ՖՈՒԹՊՈԼԱՅԻՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՏՆԱԲԵՄԸ ՍԱՄՈՒԷԼ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆ

«Միայնակ ընդդէմ ճակատագրի. Ֆութպոլային դիւանագիտութեան ետնաբեմը» խորագիրը կը կրէ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամուլի քարտուղար, նախկին երեսփոխան Սամուէլ Ֆարմանեանի գիրքը: 2008-2010 թուականներուն Սամուէլ Ֆարմանեան ներկայ գտնուած է հայ-թրքական բանակցութիւններու առթիւ կայացած հանդիպումներուն եւ բանակցութիւններու պաշտօնական եւ ոչ-պաշտօնական բազում դրուագներ որոշած է յանձնել թուղթին:

Ան կը խոստովանի, որ Սերժ Սարգսեանի մամլոյ քարտուղար, ապա, խորհրդարանի մէջ անոր խմբակից ըլլալը այնքան ուժգին չեն դրդած նման գիրք գրելուն, որքան՝ իր պատմաբան ըլլալը, երբ տեսած է, որ պատմութիւնը խեղաթիւրելու, ուրանալու միտումներ կան, ինչ որ խորթ չէ հայաստանեան քաղաքական մշակոյթին: Սամուէլ Ֆարմանեան իր պետական ծառայութեան տարիներուն օրագիր վարած է, մանրամասն գրի առած է կարեւոր քաղաքական իրադարձութիւններն ու անոնց նշանակալի, երբեմն՝ ոչ-պաշտօնական դրուագները եւ ատոնցմէ գիրք գրելու համար զատած՝ նախագահ Սարգսեանի նախագահութեան մեկնարկին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման փորձը: Այդ փորձը, ինչպէս յայտնի է՝ ծանօթ է նաեւ «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն» անունով, եւ Սամուէլ Ֆարմանեան, ըլլալով նաեւ ֆութպոլի մեծ սիրահար, մանրամասն նկարագրած է նաեւ երկու երկիրներու ֆութպոլի հաւաքականներու հանդիպումները, այդ հանդիպումներուն նախորդած եւ յաջորդած դէպքերը:

Գիրքը կը սկսի հեղինակի շարադրանքով այն մասին, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս սկիզբ առաւ հայ-թրքական արձանագրութիւններու գործընթացը: Կը յաջորդեն յօդուածները այն մասին, թէ ի՞նչ ընտրութեան առաջ կեցած էր Հայաստանը, իրականութեան մէջ ի՞նչ տեղի կ՚ունենար Նիւ Եորքի, Տաւոսի, Միւնիխի, Փրակի, Իսթանպուլի, Ցիւրիխի եւ Պուրսայի մէջ:

Սամուէլ Ֆարմանեան ականատեսի վկայութիւններով կը ներկայացնէ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ամբողջ ընթացքը։ Առաջին անգամ կը գաղտնազերծուին Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի բանակցութիւններէն որոշ դրուագներ, որոնք ան 2008-2010 թուականներուն վարած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի, վարչապետ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի, ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպամայի, պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընի եւ այլ պաշտօնեաներու հետ։

Գիրքին մէջ կը ներկայացուին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման նախապատմութիւնը, աշխարհաքաղաքական կեդրոններու շահերու իրական քարտէսը, ներգրաւուած կողմերու իրերամերժ նպատակները, ետնաբեմն ու որոշումներու տրամաբանութիւնը։

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած է «Միայնակ ընդդէմ ճակատագրի. Ֆութպոլային դիւանագիտութեան ետնաբեմը» գիրքին շնորհանդէսը, որու ընթացքին հեղինակը՝ Սամուէլ Ֆարմանեան ըսած է. «Յուշագրութիւնը կը նկատեմ յարգանքի դրսեւորում մեր պետականութեան, նաեւ՝ ուղերձ գալիք սերունդներուն։ Բոլոր այն մարդիկ, որոնք զբաղեցուցած են բարձր պաշտօններ, պարտաւոր են իրենց տիրապետած տեղեկութիւնները փոխանցել ո՛չ միայն ժամանակակիցներուն, այլ՝ նաեւ գալիք սերունդներուն։ Հանրային գիտակցութեան ձեռնավարութիւնը, յիշողութեան կորուստը, պատմութեան խեղաթիւրումը կարող են դժոխք տանիլ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները։ Գիրքը շարադրելու ժամանակ իմ նպատակը եղած է տիրապետածս տեղեկութիւնները դարձնել հանրութեան սեփականութիւնը եւ հնարաւորութիւն տալ ընթերցողներուն՝ մտորիլ տեղի ունեցածին մասին։ Ձեզի չեմ փոխանցած ոչինչ պակաս, քան ես գիտէի եւ ոչինչ աւելին, քան ես տեսած եմ»:

