ԿԱՐՕՏԸ

Կարօտը այնպիսի զգացում մըն է, որ բոլորիս կողմէ տարբեր ձեւերով կ՚արտայայտուի։

Երբեմն վիշտ ու տխուր հայեացք կը յառաջացնէ կարօտը, որ մարդիկ կը զգան ոեւէ անձի կամ որեւէ բանի մը բացակայութեան պատճառով։ Այս զգացողութիւնը մեծ դեր կը ստանայ մարդոց կեանքին մէջ. այն կ՚օգնէ, որպէսզի մարդիկ քայլ առնեն ու հնարաւորը կատարեն կարօտը լրացնելու նպատակով։

Կարօտը երբեք չի վերջանար։ Կեանքի որոշ փուլերուն անվերջ բանի մը պակասութիւնը, բացակայութիւնը կը զգայ մարդ արարածը։ Մարդիկ յաճախ կը փափաքին նիւթական մեծ արժէք ունեցող իրի մը տէրը դառնալ։ Կը սահմանափակեն իրենց երազներն ու եռանդը, իրենց բոլոր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն այդ իրի ձեռքբերման վրայ։ Իսկ այն ժամանակ, երբ կը հասնին իրենց փափաքին, իրենց կարօտը լրացնելու մակարդակին, անխուսափելի է, որ յուսախաբութիւն ապրին, որովհետեւ իրենց սահմանափակած փոքր աշխարհին մէջ անտեսանելի կը դառնայ նոր հորիզոններ, նոր երազներ, յառաջ կու գան նոր նպատակներ...

Կարօտը կը զգան այն մարդիկ, որոնց սրտին մէջ գոյութիւն ունի սէրը։ Կեանքը սէր է եւ սիրել կը նշանակէ կարօտնալ։ Կարօտը անկարելի  եւ անիմաստ է ջանալ վերլուծել եւ անոր մասին խօսելու ժամանակ պէտք է վերաբերուիլ զգուշութեամբ ու նրբօրէն։ Կարօտը կրնայ յագեցնել հոգին եւ միեւնոյն ժամանակ կրնայ վիրաւորել։ Կարօտը թէ՛ տխուր եւ թէ ուրախ զգացում ներկայացնող բառ մըն է։ Կեանքը կիսատ կը մնայ առանց կարօտի։

Մարդոց ներաշխարհին մէջ գոյութիւն ունի այն զգացումը, որ կը կարօտի յաճախակիօրէն միատեղ ըլլալ սիրեցեալներուն, հարազատներուն հետ։ Հեռաւորութիւնը կամ սահմանները արգելք չեն ըլլար մէկը սիրելու եւ կարօտնալու համար, ինչպէս որ սէրը կը նշանակէ կարօտնալ։ Կեանքի գլխաւոր նպատակներէն մէկն ալ կրնայ սեպուիլ կարօտը լրացնել։ Հնարաւոր բոլոր ջանքեր կը գործադրուին զայն լրացնելու նպատակով, սակայն այս ջանքերը ապարդիւն կը մնան, երբ դուռը կը բախէ մահը։ Մահը կեանքի անբաժան, անայլայլելի ու սովորական երեւոյթներէն մին է. ան միայն ֆիզիքապէս՝ մարմնապէս կը բաժնէ մարդիկ երկրաւոր կեանքէն, սակայն մարդոց թողած հետքերը կը մնան յաւիտեան։ Սիրեցեալի մը վախճանումը՝ կեանքէն հեռացումը անշուշտ ահռելի ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ իր ետին մնացած հարազատներուն համար։ Ցաւը երբեք չի վերջանար, կը փոշիանայ գրադարանի մը մէջ թաքուն մնացած գիրքի մը պէս, մինչեւ որ փոշիազրկենք զայն։ Այդ թաքուն մնացած գիրքի յայտնաբերուելէն ետք կը վերյիշուի գիրքի պարունակութիւնը, այսինքն՝ յիշատակները։ Մահը նաեւ անխուսափելի մէկ երեսակն է կեանքին, որ անկարելի է ենթադրել, թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր պիտի պատահի։ Կեանքի այս երեսակը կը յայտնուի, երբ դըժ-բախտութիւնը ունենանք սիրեցեալի մը վախճանումին ականատես ըլլալու. կը ծանրանայ շնչառութիւնը, կը սեղմուի սիրտը, աշխարհը այլեւս տարբեր հայեացքով կը դիտէ աչերը, դէմքին վրայ կը տիրապետէ թախիծը…։

