«ԴՐԱԽՏԻ ԴԱՐՊԱՍԸ»
Արցախեան պատերազմի նիւթը հանգիստ չի ձգեր հայրենի նշանաւոր բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանը: Իբրեւ բեմադրիչ, իր նկարահանած գրեթէ բոլոր շարժանկարներուն մէջ Արցախն է՝ իր նորօրեայ պատմութեամբ եւ այդ պատմութեան զուգահեռ կերտուած մարդկային ճակատագիրներով: Ծնած ըլլալով Արցախի մէջ եւ առընչուելով պատերազմին, Ճիւան Աւետիսեան իր նկարահանած շարժանկարներուն միջոցաւ աշխարհին կը պատմէ Արցախեան շարժման եւ անոր յաջորդող պատերազմին մասին՝ փորձելով արուեստի ճանապարհով ուշադրութիւն հրաւիրել հարցին վրայ: Այս նիւթին շուրջ իր առաջին շարժանկարը եղած է «Ընդհատուած մանկութիւն» ժապաւէնը, որով ալ մուտք գործած է շարժանկարային արուեստի ասպարէզ: Անոր յաջորդած է «Թեւանիկ»ը, որ կը պատմէ արցախեան ազատամարտի ընթացքին երեք պատանիներու փորձառութիւնը: Օտար բեմերու վրայ բազմիցս ցուցադրուած «Թեւանիկ»ը աննախադէպ ընդունելութիւն ունեցած է եւ Ճիւան Աւետիսեան ոգեւորութիւն ապրելով «Թեւանիկ»ի միջազգային ցուցադրութեան դրական արձագանգներէն եւ ստացած մրցանակներէն՝ ձեռնամուխ եղած է «Վերջին բնակիչ»ը շարժանկարին, որ մինչ այսօր կը ցուցադրուի զանազան երկիրներու մէջ:
Ահաւասիկ բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեան կը պատրաստէ իր հերթական շարժանկարը՝ «Դրախտի դարպասը», որուն նախագիծը բեմադրիչը անցեալ տարի ներկայացուցած էր Քաննի 70-րդ շարժանկարային շուկային մէջ, ուր հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ նշանաւոր արուեստագէտներուն հետ քննարկած էր գործակցութեան առընչուող կարգ մը հարցեր։ 17 Մարտին, միջազգային դրամահաւաքներու առցանց հարթակներէն մէկուն՝ Indiegogo կայքէջին միջոցաւ կը մեկնարկուի այս շարժանկարին աջակցելու միջազգային հանգանակութիւն: Բեմադրիչը յոյս ունի, որ հովանաւորման ուրիշ աղբիւրներու միջոցաւ շարժանկարը նկարանահող խումբը, նկարահանումներու սկսելու համար, կը յաջողի հաւաքել անհրաժեշտ գումարը: Նախագիծին ընթացք տրուած է եւ մօտ օրերուն Հայաստան կը ժամանէ գլխաւոր դերակատարուհին:
Իր այս նկարահանուող շարժանկարին մասին Ճիւան Աւետիսեան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
*
-Ի՞նչ նախապատրաստական աշխատանքներ ձեռնարկուած են նոր շարժանկարի նկարահանման առթիւ:
-Շարժանկարի մը նկարահանումներուն սկսելէն առաջ ճշգրիտ աշխատանքներ եւ վերլուծութիւններ պէտք է կատարել, որպէսզի անոնց սկսելու ժամանակ որեւէ խոչընդոտ չծառանայ: Մեր խումբը նոյնպէս տարի մըն է, որ այդ նախապատրաստական աշխատանքները կ՚իրականացնէ, որպէսզի կարելի ըլլայ յառաջիկայ Օգոստոսին սկսիլ նկարահանումներուն: Արդէն էջ մը պատրաստած ենք առցանց դրամահաւաքներու հարթակին վրայ, ուր նաեւ տեղադրած ենք մեր նախորդ շարժանկարներու յաջող ընթացքը: Այս պահուս երիտասարդներու խումբ մը կը գործակցի մեզի հետ, որոնց մէջ նաեւ ուսանող կամաւորներ կան, անոնք առայժմ կազմակերպչական հարցերով կը զբաղին, բայց յետագային կ՚ընդգրկուին նաեւ նկարահանումներու գործին մէջ:
