Օրինակ Առնենք…
Երկու տասնամեակներէ ի վեր, «Լոս Անճելըս Թայմզ» լայնատարած օրաթերթը ամէն Ապրիլի սկիզբ կը կազմակերպէ գիրքերու ցուցահանդէս մը՝ USC համալսարանին մէջ: Շաբաթավերջի մը, երկու օրերու վրայ երկարող եւ մուտքը ազատ այս ձեռնարկին միշտ կ՛ակնկալուի աւելի քան երկու հարիւր հազար այցելու:
Այս տարի, նման ցուցահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ եւ Կիրակի, 9-10 Ապրիլին, որուն ընթացքին մշակութասէր, ընթերցասէր կամ նոյնիսկ պարզ հետաքրքիր այցելուն, ոչ միայն հին ու նոր հրատարակուած գիրքերու, հատորներու եւ հրատարակութիւններու կը ծանօթանայ, այլեւ աւելի մօտէն կրնայ հանդիպիլ, զրուցել կամ լուսաբանուիլ հեղինակներու, գրագէտներու, բանաստեղծներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու եւ հրատարակչատուներու մասին, որոնք համալսարանի զանազան սրահներէն ներս, ճշդուած ժամուն եւ յատուկ յայտագիրով կը ներկայացնեն իրենց գիրքը, հրատարակութիւնը, հատորը եւ կը պարզեն իրենց տեսակէտները, կ՛ընդունին հարցումներ ու կը պատասխանեն բոլորին՝ տալով լուսաբանութիւններ:
Այս ձեւով, գրող-հեղինակ-հրատարակիչ, իսկ միւս կողմէ՝ ընթերցող-անհատ կապը կ՛ըլլայ կենդանի եւ դրական: Անկեղծօրէն, տարբեր տարիներու ընթացքին, ցարդ միայն երկու անգամ այցելած եմ այս ցուցահանդէսը: Ինծի համար նման որդեգրում միշտ նոր իմաստ տուած է կեանքիս եւ ժամերուս… հետաքրքրութիւն եւ միեւնոյն ժամանակ՝ մարդուս միտքը լիացնող…
Ամէն անգամ տեսակ մը նախանձով մօտեցած եմ այս ցուցահանդէսին եւ իբրեւ հայ գիրքը սիրող, փնտռող եւ անոր գուրգուրացող անհատ՝ փափաքած եմ, որ մեր կարգին, մեր շրջանէն ներս մենք եւս կազմակերպենք նման ցուցահանդէս մը՝ մեր ուժերուն ներած չափով, գոնէ՝ տարին անգամ մը:
Լաւատեղեակ եմ, որ Պէյրութի մէջ նման ծրագիր կ՛իրականանայ ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուն:
Այս բոլորը՝ որովհետեւ ես ալ շատերու նման կը հաւատամ, որ գիրքը հեղինակի մը միտքին լեզուն է: Բայց ինչ ալ ըլլան նոր գիւտերուն հրամցուցած հմայքները, տպագրուած գիրքը կամ թերթը կը մնայ իր դասական համարժէքին մէջ: Ամէն օր նոր գիրքեր ու թերթեր կը տպուին, ամէն օր նոր գրողներ կը շարունակեն ստեղծագործել, նոր թարմութիւն կը բերեն մարդոց միտքերուն… Այս բոլորին վկաներն ենք։
Աւելցնենք, որ գիրքը միայն գիր չէ, նաեւ՝ շո՛ւնչ է: Գիրքը դարերու ընթացքին եղած է մարդուն ընկերը, զայն լուսաւորող եւ դաստիարակող հրաշալի ուղեցոյցը: Իրողութիւն է, որ մարդիկ դժուար կը կարդան եւ այս մէկուն յանցանքը համակարգիչին վրայ կը բեռցնեն: Միամիտ արդարացում…
Բայց, հաւատացէ՛ք, որ եթէ երբեք գրողին մօտ իր ստեղծագործութեան թափը կասի, այն ատեն կը սկսի մշակոյթի ճահճացումը. այն ժամանակ մարդիկ պիտի հաստատեն, թէ դրամը ամէն ինչ չէ, եւ թէ մշակոյթ ըսուածը նիւթականէն վեր՝ այլ վեհ ու նոյնքան սրբազան բան մըն է:
Ճիշդ է, որ ներկայիս գիրք եւ մամուլ փնտռողները նուազած են եւ դարձած սակաւաթիւ, բայց տակաւին կան ու կ՛ապրին գիրքի ուժն ու արժէքը գիտցողներ, անոր ներգործութեան հաւատացողներ:
Ըսած ենք միշտ, թէ Ամերիկայի մէջ հայերէն գիրքը շուկայ չունի: Իմ կարծիքով, հայերէն գիրքը ոչ միայն շուկայ չունի, այլեւ հոս շուկայ ունենալու ապագայի յոյսը նոյնիսկ չկայ, որովհետեւ «շուկան» կը զարգանայ, եթէ գոյութիւն ունենայ հայերէն գիրք կադացողներու զանգուած: Իսկ աւելին, այսօր ամէն տեղ հայեր, աշակերտ կամ ծնողք, դժբախտաբար ո՛չ հայերէն կը խօսին, ո՛չ կը կարդան եւ ոչ ալ կը գրեն: Այս ձեւով, հայերէն իմացող սերունդը կը նօսրանայ:
Յստակօրէն ըսեմ, որ հայ գրողները նոյնիսկ չեն մտահոգուիր այն իրողութեամբ, թէ քանի՞ գիրք սպառեցաւ, թէ քանի՞ ընթերցող ունեցաւ, կամ՝ իր նուիրած գիրքերը հաճոյքով ընդունեցի՞ն, թէ մէկ կողմ նետեցին՝ իբրեւ ժամանակավրէպ ներկայութիւն, որովհետեւ հայ գրողը այդ իր գիրքի կամ հատորի սպառումովը չէ՛ որ կ՛ապրի:
Բարեբախտաբար… Այս բոլորը գաղտնիքներ չեն, որովհետեւ անձնապէս ես «ճաշակած» եմ եւ տակաւին… Անոր համար, յաճախ երկար կը մտածեմ մեր լեզուի ճակատագիրին մասին, գիրին եւ գրականութեան մասին, ու երակներէս ի վեր վախ մը կը սկսի սողալու:
Սփիւռքի զաւակ ըլլալով՝ կը զգամ, որ Սփիւռքը ամէն օր հոգեվարքի մէջ է: Այսօր ամէն բանէ աւելի հոգեկան կարիքը կայ Սփիւռքի կեանքը ջերմացնելու: Բան մը արդարացնելու ճիգ մը չէ այս մէկը:
Կեանքին եւ նպատակին հանդէպ լաւատեսութիւն ունենալը մեծ բարենիշ մըն է: Բայց ինչ ալ ընենք, չենք կրնար օտարացման առաջքը առնել, անոր համար ալ՝ մշակութային ճամբուն դիմած ենք: Սակայն, միւս կողմէ, այսպէս «նստելով», դիտելով, մատնանշելով կամ «ողբալով»՝ տեղ չենք հասնիր:
Գաղութէն ներս, փա՜ռք Աստուծոյ, ունինք հայ մամուլ, նաեւ փա՜ռք Աստուծոյ, ունինք մշակութային միութիւններ, որոնց ծրագիրէն ներս կ՛իյնայ նման նախաձեռնութեան մը իրականացումը:
Վերջին հաշուով, այս նշեալներուս «գործն» ալ է՛ հայերէն գիրքերու ցուցահանդէսի մը կազմակերպումը, անշուշտ՝ համագործակցաբար հայկական գրատուներու կամ գրախանութներու հետ:
Հայ գիրին եւ գիրքին տարածումը եւս Հայ Դատին մաս կը կազմէ: Կրկնած եմ եւ կը կրկնեմ շարունակ. նոր սերունդին՝ հայ գիրքի հանդէպ սէրը փոխանցելու, հայ գիրքը փրկելու եւ այդ ձեւով ալ հայ մշակոյթի դաշտին մէջ վարուցան ընելու պարտականութիւնը հայ մշակութային միութիւններու պարտականութեան ծիրէն ներս կ՛իյնայ: Այլապէս՝ ո՞վ պիտի փրկէ հայ գիրքը. ո՞վ պիտի ապահովէ անոր տարածումը. ո՞վ պիտի քաջալերէ զայն ժողովրդական լայն խաւերուն հասցնելու պարտականութիւնը…
Նեցուկ կանգնիլ հայ գիրքի տարածման եւ հայ գրողին՝ կը նշանակէ բարգաւաճ պահել հայ միտքը եւ նոր թարմութիւն ներմուծել գրական ու մշակութային մարզին: Այլապէս՝ կը խամրի մշակոյթը, կ՛այլասերի ժողովուրդը եւ կը գունաթափուի անոր ինքնութիւնը:
Մնացեալը՝ դուք գիտէք…
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