ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

«ՃՈՆՆԻ ՊԻ ԿՈՒՏ» (JOHNNY B. GOOD) - ԺԱՔ ՊԵՐՐԻ

Ժաք Պերրիի  «Ճոննի Պի Կուտ» երգը կարելի է համարել «ամերիկեան երազանքի» մասին առաջին ռաք ըն ռոլ երգը: Անոր հերոսը հեռաւոր գիւղի բնակիչ խեղճ  եւ  անկիրթ տղայ մըն է, որ ուսում չէ ստացած, բայց հիանալի կիթառ կը նուագէ եւ յաջողցնելով իր կեանքը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ գումար վաստակել:

Ինչպէս Ժաք ինք կը սիրէր նշել, երգի հերոսը մասամբ ինքն էր եւ երգն ալ մասամբ իր մասին էր: Բայց համեմատութիւնը, այո՛, չափազանցուած էր, անիկա միայն որոշակիօրէն կը բնութագրէր Ժաքը: Ան բնականաբար խուլ գիւղէ մը չէր, աղքատ ընտանիքէ չէր, ստացած էր դիմայարդարի կրթութիւն եւ որոշ ժամանակ զբաղած էր այս գործով եւ յաջողութիւն գտած, ան նոյնիսկ իր վաստակած գումարով տուն գնած էր ընտանիքի համար: 

Երգի մասին խօսելու ժամանակ ան կը նշէր, որ երգը ի սկզբանէ գրած է՝ նկատի ունենալով իր ընկեր եւ գործընկեր, դաշնակահար եւ երաժշտահան Ճոննի Ճոնսընի կերպարը: Բայց միեւնոյնն է, որոշ իմաստով երգը  մասամբ իր մասին է: Երգի կերպարի հետ զինք նոյնացնելը աւելի շատ կը կրէր հոգեբանական ու խորհրդանշական բնոյթ, քան ֆիզիքական:

Երգի առաջին տարբերակին մէջ կը պատմուէր սեւամորթ տղայի մասին, բայց այդ թուականներուն ցեղապաշտութիւնը մեծ տեղ ունէր Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ Պերրին կարծեց, որ երգը նոյնպէս չ՚ընդունուիր  այդ խտրականութեան պատճառով:

Այս էր պատճառը, որ ան երգի ամենասկզբին հնչող «սեւամորթ տղայ» արտայայտութիւնը փոխարինեց  «գիւղացի տղայ» արտայայտութեամբ:

Երգի վերնագրի մէջ բառախաղ կայ: «Ճոնի Պի Կուտ»ը, որ տղայի անուն ազգանունն են (Johnny B. Good) անգլերէն կը հնչեն նաեւ «Ճոննի, լաւ եղիր»:

Անունն ու մականունը՝ Ժաք ընտրած էր, բնականաբար, միտումնաւոր, սակայն սեթեւեթելով կ՚ըսէր, որ Կուտը այն փողոցի անունն է, ուր ան մեծցած էր ու ընտրած է այդ պատճառով:

Երգը  ձայնագրուեցաւ 1958 թուականին եւ անմիջապէս  դարձաւ  հիթ՝ սիրուելով թէ՛ սեւամորթ, թէ՛ սպիտակամորթ հնարութեան կողմէ: Տարիներ ետք Պերին պէտք է Ճոննիի կերպարը օգտագործեր այլ երգերու մէջ:

Այս երգը վերաերգած են բազմաթիւ այլ երաժիշտներ, որոնց շարքին են Պիթըլս, Աերոսմիթ, Սեքս Փիսթըլս, Ռոլինկ Սթոունզ խումբերը, Էլթըն Ճոնը եւ այլ երաժիշներ:

Երգի հետ առընչուած մի քանի հետաքրքրական փաստեր կան: Այսպէս.

- Կիթառի րիֆը, որով կը սկսի երգը, ամբողջովին վերցուած է մէկ այլ երգէ, որուն  հեղինակն է ամերիկացի երաժիշտ Լուի Ճորտան:

- 2000 թուականին Ճոննի Ճոնսըն, որուն կերպարով Ժաք ստեղծած էր երգը, դատի տուաւ զինք, պնդելով, որ ան երգի համահեղինակն է եւ մեծ գումար պահանջեց: Դատաւորը չբաւարարեց հայցը, ըսելով, որ ասիկա շատոնց կատարուած իրողութիւն է եւ ապացուցել հնարաւոր չէ:

- «Johnny B. Goode» երգը շատ յաճախ  իրենց նախընտրական քարոզարշաւներու ժամանակ կ՚օգտագործեն Ճոն անունով քաղաքական գործիչները:

- Այս երգը կարելի է լսել բազմաթիւ գեղարուեստական ֆիլմերու մէջ, որոնցմէ ամենացայտունը՝ «Վերադարձ դէպի ապագայ»  ֆիլմն է:

Ինչեւէ, հակառակ այս բոլոր փաստերուն, «Ճոննի Պի Կուտ» երգը ռաք ըն ռոլ ժանրի ամենացայտուն ու ամենայայտնի երգերէն մէկն է: Եւ ինչպէս յաճախ կը պատահի, լաւագոյն երգերը կը դառնան երկարակեաց եւ յարատեւ եւ կը կորսնցնեն հիննալու յատկութիւնը՝ տարիներու հետ մնալով ժամանակակից ու սիրուած:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2019