-Ի՞նչ ակնկալիք ունիք առցանց դրամահաւաքէն, անիկա, այս պահուս, միակ դրամական հոսքի աղբի՞ւրն է:
-Ո՛չ, միայն այդ չէ, այլ աղբիւրներ եւս կան: Մենք հինգ ուղղութիւններով կ՚աշխատինք, որպէսզի այդ գումարը գոյացնենք եւ այդ հինգէն մէկն է առցանց բազմութեան մը միջոցաւ դրամ հայթայթելը, որ միջազգային փորձ մըն է, այլընտրանքային հովանաւորման աղբիւր մըն է եւ յաջողութեամբ կը կիրարկուի որեւէ նախագիծ իրականացնելու համար:
Մենք իրական կը տեսնենք նաեւ այդ մասնակցութիւնը մեր շարժանկարի ստեղծման համար: Ակնկալութիւն ունինք առցանց դրամահաւաքի միջոցաւ գոյացնել 53 հազար տոլար, թիւը այդքան նշած ենք եւ կը սպասենք, որ այդ շեմը կը յաղթահարենք: Վստահ եմ, որ աւելի պիտի հաւաքուի: Կը կարծեմ՝ մեր նախագիծին աջակցման կը մասնակցին մարդիկ, որոնք կ՚ուզեն, որ հայկական շարժանկարային արուեստը տարածուի աշխարհով մէկ, որովհետեւ ինչ որ մենք այսօր կը պատրաստենք, ի վերջոյ, հայկական արուեստի օրինակ մըն է, եւ կրնայ աշխարհով մէկ ցուցադրուիլ եւ պատմել հայկական շարժապատկերային արուեստին մասին ու այդ ճշմարիտ արուեստը, այս պարագային, կառուցուած ըլլայ արցախեան նիւթի հիման վրայ:
Ես կը խորհիմ, որ այս արշաւին կը մասնակցին շարժարուեստին հանդէպ մեծ սէր ունեցող մարդիկ, անկախ ազգութենէն, մենք կը փորձենք լայն տարածում ապահովել: Վստահ եմ, որ կը մասնակցին նաեւ մարդիկ, որոնք նախանձախնդիր են, որ հայկական շարժապատկերային արուեստը կայանայ եւ Արցախի հարցին մասին ժապաւէն մը եւս նկարահանուի:
Ինչ կը վերաբերի նիւթական միւս աղբիւրներուն, որոնք անհրաժեշտ են ժապաւէնը ստեղծելու համար, ապա Հայաստանի կառավարութեան կողմէ աջակցութեան մը անպայման կը սպասենք: Յայտ մը ներկայացուցած ենք եւ կը սպասենք Ազգային Շարժանկարային արուեստի կեդրոնի պատասխանին, մեծ յոյս ունինք, որ կ՚ըլլայ այդ աջակցութիւնը, դրական պատասխանը չ՚ուշանար: Ի վերջոյ, դուրսի կազմակերպութիւններէն որու հետ ալ որ փորձես գործարք մը կատարել, ամէնքը կը հարցնեն՝ քու պետութիւնդ եւ քու հայկական կազմակերպութիւններդ, հիմնադրամներդ որքանո՞վ հետաքրքրուած են: Այդ մէկը շատ կարեւոր հանգամանք մըն է՝ աշխարհը պէտք է տեսնէ, որ քու ծրագիրդ նախեւառաջ քու պետութիւնդ հետաքրքրած է, եւ այդ ժամանակ է, որ կը մտածէ աջակցելու մասին: Մենք անշուշտ լայն բացած ենք մեր կարկինը՝ միջազգային ճանաչում ունեցող դերասաններ հրաւիրելով, օտար գործընկերներ ներգրաւելով, բայց առաջին կարգին պէտք է փորձենք հայկական դրամը գոյացնել: Հայկական դրամը ամենամեծ բաժինն է, եւ առանց պետութեան աջակցութեան դժուար կ՚ըլլայ ինծի համար յառաջ երթալ:
-Ինչո՞ւ արցախեան նիւթը տակաւին ձեր ստեղծագործական պրպտումներուն առանցքն է:
-Համոզուած եմ, որ մեզի անհրաժեշտ է ունենալ Արցախի մասին պատմող զօրաւոր շարժանկարներ եւ ոչ միայն մի քանի հատ, այլ՝ բազմաթիւ: Դատելով իմ նախորդ երկու շարժանկարներուն՝ «Թեւանիկ»ի եւ «Վերջին բնակիչ»ի յաջողութենէն, արձագանգներէն, մրցանակներէն, նախաձեռնեցի նաեւ այս մէկուն, հակառակ անոր որ Արցախի մասին է, բայց ունի իր առանձնայատկութիւնները եւ առաւելութիւնները՝ նախորդ իմ գործերէս:
Նախ այս մէկը պիտի ըլլայ առաջին շարժապատկերը Արցախի մասին, որ անգլերէնով պիտի ցուցադրուի: Բեմագրութիւնը այնպէս կառուցուած է, որ բոլոր դէպքերը Արցախի մէջ տեղի կ՚ունենան, բայց՝ անգլերէնով: Այս հանգամանքը մօտաւորապէս ութսուն տոկոսով կ՚ընդլայնէ շարժանկարին շուկան: Այլ բան է լուսագիրերով անգլերէն լեզուն, այլ բան է՝ հնչող անգլերէնը: Քանի որ լուսագիր կարդացող հանդիսատեսը քսան տոկոս կը կազմէ, եւ ութսուն տոկոսով այդ հանդիսատեսին թիւը աւելցնելը մեծ յաջողութիւն պիտի ըլլայ:
Մենք նկարահանումներ կը նախատեսենք նաեւ Եւրոպայի մէջ, պատմութիւնը այնպիսին է, որ հերոսը՝ լրագրողը կը վերադառնայ Եւրոպա եւ դէպքերը հոն կը շարունակուին, ուստի մենք Արցախէն ետք հոն պիտի մեկնինք:
-Չե՞ն մեղադրեր շարժանկարին լեզուն արհեստական ըլլալու մէջ, ի վերջոյ, Արցախի լեզուն անգլերէնը չէ:
-Արհեստական բան չկայ այստեղ: Պատմութիւնը այնպէս գրուած է, որ Արցախ կը ժամանէ օտարազգի նկարահանող լրագրող մը եւ ի՞նչ լեզուով պիտի խօսուի անոր հետ. բնականաբար՝ անգլերէն, պատմութեան մէջ ո՛վ, ինչպէ՛ս կրնայ, այդպէս ալ կը խօսի, եւ հայկական կողմէն նաեւ արհեստավարժ անգլերէն խօսողներ ալ կան եւ այդ մէկը իրողութիւն է, որ պիտի երեւի շարժանկարին մէջ:
Ոչ միայն կը ներկայացնենք պատերազմը, այլ նաեւ՝ մշակոյթը, քառօրեայ պատերազմին զուգահեռ օփերա բեմադրուիլը, որ նոյնպէս պայքարի եւ գոյատեւումի միջոց մըն է եւ ցոյց կը տրուի, որ այս երկրին մէջ բոլորը չեն ձգած իրենց գործերը եւ դիրքեր չեն գացած, այլ կայացած երկիր է, ուր ամէն մարդ իր գործին է, օփերային երգիչը իր օփերան կ՚երգէ, զինուորը իր սահմանը կը պահէ:
-Ո՞վ է բեմագրութեան հեղինակը:
-Բեմագրութիւնը գրած են Արտաւազդ Եղիազարեանն ու Մկրտիչ Մալխասեանը, բայց ես հետերնին զուգահեռ աշխատած եմ: Այսօր բեմադրիչ մը շարժապատկերին առընչուող ամէն ինչով կը զբաղի, ես արտադրութեամբ ալ կը զբաղիմ, այլ հարցերու ալ կը միջամտեմ, ինչպէս օրինակ՝ այս դրամահաւաքման գործին: «Դրախտի դարպասը» նախագիծին վրայ արդէն քսաներկու ամիս է որ կ՚աշխատինք: Բեմագրութեան զարգացում կատարած ենք, ֆինլանտացի համարտադրող գտած ենք Պերլինի շարժապատկերային շուկային մէջ, Պերլինէն ետք գացած ենք Քանն, ուր ֆրանսացի համարտադրող մը գտած ենք, Քաննէն ետք բեմագրութեան երկրորդ զարգացումին ընթացք տուած ենք, Վենետիկի փառատօնէն ետք աշխատած ենք բեմագրութեան երրորդ զարգացումին վրայ՝ շարժապատկերի մէջ երկխօսութիւնները կառուցել եւ այլն: Շուտով գլխաւոր դերակատարները կարգով կը ժամանեն Հայաստան՝ հագուստի ընտրութեան եւ խաղարկային կերպարի ձեւաւորման համար:
-Որո՞նք են դերակատարները:
-Բոլորին անունները չեմ ուզեր թուարկել, բայց արտասահմանի մէջ ապրողներէն կայ երկու հոգի, որոնց մասին կրնանք բացայայտ ըսել: Մէկը Թաթիանա Սփիվաքովան է, որ յայտնի դերասանուհի է Փարիզի մէջ: Ան այս ամսուան վերջաւորութեան երեք օրով կը ժամանէ Հայաստան: Միւսը՝ Նաիրա Զաքարեանն է, Նիւ Եորքէն հայ աղջիկ մը, որ երբեք չէ եղած Հայաստանի մէջ, բայց դուրսը ծանօթ դերասանուհի է, բեմական կերպար, ան ալ Ապրիլին կու գայ եւ հագուստի ընտրութեան, դիմայարդարման փորձ մը կը կատարէ Հայաստանի մէջ:
-Ձեր նախորդ շարժապատկերները հայ համայնքներուն մէջ ցուցադրուած են, իսկ նոր ժապաւէնին հետ կապուած աշխատանք տարա՞ծ էք համայնքներէն ներս:
-Հայկական համայնքներէն ներս առայժմ նոր նախագիծի առումով աշխատանք չենք կատարած, այլ նախորդ ժապաւէններն են, որ ցուցադրուած են, ուր ըսես՝ չենք տարած, ամէն տեղ ցուցադրած ենք: Եւ մեր հանդիսատեսները ոչ միայն հայերը եղած են, այլ նաեւ՝ օտարներ: Մեր ժապաւէններուն նկարահանման բազմաթիւ աջակիցներ նոյնինքն հայկական համայնքներուն մէջ գտած ենք եւ վստահ ենք, որ այս անգամ ալ պիտի գտնենք:
-Փաստօրէն, քառօրեայէն ետք ասիկա առաջին ժապաւէնը պիտի ըլլայ, որ նաեւ այդ մասին պիտի պատմէ:
-Վերջին անգամ մենք երբ կը զրուցէինք, չէինք գիտեր, որ ապրիլեան քառօրեան պիտի ըլլար, այնքան հեռու կը թուէր այդ պատերազմը: Մենք բոլորովին այլ նիւթերու մասին կը խօսէինք, այլ նիւթերու մասին ժապաւէններ կ՚ուզէի նկարել, եւ յանկարծ, մէկ տարի չանցած, պատերազմը սկսաւ: Մենք երբեք չենք գիտեր՝ ինչ կը սպասէ մեզի, ի վերջոյ պիտի գիտակցինք, որ որեւէ պահու կրնայ այս պատերազմը նորէն վերսկսիլ: Այս ժապաւէնին դէպքերը քառօրեային շուրջ կը զարգանան, ուր նաեւ անդրադարձ կայ հին կռիւին՝ 1990-ականներուն: Եւրոպացի լուսանկարիչ-լրագրողին միջոցաւ կը բացայայտուին կարգ մը պատմութիւններ, կարգ մը եղելութիւններ, որոնք նախկին կռիւին ժամանակ տեղի ունեցած են: Եւրոպացիի աչքերով է, որ մեր պատմութիւնը կրկին կը տեսնուի եւ կը պատմուի: Ըստ բեմագրութեան, ան եւրոպացի լրագրող մըն է, որ թէ՛ նախկին պատերազմի ժամանակ Արցախ եկած է, թէ՛ քառօրեային եւ անոր միջոցաւ գաղտնիքներ ու պատմութիւններ կը բացայայտուին, որոնք իրականութեան վրայ լոյսի շող մը կը նետեն: Փորձելու ենք ստանալ այնպիսի ստեղծագործութիւն մը, որ կրնայ թէ՛ պատերազմական նիւթի շուրջ ըլլալ եւ թէ՛ իբրեւ գեղարուեստ ինքնին հետաքրքրական ըլլալ: Պիտի փորձենք նկարել շարժապատկեր մը, որ դահլիճներ կը լեցնէ եւ փառատօներու ժամանակ մրցունակ կ՚ըլլայ: Նաեւ պիտի փորձենք կոտրել այն կարծրատիպը, որ եթէ ժապաւէն մը փառատօնային է, ապա չի կրնար ըլլալ շուկայական: Այսօր այդպիսի կարծրատիպ մը կայ, բայց ես համաձայն չեմ անոր: Լաւ շարժանկարը թէ՛ այն կրնայ ըլլալ, թէ՛ միւսը:
Մենք կը փորձենք մեր անցած երկու շարժանկարներուն փորձառութիւնը ճիշդ գործածելով, ճիշդ ու սխալ քայլերը նժարի վրայ դնելով հասկնալ, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ հայկական ժապաւէնը, որ մրցունակ ըլլայ համաշխարհային շուկային՝ օտարալեզու այլ շարժանկարներու կողքին: Օր ու գիշեր աշխատանք կը տանինք՝ լաւ գործ մը կրկին հանդիսատեսին հրամցնելու: Վստահ եմ՝ հանդիսատեսն ալ պիտի գնահատէ մեր ջանքերը:
Այս շարժանկարի հիմքին մէջ մարդկային պատմութիւն մը կայ, ինչքան ալ ան պատերազմի մասին ըլլայ, մարդկային պատմութիւններու միջոցաւ է, որ կը պատմուի պատերազմը: Այլ կերպ հնարաւոր չէ, քանի որ արուեստի հիմքին մէջ կայ մարդը, արուեստը պատմութիւն է մարդու մասին: Չես կրնար շրջանցել մարդը: Պատերազմը ինքնին հետաքրքրական ալ չէ, եթէ անոր մէջ չկայ մարդկային ճակատագիր:
-Նկարահանումներու թուական նշանակուա՞ծ է արդէն:
-Անուշտ. Յուլիս-Օգոստոսին առաջին նկարահանումները պիտի կատարենք: Եթէ կը գործակցիս այնպիսի դերասաններու հետ, որոնց յառաջիկայ նկարահանման ցուցակները կազմուած են, ապա դուն ալ իրենց բացայայտ թուական մը պիտի տաս, հակառակ պարագային անհնար է նկարահանում մը կատարել: Մենք մէկ տարի առաջ տակաւին յստակ թուական նշանակած ենք դուրսէն եկող դերասաններու համար, որ իրենք ալ իրենց այդ ժամանակը պարապ ձգեն:
-Անոնց՝ դուրսէն եկող դերասաններուն սովորաբար խոշո՞ր դերավարձ կու տաք:
-Այո, եւ բաւական դժուար է այդ մէկը: Այո՛, զանոնք կը հետաքրքրէ քու նիւթդ, երկիրդ, սիրով կը համաձայնին մասնակցելու, բայց ի վերջոյ այս մէկը իրենց աշխատանքն է եւ պէտք է պայմանագիր կնքես եւ վճարես:
-Իսկ «Վերջին բնակիչը» տակաւին կը ցուցադրուի՞:
-Յառաջիկային Սիտնիի մէջ պիտի ցուցադրուի: Միացեալ Նահանգներու բոլոր խոշոր քաղաքներուն մէջ ցուցադրուեցաւ, Եւրոպա շրջեցաւ, Իրան, Լիբանան ալ հասաւ, հիմա նոյն տեղերէն կրկին ցուցադրելու առաջարկներ կան: Հետաքրքրական է, որ «Թեւանիկ»ը համալսարաններու մէջ կը փափաքին ցուցադրել իբրեւ բախումնաբանութեան նուիրուած նիւթ մը: «Վերջին բնակիչի» առումով ալ համալսարաններու մէջ ցուցադրելու հրաւէրներ ունիմ:
-Երկու շարժանկարներու ցուցադրութենէն ետք ատրպէյճանական արձագանգները կոշտ եղած են, տակաւին կա՞ն նման արձագանգներ:
-Այո՛, եւ մենք կը փորձենք բաւականին ճկուն եւ աւելի արագաշարժ ըլլալ, հակառակ պարագային պատերու դէմ կը կենանք: Շատ զգուշաւոր ենք բոլոր քայլերու մէջ, ճիշդ ատոր համար ալ, օրինակ, դուրսէն եկող բոլոր դերասաններու անունները չեմ հրապարակեր, որպէսզի անոնք ալ զերծ մնան ճնշումներէ: Բոլոր դժուարութիւններուն պատրաստ ենք: Բոլոր արձագանգներուն համապատասխան քայլեր ունինք:
-Իսկ հայ դերասաններէն ովքե՞ր ներգրաւուած են:
-Գլխաւոր դերակատարը Սօս Ճանիբէկեանն է, Արթուր Մանուկեանը, Էլֆիկ Զօհրապեանը եւ շատ այլ փորձառու, երիտասարդ դերասաններ հրաւիրած ենք, Արցախէն ալ դերասաններ պիտի ըլլան:
-Լուսաւոր աւա՞րտ ունի շարժանկարը:
-Լուսաւոր աւարտով, բայց՝ շատ տխուր: Բեմագրութեան խորքը թաքնուած ողբերգութիւնը այնքան խորն է, դաժան է, որ բացայայտուելէ ետք հանդիսատեսը չնայած կը տխրի, բայց կը հասկնայ շատ մը բաներ եւ ուրախ կ՚ըլլայ, որ այդ ամէնը բացուեցաւ եւ սփռուեցաւ աշխարհով մէկ: Մարդիկ ալ գիտցան… Բայց առհասարակ, իմ բոլոր շարժանկարներս խաղաղութիւն քարոզող են, ես կը դատապարտեմ պատերազմը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