«ԲԱՐԵՒ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՅԵՐԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի սանուց միութեան հովանաւորութեան տակ ստեղծուած «Բարեւ» թատերախումբը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ Կեդրոնական սանուց միութեան բեմին վրայ։ Բեմադրիչ Սօսի Ճնտոյեանի մականին ներքեւ խումբը ներկայացուց երկու խաղ։ Երկու արարներէ բաղկացեալ երեկոյթի իւրաքանչիւր արարը յատկացուած էր առանձին խաղերու։ Առաջին խաղը կը կոչուէր՝ «Չորս սալորներ», իսկ երկրորդը՝ «Համով հոտով վերջակէտ»։ Դերակատարներն էին Լառա Մեսրոպեան, Սեւատա Տեմիրճի, Ժենիա Տուրսուն, Թալին Պէրպէրեան, Լեւոն Չաղլա, Լեռնա Սորկոս եւ Տանթէ Մեւլատ։ Թատերասէրները ողջունեցին այս հայերէն ներկայացումները։
Երեկոյթը պատուեցին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Ներկաներու շարքին էին Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի պատասխանատուները, արուեստագէտներ եւ թատերասէրներ։
Ներկայացման աւարտին Թալին Պէրպէրեան հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։ Իր կարգին, Սօսի Ճնտոյեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Կեդրոնական սանուց միութեան եւ թատերասէրներուն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Զէքիեան Գերապայծառ հանդէս եկան գնահատանքի խօսքերով, որոնց յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։
Ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին թատերախումբի անդամները՝ արտայայտելով իրենց համակրանքը։