Կարօտը նաեւ կ՚օգնէ յիշել, չանտեսել կեանքի իրողութիւնները։ Մարդոց ֆիզիքապէս ներկայութիւնը անշուշտ վերջ կը գտնէ մահուամբ, սակայն իր թողած հետքերը սկիզբը կը դնեն քայլ առնելու այդ ուղղութեան վրայ եւ միշտ հետեւիլ անաչառ ու ճիշդ ճանապարհին։ Անուններ կը յաւերժանան իրենց կատարած արարքներով, գործած բարիքներով… Արդէն բազում մարդոց բուն նպատակը չէ՞ անմահանալ՝ յիշուիլ, մարդոց օգտակար ըլլալ։

Իւրաքանչիւր անհատ կը կարօտի ուղեցոյցի մը, օրինակելի անձի մը, տիպարի մը, որ կեանքի տեւողութեան ձեռնտու ըլլայ խոչընդոտները յաղթահարելու ուղղութեամբ։

Այս նորեկ գրչի տիպարն ալ եղած էր իր շատ սիրելի հայրը։ Իր փոքր տարիքէն սկսեալ, միշտ փափաքած էր իր բարեսիրտ հօրը պէս ազնիւ նկարագրի տէր անձ մը ըլլալ։ Սիրելի հայրը օրինակելի եղած էր իր շուրջիններու հանդէպ ցուցաբերած լաւ վերաբերմունքով, քաղաքակրթութեամբ, բացառիկ նկարագրով։ Ան ճարահատեալ մարդիկը կ՚ուղղէր նախաքայլը նետելու՝ սերտօրէն կապուելու նպատակով կեանքին, կը քաջալերէր երազները իրականացնելու համար, կը յաջողէր թնճուկի մը անգամ ամենաստեղծագործ լուծումը գտնել։ Թէեւ ունեցած էր կարճատեւ ուսման կեանք, սակայն ինքնըստինքեան զինուած էր ճոխ գիտելիքներով, սորվելու անվերջ եռանդը ունէր։ Երբեմն կը յուսահատուէի, խորհելով անկարելիութիւնը հասնիլ իր ծով գիտելիքներով կազմուած լերան գագաթին։ Որքա՜ն մեծ հաճոյք էր իրեն հետ ժամերով զրուցել, որու ընթացքին ունկնդրողի մը աչերը կը տնկուէր իր շրթներուն՝ չփախցնելու համար արտասանուած իւրաքանչիւր բառ։ «Կեանքի համալսարան»ի դասախօս մըն էր ան։ Աշխարհի ամենաբախտաւոր զաւակն էի։ Իր յորդորները միշտ ուղեցոյց եղած էին ինծի՝ ըլլալու համար արդար, օգտակար եւ բարեսիրտ անձ։ Ուրախ պատանեկութեան շրջան մը չունեցած ըլլալուն համար, իր ընտանիքի խաղաղութեան ու երջանկութեան համար բազում զոհողութիւններ ըրած էր։ Հակառակ իր հուժկու կեցուածքին, իր առողջական վիճակը այդքան ալ փայլուն չէր եղած։

Մղձաւանջը սկսաւ տարի մը առաջ։ Իր ճառագայթող սիրտը այլեւս պիտի չլուսաւորէր իր շուրջիններու հոգիները, պիտի չկարենար ընդգրկել իր թեւերուն տակ պահպանելու համար խոչընդոտներէ։ Իմ շատ սիրելի բարեկամս, իմ տիպարս, հայրս կեանքէն հեռացաւ ճիշդ տարի մը առաջ։ Առանձնաշնորհում էր զինքը ճանչնալ։ Կեանքը մանրամասնօրէն փոխուեցաւ ու տժգունուեցաւ, երբ բօթը հասաւ ու տապալեց երազներս։ Այդ ցաւը շրջապատած է հոգիս փշոտ վարդի մը պէս։ Այս հակիրճ տողերով արտայայտել կարելի չէ իրեն հանդէպ իմ զգած սէրն ու կարօտը։

Կարօտը յիշելն է եւ միայն սիրող մարդիկ կը կարօտնան։ Յաւերժ պիտի մնայ իր թողած յիշատակները, փոխանցած արդար տեսակէտները, ուղեցոյց խօսքերը, բարի նկարագիրը, փայլուն դիմագիծը…

Աստուած հոգին լուսաւորէ այս նորեկ գրչի վիթխարի տիպարին…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2019