ՏԻԵԶԵՐՔԻ ԼԵԶՈՒՆ

Մարդիկ հաղորդակցելու համար կ՚օգտագործեն շարք մը խորհրդանշաններ, որոնք մենք կ՚անուանենք լեզու: Մինչ մարդիկ կը շփուին լեզուով, միւս կենդանի էակները հաղորդակցութեան աւելի պարզ միջոցներ ունին: Կարելի է ըսել, որ անոնք ալ ունին իրենց լեզուն։ Մեր լեզուն բաւական մանրամասն ու աւելի բարդ է: Մարդիկ այլ կենդանի էակներու հետ ալ կը հաղորդակցին պարզ ձեւով: Իսկ այն բաները, որոնք մենք կ՚անուանենք անշունչ, որեւէ բան չե՞ն ըսեր։ Մեզ կը հետաքրքրէ, թէ արդեօք ամէն ինչի համար համաձայնութիւն պէտք է գոյութիւն ունենա՞յ: Ինչո՞ւ պէտք է հաղորդակցութիւնը յատուկ ըլլայ միայն կենդանի էակներուն:

Ամէն ինչ կազմուած է մասերէ։ Կեանքը փոքր կտորներէ կազմուած մեծ ամբողջութիւն մըն է: Տիեզերքը, այսինքն՝ գոյութեան սահմանները, ունի կազմաւորում մը: Թէեւ տիեզերքը իր սահմանման իմաստով օրկանիզմ մը չէ, սակայն պէտք է հաշուի առնել, որ ան ունի կազմակերպուած տարրեր եւ որոշ գործառոյթ։ Մենք կրնանք մասերէ կազմուած տիեզերքը համեմատել մարդու հետ, որ կը համապատասխանէ օրկանիզմ սահմանման։ Որպէս այս ամբողջութեան անդամ՝ մարդը ինքն ալ ամբողջութիւն մըն է։ Անհատը գործարաններէ, երակներէ, մկաններէ կազմուած օրկանիզմ մըն է ճիշդ այնպէս, ինչպէս Ծիր կաթինը կամ Անտրոմետա աստղահոյլը կազմող աստղերը։

Քանի որ մարդ արարածը ամբողջութիւն մըն է, ան ալ իր կարգին ձեւաւորեց մարդկութիւնը: Ինչպէ՞ս մարդկութիւնը դարձաւ ամբողջութիւն մը. իբրեւ պատասխան կրնանք տալ «լեզուն», որ կ՚օգտագործենք ամէն պահու, ամէն հասկացողութեան եւ աշխատանքի մէջ, ինչ որ մարդ ըլլալու տարբերութիւնն է: Լեզուն համախմբում մըն է. հասարակաց խորհրդանշաններու շուրջ համաձայնութիւնը ստեղծած է միասնկանութիւն, որ կ՚ապահովէ լեզուն: Միասնականութիւնը համընդհանուր շարժառիթ է, որ նաեւ բնազդային երեւոյթ ունի: Միասնականութեան մէկ արտայայտութիւնն է նաեւ սէրը: Կարելի է ըսել, որ տիեզերքի լեզուն միասնականութիւնն է, իսկ աւելի վիպապաշտականօրէն՝ սէրը։

Տիեզերքի լեզուն սէրն է։ Սէրը մէկ ըլլալն է, միութիւնն է: Համաձայնիլն ու հաշտուիլը կը պահանջէ մարդկային, ինչպէս նաեւ համընդհանուր ջանք, քանի որ ան կ՚երեւի աւելի մեծ ամբողջութեան ներքեւ: Ա՛լ աւելի վիպապաշտական մեկնաբանութեան մէջ մենք կրնանք նոյնիսկ ներառել համընդհանուր քաշողութեան օրէնքը: Միասնութիւնը կը նպաստէ նաեւ գոյատեւման: Այս միասնութեան շնորհիւ է, որ բնութեան դաժան պայմաններու մէջ գոյատեւել փորձող մարդ արարածը կը վերածուի զայն ոչնչացնելու ընդունակ հրէշի։ Միասնութիւնը կը խորհրդանշէ նաեւ միաւորուիլ՝ որպէս նիւթի մը խիտ ձեւը:

Մեր ըսածը, ի հարկէ, մեծ արձագանգ չի յառաջացներ տիեզերքի մէջ։ Քունի մէջ կ՚իյնանք, ոտքի կը կանգնինք, կը ձանձրանանք, կը զայրանանք, կը մտահոգուինք, կը նախանձինք, կը վախնանք, կ՚ըմբոստանանք… Քունը, երազի ընթացքին մեր տեսածները, իրականութեան մէջ, առանց կեանքը ապրելու չ՚իրականանար։ Երբ կ՚անդրադառնանք, թէ մեր ապրածները պէտք է իմաստ մը ունենան, կեանքի հանդէպ մեր հայեացքը կը վերաձեւաւորուի եւ տիեզերքը կը սկսի խօսիլ մեզի հետ։ Եթէ տիեզերքին հարցում մը ուղղենք, ան անպայման պատասխանել կը ջանայ մեր հարցման։ Սկիզբին պատահականութիւն թուացող դէպքով մը կը փորձէ քու ուշադրութիւնդ գրաւել։ Թէեւ դուն առաջին հերթին չես անդրադառնար այդ արձագանգին, սակայն երբ «արթննաս», կը տեսնես այդ պատահականութիւններու կրկնութիւնը տարբեր ձեւերով եւ կը սկսի հաղորդակցութիւնը մարդու եւ տիեզերքի հետ։ Պատահականութիւններն ալ կը կազմեն ամբողջութիւն, քանի մարդ արարածը առանձին, դատարկութեան մէջ չի կրնար հանդիպիլ անոնց։ Տիեզերքի լեզուն միասնականութիւնն է, տիեզերքը ամբողջութիւն մըն է եւ այս բոլորը իրականութիւն կը դառնան յատկապէս սէրով…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2023