«Ֆութպոլային դիւանագիտութեան կարեւորագոյն դրուագներէն են Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնները՝ համապատասխանաբար Հայաստան եւ Թուրքիա: Սամուէլ Ֆարմանեան ականատեսի աչքերով պատմած է նաեւ այդ այցելութիւններուն նախորդած, յաջորդած որոշ արարողակարգային դրուագներ: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Երեւան այցելած է 2008-ի սեպտեմբերի 6-ին, իսկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Թուրքիա այցելած էր 2009 թուականի հոկտեմբերի 14-ին: Կու տանք գիրքէն հատուածներ՝ արեւմտահայերէնի դարձուած:

*

Թուրքիոյ նախագահի այցին ընդառաջ մամուլի մէջ ու փորձագիտական շրջանակներէն ներս շատ կը խօսուէր այն մասին, որ իբրեւ թրքական կողմի բարի կամքի դրսեւորում ու մեկնարկած գործընթացին հաւատարմութեան առհաւատչեայ՝ հայ-թրքական փակ սահմանը կարող էր խորհրդանշօրէն մէկ օրով բացուիլ թուրք երկրպագուներուն ու թրքական պատուիրակութեան հնարաւորութիւն տալով ցամաքային անցակէտով հատել Հայաստանի հետ սահմանը: ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը իր հերթին փակ դռներու ետին նշանակալի դիւանագիտական ջանք կը գործադրէր՝ գաղափարը կեանքի կոչելու համար: Խօսքը Կարս-Կիւմրի երկաթուղագծի հնարաւոր վերագործարկման մասին էր, եւ հայկական կողմը նոյնիսկ փոքր-ինչ նորոգեց զայն՝ հնարաւոր վերագործարկման պատրաստ ըլլալու համար: Ամերիկեան ջանքը, սակայն, որեւէ արդիւնքի չյանգեցուց: Թրքական իշխանութիւնը շատ լաւ կը հասկնար, որ սահմանի նոյնիսկ խորհրդանշական բացումը աւելի պիտի սրէր մէկ օր անց այն կրկին փակելու տպաւորութիւնը, պիտի դառնար դիւանագիտական բացթողում:

Սեպտեմբերի 6-ի միջազգային լրահոսի կեդրոնը Կիւլի այցն էր Հայաստան: Այդ մասին կը խօսէին ամէն տեղ՝ լրատուամիջոցներու, համացանցի, բակերու, փոխադրամիջոցներու եւ խոհանոցներու մէջ: Սերժ Սարգսեանի սեղանին պարբերաբար կը դրուէին հանրային կարծիքի ուսումնասիրութեան արդիւնքները: Ատոնք կը կատարէին զանազան կազմակերպութիւններ՝ տեղական ու միջազգային, պետական ու ոչ-պետական՝ հասարակական տրամադրութիւններուն մասին առաւել ընդգրկուն ու ճշգրիտ պատկերացում կազմելու համար: Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը իր կարգին պարբերաբար կը ներկայացնէր հանրային կարծիքի չափումներու սեփական արդիւնքները: Ստացուող բոլոր տուեալները համադրելի էին եւ կը վկայէին Սարգսեանի նախաձեռնութեան ու հայ-թրքական մեկնարկած գործընթացին հայաստանեան հանրութեան դրական վերաբերմունքի մասին:

Պատճառներէն առաջինը, հաւանաբար, մեր հանրութեան բնական յոգնածութիւնն էր վերջ չունեցող ներքաղաքական առճակատումներէն ու չդադրող բացասական լրահոսէն՝ երկրի ներսը, ճակատագրի վերածուած թշնամանքի ու պատերազմի մշտական վտանգներէն՝ երկրի սահմաններուն: Հայ-թրքական գործընթացը այդ առումով ինչ-որ նոր հորիզոնի դրական սպասում ձեւաւորած էր: Հնարաւոր նորի ակնկալիքը հանրութեան աւելի նախընտրելի կը թուէր, քան արդէն փորձուած ու կանխորոշուած ճահիճը:

Երկրորդ պատճառը, անշուշտ, լրատուամիջոցներու արդիւնաւէտ աշխատանքն էր, որոնց մենք կ՚օգնէինք ամբողջ խումբով:

Համատեղ ջանքին, ընդդիմութեան առաջնորդի քաղաքական հաւատամքով թելադրուած, կը գումարուէր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ազդեցութեան տակ գտնուող եւ այդ տարիներուն հանրային վստահութիւն վայելող քանի մը լրատուամիջոցներու աջակցութիւնը՝ յօգուտ հայ-թրքական մերձեցման: Իսկ երբ այդ ամէնին, ԱՄՆ-ի քաղաքական դիրքորոշմամբ պայմանաւորուած, կ՚աւելնար այնտեղէն սնուող ու Հայաստանի մէջ լսարան ունեցող լրատուամիջոցներու կշիռը, կը ստացուէր տեղեկատուական ներգործութեան ազդու ալիք, որ ունակ էր ձեւաւորելու հանրային կարծիք:

Երրորդ պատճառն արդէն կ՚առընչուէր ազգային հոգեբանութեան: Ցանկացած փոքրաթիւ ժողովուրդի համար հաճելի է, երբ ան կը յայտնուի աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնին, երբ աշխարհը կը խօսի անոր մասին: Հայերը բացառութիւն չեն: Այդպէս էր հայ-թրքական գործընթացի ժամանակ, այդպէս էր ըլլալու Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապի՝ 2015 թուականին Սուրբ Աթոռի մէջ մատուցած պատարագի ու 2016 թուականին Հայաստան անոր պատմական այցի ժամանակ: Աշխարհակեդրոն ըլլալու ձգտումը յատուկ է մանաւանդ փոքրաթիւ ժողովուրդներուն, որոնց ոչ այնքան ազդեցիկ ըլլալու գիտակցութենէն յառաջացած բարդոյթները կը յաղթահարուին այդ ենթագիտակցական մղումով: Միջազգային հարթակներու վրայ հայ մարզիկներու յաղթանակներուն տրուող չափազանցուած կարեւորութիւնը, աշխարհի մէջ ճանաչում գտած հայորդիներով առանձնայատուկ հպարտանալու մղումն ալ նոյն ախտանիշի դրսեւորումներն են: Իսկ այդ օրերուն հայ-թրքական գործընթացի մասին կը խօսէին աշխարհի ամենաառանցքային առաջնորդներն ու քաղաքական գործիչները: Հայ-թրքական նախաձեռնութեան ընթացքին ու մանաւանդ ատոր առանցքային դրուագներու մէջ, ինչպիսին Կիւլի այցն էր, Հայաստանը յայտնուած էր միջազգային լրատուամիջոցներու գլխագրերու մէջ: Ֆութպոլային դիւանագիտութեան մասին էին «CNN»ի, «BBC»ի, «The New York Times»ի եւ համաշխարհային այլ լրատուամիջոցներու թղթակցութիւններն ու առաջին էջի խմբագրականները: Միջազգային հանրութեան աննախադէպ ուշադրութիւնը էական ներգործութիւն կ՚ունենար հանրային կարծիքի վրայ:

Ապտուլլահ Կիւլին սպասարկող «Airbus 319» օդանաւը, որու պոչին Թուրքիոյ վառ կարմիր դրօշն էր մահիկ-կիսալուսինով, իսկ կողամասին՝ «Türkiye Cumhuriyeti» («Թուրքիոյ Հանրապետութիւն») գրութիւնը, Երեւան ժամանեց սեպտեմբերի 6-ի ցերեկը` 16:45-ին: Օդանաւի շարժիչները Հայաստան գտնուելու ամբողջ ընթացքին այդպէս ալ չմարուեցան՝ հաւանաբար անհրաժեշտութեան պարագային հնարաւորին չափով արագ օդ բարձրանալու համար:

Երեւանի մէջ ֆութպոլային, զով եղանակ էր: Կիւլի այցին ընդառաջ հայկական կողմին առաջարկուած էր օդանաւակայանի մէջ կազմակերպել դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ պատուոյ պահակախումբի մասնակցութեամբ: Մեր արարողակարգի ծառայութիւնը զայն մերժած էր. այցը թէեւ բացառիկ էր, բայց՝ աշխատանքային, որու պարագային դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութիւն չի նախատեսուիր: Իրականութեան մէջ մերժման բուն պատճառը այն էր, որ օդանաւակայանի մէջ Թուրքիոյ նախագահին պատուոյ պահակախումբով հանդիսաւոր դիմաւորումը գրգռիչ ու բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենար հանրային կարծիքի վրայ՝ նոր-նոր մեկնարկող ու անյայտ վերջաբանով գործընթացի արշալոյսին, առաւել եւս, որ այդ պարագային պիտի հնչէին նաեւ երկու երկիրներու պետական օրհներգները:

Դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ պատուոյ պահակախումբի ղեկավարը կը մօտենայ հիւրընկալուող երկրի ղեկավարին եւ կը զեկուցէ, որ պահակախումբը շարուած է՝ ի պատիւ անոր այցի՝ ձեռքին բռնած սուրը իջեցնելով ու հպելով զայն գետնին: Ատիկա կը խորհրդանշէր հետեւեալը՝ մենք այնպիսի բարեկամներ ենք, որ մեր սուրը կը խոնարհինք ձեր առաջ: Արարողակարգի այդ մեկնաբանութիւնը վստահաբար պիտի յայտնուէր մամուլի մէջ ու լրացուցիչ քննադատութիւններու տեղի պիտի տար: Յետադարձ հայեացք նետելով դրուագին՝ կը հասկնաս, թէ ինչպէս կը ձեւաւորուին պետական աւանդոյթները, ուր անկարեւոր հանգամանք ու մանրուք չկայ:

Օդանաւակայանին մէջ Թուրքիոյ նախագահը դիմաւորեց արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան: Դիմաւորման արարողութիւնը ուղիղ եթերով կը հեռարձակուէր հայաստանեան, թրքական եւ համաշխարհային լրատուամիջոցներով: Պեխերու տակէն ժպտացող Ապտուլլահ Կիւլը իջաւ շարժասանդուխով, ապա Նալպանտեանի հետ քայլեց կարմիր գորգի վրայով, անոր հետ նստաւ իր զրահապատ ինքնաշարժը, եւ ինքնաշարժներու շարասիւնը շարժեցաւ «Յաղթանակ» զբօսայգի՝ «Golden Palace» պանդոկ: Հոն արդէն տեղաւորուած էր Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականը: Պանդոկը ամբողջութեամբ գոց էր այցելուներու համար: Տարածքը կը հսկէին հայաստանեան ու թրքական անվտանգութեան ուժերը: Պանդոկի մէջ Կիւլն ու անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը հանդիպեցան Թուրքիոյ ազգային հաւաքականի խաղացողներուն հետ՝ ոգեւորելու համար զանոնք՝ պատասխանատու խաղէն առաջ:

Ոստիկանութիւնն ու ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ձեռնարկած էին անվտանգութեան աննախադէպ միջոցառումներ: Գոցուած էր երթեւեկութիւնը Երեւանի բոլոր այն փողոցներուն մէջ, ուրկէ պիտի անցնէր Թուրքիոյ նախագահի ինքնաշարժներու շարասիւնը: Այդ ընթացքին Բաղրամեան 26-ի մէջ վերջին պատրաստութիւնները կը տեսնէինք՝ դիմաւորելու Թուրքիոյ նախագահը:

Դուրսը տեղադրուած էին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ քանի մը պետական դրօշներ: Անվտանգութեան ու արարողակարգի մեծ թիւով ներկայացուցիչներ աշխոյժ այս ու այն կողմ կ՚երթային, կու գային՝ լրացուցիչ լարուածութիւն հաղորդելով իրավիճակին: Քանի մը մեթր այն կողմ, ուրկէ Բաղրամեան 26 մուտք կը գործէին նախագահականի աշխատակիցներն ու այցելուները, լրագրողներու համար առանձնացուցած էինք մեծ հատուած մը, ուր իրենց տեսախցիկները տեղադրած էին օդանաւակայանէն շնչակտուր նախագահական հասած հարիւրաւոր լրատուամիջոցներ: Տեսախցիկներու ու լրագրողներու նման առատութիւն անգամ մըն ալ պիտի ըլլար Թուրքիոյ մէջ, արդէն Սարգսեանի պատասխան այցի ժամանակ: Պատկերը կը յիշեցնէր ամենալարուած իրավիճակներու մէջ մրցակից գերտէրութիւններու նախագահներու երկար սպասուած հանդիպումը, որու ընթացքին լրատուամիջոցներու այդպիսի ներկայութիւնը արդէն կը յուշէ պահի կարեւորութիւնն ու պատմականութիւնը:

