ՀՈԳԵԲԱՆ ՇԷՅՏԱ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՇՐՋԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԿԸ ԴԱՍՈՒԻ ԻՐ ՈԼՈՐՏԻ ՅԱՌԱՋԱՏԱՐ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ ամերիկահայ համայնքի նոր սերունդի ներկայացուցիչներէն Տքթ. Շէյտա Մելքոնեան վերջին շրջանին կ՚արձանագրէ յարատեւ վերելք ու որպէս հոգեբան՝ մանաւանդ Լոս Անճելըսի շրջանէն ներս կը դասուի իր ոլորտի յառաջատար մասնագէտներու շարքին։ Շէյտա Մելքոնեան ուսում ստացած է հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ եւ ներկայիս կը ծաւալէ բազմակողմանի գործունէութիւն։ Ան մէկ կողմէ կ՚աշխատի սեփական դարմանատան մէջ, իսկ միւս կողմէ նուիրուած է հանրային ծառայութեան՝ ընդգրկուած ըլլալով զանազան պաշտօնական մարմիններու համապատասխան ծառայութիւններու բաժանմունքներուն մէջ։ 2014 թուականին հրատարակուած է իր առաջին գիրքը՝ որուն զուգահեռ ամերիկեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ արձագանգ կը հանդիսանան իր մօտեցումներուն եւ կարծիքին։ Որպէս հոգեբան Շէյտա Մելքոնեան կը զբաղի ամենաբարդ խնդիրներով։ Ըմբռնելու դժուարութիւն ունեցող երեխաներու դարմանումէն սկսեալ՝ մինչեւ ընտանիքներէ ներս բռնութիւնները, հաղորդակցութեան դժուարութիւն ունեցող անհատները, ան կը ծանրանայ դժուար երեւոյթներու վրայ։
Վերջերս Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ Շէյտա Մելքոնեան հանդէս եկաւ շահեկան ելոյթով մը։ Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ իր ելոյթը, որ կազմակերպուած էր ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի Կրթական կոմիտէին կողմէ։ Առաւել չափով իգական սեռէ մասնակիցներու ուղղեալ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ տեղի ունեցաւ «Նիւ Եորք Լայֆ» շէնքին մէջ։
Նախաձեռնարկ Կրթական յանձնախումբի ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան եւ փոխ-ատենապետուհի Անի Պոստանեան ելոյթներով հանդէս եկան հաւաքոյթի սկիզբին։ Երկու նիստերու ձեւաչափով կեանքի կոչուեցաւ այս հաւաքոյթը։ Օրուան առաջին կէսին տեղի ունեցաւ երեք ատենախօսներով ասուլիս մը։ Ատենախօսներն էին՝ շրջանի փոխ-դատախազ Արմենուհի Էմի Աշուանեան, տեղական խորհրդարանական Լոլա Աբրահամեան եւ ընտանեկան մասնագէտ-թերափիստ Լարա Մխիթարեան։ Նիստը վարեց Շերըն Շիրինեան։
Օրուան երկրորդ կէսին Տքթ. Շէյտա Մելքոնեան նիստի միակ ատենախօսն էր։ Ան «Լռութիւնը յաղթահարել» խորագրեալ այս հաւաքոյթի մասնակիցներուն առջեւ սպառիչ խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ՝ օրուան նիւթի զանազան երեսակներուն շուրջ։ Ունկնդիրները մագնիսացած ուշադրութեամբ հետեւեցան Շէյտա Մելքոնեանի խօսքերուն եւ աւելի վերջ անոր ուղղեցին բազում հարցումներ։
Հարկ է նշել, որ Շէյտա Մելքոնեան նախկին պոլսահայ մըն է։ Ան ծոռն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիրներէն Սարգիս Գօչունեանի։