚ո­գե­ւո­րէ եւ ուժ կու տայ: Կը յու­սամ, որ բո­լորդ ըլ­լաք իմ կող­քին այս պա­տաս­խա­նա­տու եւ կա­րե­ւոր ճա­նա­պար­հին», նշած է Ի­վե­թա Մու­կու­չեան:

Զու­գա­հե­ռա­բար Հան­րա­յին հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թիւ­նը կը յայ­տա­րա­րէ եր­գա­հան­նե­րու մրցոյթ եւ կը սպա­սէ աշ­խար­հի բո­լոր ծայ­րե­րէ իւ­րա­յա­տուկ եւ հե­տաքրք­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու: Եր­գե­րը անհ­րա­ժեշտ է մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րի 13-ը ու­ղար­կել selection@armtv.com ե­լեկտ­րո­նա­յին հաս­ցէին:

Ի­վե­թա Մու­կու­չեան ծնած է 1986 թուա­կա­նին, Հա­յաս­տան: Ան հինգ տա­րե­կան էր, երբ ա­նոր ըն­տա­նի­քը տե­ղա­փո­խուած է Գեր­մա­նիա, սա­կայն քսան տա­րի այն­տեղ ապ­րե­լէ ետք, Ի­վե­թա Մու­կու­չեան կ՚ո­րո­շէ վե­րա­դառ­նալ իր ար­մատ­նե­րուն՝ Հա­յաս­տան: Ան յա­ճա­խած է Ե­րե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի ա­նուան պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցը: Ուս­ման տա­րի­նե­րուն ալ hասկ­ցած է, որ իր ինք­նադր­սե­ւոր­ման հիմ­նա­կան մի­ջո­ցը եւ կո­չու­մը ե­րաժշ­տու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ: 2012 թուա­կա­նին մաս­նակ­ցած է «Գեր­մա­նիոյ ձայ­նը» նա­խագ­ծին: Քրտնա­ջան աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քով այ­սօր Ի­վե­թան ար­դէն ճանչ­ցուած երգ­չու­հի մը դար­ձած է, ինչ­պէս նաեւ շարք մը եր­գե­րու հե­ղի­նակ, որ զու­գա­հե­ռա­բար գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ Հա­յաս­տա­նի եւ Գեր­մա­նիոյ մէջ: Իր իսկ բնու­թագր­մու­մով՝ «կը մտա­ծէ գեր­մա­նա­ցիի պէս, կը սի­րէ՝ հա­յը»:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2015