«ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԵՐԻ» ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Հան­գու­ցեալ նկար­չու­հի Քրիս­տին Սա­լե­րիի յի­շա­տա­կին կազ­մա­կեր­պուած միջ­վար­ժա­րա­նա­յին նկար­չու­թեան մրցոյ­թի մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի մէջ։ Ծա­նօթ է, որ Քրիս­տին Սա­լե­րիի հա­րա­զատ­նե­րուն կող­մէ հիմ­նուած է հա­մա­նուն հիմ­նարկ մը, որ հե­տա­մուտ է վառ պա­հե­լու ան­մո­ռա­նա­լի ա­րուես­տա­գի­տու­հիին յի­շա­տա­կը։ Այս ծի­րին մէջ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը կազ­մա­կեր­պուին իր յի­շա­տա­կին ձօ­նուած նկար­չու­թեան մրցոյթ­ներ, ո­րոնց վե­ցե­րոր­դը տե­ղի ու­նե­ցաւ այս տա­րի։

Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին բա­րե­յի­շա­տակ նկար­չու­հիին հա­րա­զատ­նե­րէն Նան­սէն Կա­րօ Սա­լե­րի եւ Ռե­հան Սա­րը­պայ։ Ներ­կայ էին Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան եւ սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեան։ Ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ նա­խա­պէս կա­տա­րուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ար­ժե­ւո­րուած էին դա­տա­կազ­մին կող­մէ՝ հե­տե­ւեալ ար­դիւնք­նե­րով։

Ա­ռա­ջին-չոր­րորդ դա­սա­րան­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ դափ­նե­կի­րը ե­ղաւ Այգ Նա­րեկ Տի­քի­ճի, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Է­րիք Մա­կա­րեան եւ Սե­լին Եուրթ­կիւ­լիւ։ Ման­սիո­նի ար­ժա­նա­ցան Նուէր Զե­քի, Ա­շոտ Պօ­ղո­սեան եւ Ան­նա Քրի­սո­նո­վա։

Հին­գե­րորդ-ու­թե­րորդ դա­սա­րան­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Քլա­րա Եաս­թան­կաչ­քոլ, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Քրիս Թիւյ­սուզ եւ Մա­րալ Ա­պա­հու­նի։ Ման­սիո­նի ար­ժա­նա­ցան Էվ­կին Այ­տըն, Նո­յե­մի Նո­րա Էօզ­չե­լիք եւ Էլ­լա Ա­դա­մեան։

Ին­նե­րորդ-տաս­ներկ­րորդ դա­սա­րան­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ յա­ռա­ջա­տար ե­ղաւ Ի­մել­տա Գու­յում­ճու, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Ալ­պերթ Մի­սա­քեան եւ Լու­սին Տե­միր­ճի։ Ման­սիո­նի ար­ժա­նա­ցան Ա­տա Կիւ­վէն Կիւր­պիւզ, Ար­տէն Պօ­ղո­սեան եւ Ար­տէն Ճան Չըլ­պը­յը­քօղ­լու։

Այս տա­րի Ռե­հան Սա­րը­պա­յի ա­նու­նով նոր հաս­տա­տուած պար­գեւն ալ յանձ­նուե­ցաւ Տէօ­նիս Թուղ­րա­քին։

Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դեց ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­ցին դափ­նե­կիր­նե­րը, մաս­նա­կից­նե­րը, կազ­մա­կեր­պիչ­ներն ու հիւ­րըն­կալ­նե­րը։

    

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017