Շեր­տա­ւոր Ե­րիզ­նե­րու Խոր­հուրդ­նե­րը

Անց­նող դա­րու երկ­րորդ կի­սուն, երբ կեր­պա­րուես­տա­գէտ­նե­րը (թէ նիւ­թե­ղէն, թէ՛ ո­ճա­յին) նոր մի­ջոց­ներ կպո­րո­նէին, ա­նոնց­մէ ո­մանք (Տէյ­վիտ Ան­նես­լեւ, Մաքս Պիլ, Ար­ման Պուզ­պու­զեան…) նկա­րե­ցին ժա­պա­ւէն­նե­րու ձե­ւու­թա­յին բազ­մա­տե­սակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ օգ­տա­գոր­ծե­ցին զա­նոնք ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հնարք­նե­րու մէջ՝ հա­մա­ձայն ի­րենց ներ­քին թե­լադ­րան­քին:

Թէեւ Վազ­գէն Փաս­կալ Մա­թեա­նը եւս կը պատ­կե­րէ ժա­պա­ւէն­ներ, սա­կայն ա­նոր ա­րուես­տը կը տար­բե­րի յի­շեալ­նե­րէն՝ թէ՛ ար­տա­յայտ­չա­ձե­ւի եւ թէ՛ բո­վան­դա­կու­թեան ա­ռում­նե­րով: Ան լու­սաս­տուե­րի յա­ջող կի­րար­կու­թեամբ եւ գոյ­նե­րու ժլա­տու­թեամբ կ՚երփ­նագ­րէ շեր­տա­ւոր ե­րիզ­ներ, կամ՝ կու­տա­կուած բա­րակ շեր­տեր, ո­րոնք անդ­րաշ­խար­հա­յին բնոյ­թի մի­ջա­վայ­րի մէջ տա­րօ­րի­նակ հա­մադ­րում­ներ կը կազ­մեն ու անշ­քա­ցած մշա­կոյ­թի մը պատ­րան­քը կը ստեղ­ծեն: Հոս է, որ Մա­թեան ի յայտ կու գայ իբ­րեւ ինք­նա­տիպ ու զօ­րա­ւոր ե­րե­ւա­կա­յու­թեան տէր ան­հա­տա­կու­թիւն:

Ար­տա­կեդ­րոն ու ար­տա­սո­վոր խառ­նուած­քի տէր այս ա­րուես­տա­գէ­տը կա­ռու­ցած է խորհր­դա­ւոր եւ ու­րոյն աշ­խարհ մը, ո­րուն ան­մար­դաբ­նակ ա­մայք­նե­րուն մէջ «կ՚ա­պաս­տա­նի» կար­ծէք՝ խու­սա­փե­լով ժա­մա­նա­կի խժդժու­թիւն­նե­րէ ու ա­ռօ­րեայ տաղ­տուկ­նե­րէ: Ժա­պա­ւէն­նե­րու եւ ե­րիզ­նե­րու շեր­տա­ւոր կու­տա­կում­նե­րով երփ­նագ­րուած ա­նոր յղացք­նե­րը մէկ կող­մէ կը տար­բե­րին ի­րար­մէ, միւս կող­մէ՝ կը դրսե­ւո­րուին նոյն նե­րաշ­խար­հի տար­բեր ե­րես­նե­րը: Ա­նոնք կո­րի­զի եւ կամ են­թա­շեր­տե­րու մեծ խոր­հուրդ­ներ ան­թե­ղուած կը թուին ըլ­լալ: «Խոր­հուրդ­ներ», ո­րոնք իրն են ու մար­դե­ղու­թեա­նը՝ միա­ժա­մա­նակ: Ա­րուես­տա­գէ­տը կը խախ­տէ ժա­մա­նա­կի եւ տա­րա­ծու­թեան սահ­ման­նե­րը, կը մտնէ գե­րի­րա­պաշ­տա­կան ու ան­հե­թե­թի ո­լորտ­նե­րու մէջ, ուր մարդ ա­րա­րա­ծի ի­րա­ւու­թեան տագ­նապ­ներն ու տագ­նա­պա­լից ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րը կը բա­խին կեան­քի ի­րա­կա­նու­թեան, որ լի է անտը-րա­մա­բա­նա­կան ե­ռե­ւե­փում­նե­րով: Այս բո­լո­րով հան­դերձ, սա­կայն,  Մա­թեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ ար­տաք­նա­պէս պա­տե­րազ­մի եւ կամ բնա­կան ա­ղէտ­նե­րու հետ­քեր չկան: Կան ամ­պա­մած շեր­տա­ւոր տա­րածք­ներ՝ «մաք­րը-ւած» պայ­ծառ ու խա­բու­սիկ գու­նա­ւո­րում­նե­րէն ու ա­ռօ­րեայ ման­րուք­նե­րէն, դրսե­ւո­րե­լու հա­մար տար­բեր ու անդ­րաշ­խար­հա­յին մի­ջա­վայր մը (գու­ցէ՝ տար­բեր մո­լո­րա­կի մը վրայ), ուր «կա­ռու­ցուած» են շեր­տա­ւոր մտայ­ղա­ցում­ներ, ո­րոնք եր­բեմն բոյ­սե­րու եւ եր­բեմն ալ ո­լոր­նե­րու տպա­ւո­րու­թիւն կը ձգեն: Ա­նոնց­մէ շա­տեր պա­րոյ­րա­ձեւ են: «Պա­րոյր»ը խորհր­դան­շան­նե­րու աշ­խար­հին մէջ ի­մաս­տա­ւո­րուած է սկսեալ հին աշ­խար­հի շարք մը մշա­կոյթ­նե­րէն, ինչ­պէս՝ ե­գիպ­տա­կան, չի­նա­կան, հնդկա­կան, եւ­րո­պա­կան, հայ­կա­կան, սկան­տի­նա­ւեան եւ այլն: Ձե­ւու­թա­յին ա­ռու­մով, պա­րոյ­րը գո­յու­թիւն ու­նի բնու­թեան մէջ (ինչ­պէս՝ խե­ցի­ներ, շարք մը բոյ­սեր եւ ծա­ռեր եւ այլն) տար­բեր դրսե­ւո­րում­ներ, թէեւ հնդեւ­րո­պա­կան նա­խա­լե­զուով (սանսգ­րիտ) կը նշա­նա­կէ «ծած­կել», սա­կայն ան ժա­մա­նա­կի եւ մի­ջա­վայ­րի հա­մե­մատ կը խորհր­դան­շէ տար­բեր բա­ներ, ինչ­պէս՝ կեանք, ան­մա­հու­թիւն, վե­րած­նունդ, ուժ, կեն­սու­նա­կու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ՝ ա­րեւ, պտղա­բե­րու­թիւն, վի­շապ եւ այլն: Սկսեալ նա­խա­դա­րէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը՝ պա­րոյ­կա­ձեւ նշան­ներ օգ­տա­գոր­ծուած են բազ­միցս եւ դրսե­ւորուած՝ ա­րուես­տի մէջ:

Հոս՝ Մա­թեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին, թէեւ ի յայտ կու գան են­թա­գի­տակ­ցա­բար, սա­կայն ա­ռա­ւել եւս կ՚ի­մաս­տա­ւո­րեն ու կ՚ար­ժե­ւո­րեն ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը:

Մեր օ­րե­րուն, երբ մարդ­կա­յին ար­ժե­չա­փե­րը կորսն­ցու­ցած են ի­րենց ղե­կը, երբ բռնու­թեան ձե­ւերն ու վայ­րա­գու­թեան կեր­պե­րը կը շա­րու­նա­կեն ա­հագ­նա­նալ ու տա­րա­ծուիլ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ, երբ բնա­կան ա­ղէտ­նե­րը ո­րե­ւէ ա­տեն, ո­րե­ւէ տեղ կրնան հա­րուա­ծել մար­դու կեանքն ու խան­գա­րել ա­նոր հան­գիս­տը, ի­րաւ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը բնազ­դա­բար ու են­թա­գի­տակ­ցա­բար կը հա­կազ­դեն այս բո­լո­րին, ու ա­րուես­տի մէջ ա­ւե­լի թափ կ՚առ­նէ ու կը տա­րա­ծուի ան­հե­թե­թի զգա­ցո­ղու­թիւ­նը, ինչ­պէս՝ Մա­թեա­նի պա­րա­գա­յին:

Ի վե­րուստ ա­րուես­տա­գէ­տի խառ­նը-ւած­քով օժ­տուած այս գե­ղան­կա­րի­չը ծնած է Պէյ­րութ, 1969-ին: Ա­ւար­տե­լէ ետք Լե­ւոն եւ Սո­ֆիա Յա­կո­բեան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նը եր­կու տա­րի կը յա­ճա­խէ «Թո­րոս Ռոս­լին»ի ա­նուան Հա­մազ­գա­յի­նի կեր­պա­րուես­տի ա­կա­դե­միան՝ ա­շա­կեր­տե­լով գե­ղան­կա­րիչ Յա­րու­թիւն Թո­րո­սեա­նին: 1992-ին կը մեկ­նի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, ուր Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ մնա­յուն բնա­կու­թիւն կը հաս­տա­տէ: Ցարդ մաս­նակ­ցած է շուրջ ե­րե­սուն խմբա­յին եւ շարք մը ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու՝ Լի­բա­նա­նի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ:

Բնա­կա­նու­թե­նէ եւ բա­նա­կա­նու­թե­նէ «շե­ղած» Մա­թեա­նի իւ­րօ­րի­նակ եւ ա­ռեղ­ծուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը սկիզբ մըն են միայն՝ լայն տե­սա­դաշ­տի կա­րօտ յղացք­նե­րու, ո­րոնք զար­գա­նա­լու եւ բիւ­րե­ղա­նա­լու կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կը պա­րու­նա­կեն ի­րենց մէջ։

ՄՈՎ­ՍԷՍ ԾԻ­ՐԱ­ՆԻ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2017