«ԶԱՊԷԼ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

«Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի Ի­գա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ա­կում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ թա­տե­րա­կան խան­դա­վառ ձեռ­նարկ մը։ Այս­պէս, հա­մալ­սա­րա­նի «Կա­րան­թի» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի բե­մին վրայ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ «Զա­պէլ» ա­նուն խա­ղը, որ կը ցո­լաց­նէր հայ գրա­կա­նու­թեան ե­րախ­տա­շատ ա­նուն­նե­րէն Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Խա­ղի դե­րա­կա­տար­ներն էին՝ Պիւշ­րա Քար­փուզ, Տույ­կու Տա­լեա­նօղ­լու, Է­լիֆ Քա­րա­ման, Մա­րալ Չան­քա­յա, Մի­րայ Պալ եւ Նի­հալ Ալ­պայ­րաք։ Բե­մա­գիրն էր Տույ­կու Տա­լեա­նօղ­լու, իսկ բե­մադ­րու­թիւ­նը կա­տա­րուած էր խմբա­յին աշ­խա­տան­քով։ Ներ­կա­յաց­ման ըն­թաց­քին միեւ­նոյն ժա­մա­նակ գոր­ծադ­րուե­ցաւ կեն­դա­նի ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր մը։ Այս շրջագ­ծով նուագ­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին Պե­րիլ Սա­րըալ­թուն, Կիւլ­շահ Կիւ­լէ­պա­քան եւ Իլք­սէն Կիւր­սոյ։

Այս խա­ղը կը պատ­մէ Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի կեան­քի ման­կու­թեան ու ե­րի­տա­սար­դու­թեան շրջան­նե­րը՝ մին­չեւ 1915 թուա­կա­նի իր հրա­ժեշ­տը Իս­թան­պու­լէն։ Նոյ­նա­ժա­մա­նակ բե­մին վրայ տո­ղան­ցե­ցին այն կեր­պար­նե­րը, ո­րոնք այդ նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ու­ղե­ցոյց ե­ղած էին Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի, ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծած՝ ա­նոր վրայ։

Ձեռ­նար­կը ար­ժա­նա­ցաւ թա­տե­րա­սէր­նե­րու մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան։ Ար­դա­րեւ, ներ­կա­յա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ամ­բող­ջու­թեամբ լե­ցուն սրա­հի մը մէջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015