ՁՄԵՐՈՒՄ

Փակ է ամէն ինչ, փակ է ամէն տեղ։

Պարփակ ենք բոլորս, համայնաբար, սգաբեր մշուշի մէջ։ Պատուհաններու ու դռներու ետին քաշուած, ամէն մէկս իր պատեանին մէջ, ձմերումի մէջ ենք։ Համապարփակ լռութիւն ու խաղաղութիւն կը տիրէ։

Սպիտակն է եկեր, ծածկեր քաղաքն այս վիրաւոր։

Քաղաքն այս, Երեւանը, որ պէտք է յառնէ։

Տեսանելի չէ պատուհաններէն անդին. կամ մութն է, որպէս արեւազրկման բնական արդիւնք, կամ շոգին, որ պատած է ապակիներն ու, չափով մը, ձեւով մը, ներքին ջերմութեան, կեանքի, վերապրման նշան եւ յոյս կու տայ։

Տանիքներէն ու պատերէն դուրս եկող ծխանները սպիտակ շոգի կ՚արտահանեն։ Հոգոցներու նազպար մըն է, որ դէպի երկինք, դէպի շատ վեր, շատ վառ տեղ մը կը բարձրանայ քաղաքէն. ամպերու եւ թախիծի պատը ճեղքել, վեր՝ արեւուն հասնիլ կը փորձէ։

Այստեղ-այնտեղ դուռ մը կը բացուի երբեմն սակայն։ Կին մը պատշգամ դուրս կու գայ, սաւաններն արագ կը թափահարէ, դողդղալով կ՚անցնի ներս։ Մարդ մը, վերարկուով պարուրուած, կ՚ելլէ դուրս. գլանիկ մը կը վառէ, կը պահէ շրթաց միջեւ, եւ ձեռքերն իրար տուած՝ արմուկները վանդակապատ պատշգամի բազրիքներուն կը յենէ։ Կը ծխէ անշարժ, մինչեւ վերջ, առանց անգամ մ՚իսկ մատները ծխախոտին տանելու։ Կը սրսփայ յանկարծ. գլանիկը բերնէն կ՚իյնայ վար, կը կորչի ձեան մէջ. շտապ կ՚անցնի ներս, դուռը ետեւէն չռխկացնելով։

Բուխերիկները կը մխան։

Բակին մէջ, մեծ ծառին տակ, երկու շուներ կը խաղան։ Կը թաւալին, կը ցատկոտեն, իրար ականջ կը քաշեն։ Յետոյ շրջան կազմած կը սկսին վազել ծառին շուրջ. ճիշդ եօթ անգամ կը դառնան։

Ձախին՝ պատուհանի մը շոգին կը մաքրուի։ փոքր թաթիկ մըն է. վեր-վար ընելով ապակիին վրայ կլոր պատուհանիկ մը կը բանայ։ Գլխիկ մը, կարմրայտեայ, կու գայ զետեղիլ այնտեղ։ Կը դիտէ խաղը շուներուն. կը հրճուի. կ՚անհետի։ Շուտով ետ կու գայ, կողքին կը բանայ մէկ այլ կլոր մը, ուրկէ աղջնակ մը կ՚երեւի. քոյրիկն է, երեւի։ Միասին խաղը կը դիտեն. աչքերով ծառին շուրջ կը դառնան, ճիշդ եօթ անգամ։

Եւ իրենց աչքերուն մէջ ու վազքին տակ շուներուն, քաղաքի սառոյցը քիչ մը կը հալի։ Երկչոտ շող մը կ՚իյնայ բակ. մեղմիկ դեղին մը կու տայ յատակին, սպիտակին։

Սպիտակին, որ եկեր, ծածկեր է քաղաքն այս վիրաւոր, որ ամոքէ...

Քաղաքը մեր, որ ձմերման մէջ է, բայց դեռ յառնէ պիտի։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2021