«ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՀԵՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ» ՀԱՄԵՐԳԸ ԽՈՐ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾԵՑ ԵՐԱԺՇՏԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետին ձօնուած եզակի համերգ մը, որ խոր տպաւորութիւն գործեց երաժշտասէրներուն վրայ։ «Կոմիտասի հետ երկխօսութիւն» խորագրեալ այս ձեռնարկին ընթացքին թէ՛ ոգեկոչուեցաւ Կոմիտաս Վարդապետը եւ թէ ունկնդիրները հերթական հնարաւորութիւնը ունեցան հաղորդ դառնալու անոր ժառանգութեան։
2015 թուականի մթնոլորտին մէջ Պերլինի «Մարք Սինան» նուագախումբը նախատեսած է համերգներ՝ Երեւանի եւ Իսթանպուլի մէջ։ Երէկուանը նախատեսուած համերգաշարի Իսթանպուլի հանգրուանն էր, որու ընթացքին նուագախումբին միացած էին Հայաստանի երաժշտական աշխարհէն երկու յայտնի անուններ՝ տուտուկահար Արաիկ Փարթիկեան եւ սոփրանօ Յասմիկ Յարութիւնեան։ Հարկ է նշել, որ Մարք Սինանի մեծմայրը 1915 թուականին Սեւ ծովի շրջանէն ներս յաջողած է փրկուիլ եւ որպէս որբ՝ խնամուած ու հասցուած թուրք ընտանիքի մը կողմէ։ Այդ ընտանիքը չէ մարսած իր հայ հարեւաններուն աքսորը։ Մարք Սինանի տեսակէտէ ներշնչանքի աղբիւր մը հանդիսացած է իր մեծմօրը ճակատագիրը։ Ան այդ ճակատագիրը ցոլացուցած է արդի երաժշտութեան մը վրայ՝ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի յօրինումներուն հիմքով։
«Անատոլու քիւլթիւր» ընկերութեան ջանքերով կազմակերպուած երէկուան համերգի գեղարուեստական ղեկավարն էր կիթառահար Մարք Սինան։ Յայտագրին մաս կազմեցին Կոմիտասի գործերը եւ անոնց ներշնչանքով վերայօրինուած Մարք Սինանի եւ Վաչէ Շարաֆեանի ստեղծագործութիւնները։ Իրենց նուագարաններով բեմին վրայ էին՝ Օղուզ Պիւյիւքպէրպէր, Եոհաննէս Լաուէր, Սաշա Ֆըրայտըլ, Տանիէլ Այխհոլզ եւ Այումի Փոլ։
Երեկոյթի տեւողութեան ներկաներուն հրամցուեցան Կոմիտաս Վարդապետի ձայնով կատարուած պատմական ձայնագրութիւններ։ Կարգ մը երգերու պարագային զուգորդուեցան նաեւ համապատասխան նիւթով նկարահանուած ժապաւէնէ մը դրուագներ։ Հարկ է նշել, որ այս ժապաւէնի գիտական խորհրդականն էր սփիւռքահայ մտաւորական Իշխան Չիֆթճեան։
Այս ձեռնարկը խրախուսողներու շարքին կը գտնուէին Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Պերլինի «Մաքսիմ Կորքի» թատրոնը եւ Շիշլիի քաղաքապետութիւնը։ Քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարընն ալ արդէն ներկայ էր համերգին։