Ըստ աւանդոյթի եւ ծրագրի՝ արարողակարգի պատասխանատու Ֆատէյ Չարչօղլեան պէտք է հեռախօսով իր թուրք գործընկերոջը տեղեկացնէր, որ կրնան նախագահ Կիւլը հրաւիրել ինքնաշարժ եւ շարժիլ Բաղրամեան 26: «Golden Palace» պանդոկէն Թուրքիոյ նախագահը Բաղրամեան 26 հասաւ 10 րոպէ ուշ: Ահա թէ ինչու: Թուրքիոյ նախագահի այցելութեան դէմ դաշնակցական երիտասարդներու բողոքի գործողութիւնները, մեր տուեալներով, պէտք է տեղի ունենային օդանաւակայանէն Իսակով պողոտայով, «Յաղթանակ»ի կամուրջով, Մաշտոցի պողոտայով մինչեւ Ֆրանսայի հրապարակ ինկած հատուածին վրայ: Բողոքի մասնակիցները ճեղքած էին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ շարուած ոստիկանական պատնէշն ու բարձրացած էին Բաղրամեան 26՝ տեղաւորուելով նախագահականի դարպասներու մօտ, ուրկէ ներս պիտի մտնէր Թուրքիոյ նախագահը: Հայկական ու թրքական անվտանգութեան եւ արարողակարգի ծառայութիւններու համար այդ հանգամանքը նախատեսուածէն դուրս էր, եւ անհրաժեշտ էր ճիշդ գնահատել իրավիճակը եւ նոր միայն որոշել Կիւլը հրաւիրել Բաղրամեան 26:

Նկատի առնելով պահի նրբութիւնը եւ հարիւրաւոր լրատուամիջոցներու ներկայութիւնը՝ ոստիկանութիւնը որեւէ բան չէր ձեռնարկեր բողոքաւորներէն ազատելու Բաղրամեան պողոտայի այդ մայթեզրը: Այդ ժամանակ շէնքի առաջին յարկի վրայ թուրք գործընկերներու հետ պատուհաններէն կը հետեւէինք 20 մեթր այն կողմ ծաւալուող իրադարձութիւններուն: Ես կը զրուցէի Կիւլի աշխատակազմի ղեկավար Հուսէիյն Ավնի Քարսլըօղլուի հետ: Այցեքարտեր փոխանակեցինք: Ֆատէյ Չարչօղլեանի հետ կարճ քննարկումէն յետոյ այնպէս մը եղաւ, որ ես իմ վրաս վերցուցի նախագահականի դարպասներուն մօտ բողոքող ցուցարարները Բաղրամեան պողոտայի դիմացի հատուած անցընելու ու բողոքի ցոյցը հոն շարունակելու բանակցողի առաքելութիւնը: Բարձրաստիճան ոստիկաններէն մէկուն ուղեկցութեամբ մօտեցայ մեր հայրենակիցներուն: Խօսակցութեան ոճը փոխադարձ յարգալից էր, ելքը՝ դրական: Անոնք ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ անցան պողոտայի միւս մայթը, իսկ անոնց դէմ շարուեցաւ ոստիկանական նոր պատնէշ մը: Արարողակարգի ու անվտանգութեան ծառայութիւններու աշխատակիցներու դէմքի լարուածութիւնը նուազեցաւ: Ֆատէյ իր թուրք գործընկերոջը հրահանգեց նախագահ Կիւլը հրաւիրել ինքնաշարժ եւ շարժուիլ Բաղրամեան 26, ուր ամէն ինչ պատրաստ էր Հայաստանի ու Թուրքիոյ նախագահներու պատմական հանդիպման համար…

*

ՃԱՇ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ հանդիպումէն ետք երկու նախագահներու ի պատիւ սարքուած ճաշացուցակին նոյնպէս անդրադարձ կայ Սամուէլ Ֆարմանեանի գիրքին մէջ: Ան կը նշէ, որ ճաշացանկը կազմած էր արարողակարգի ծառայութիւնը եւ վերջնական հաստատած Վիգէն Սարգսեանը, ինչպէս կ՚ըլլայ օտարերկրեայ բոլոր առաջնորդներու՝ Հայաստան այցերու պարագային: Ուրեմն ճաշացանկին մէջ ընդգրկուած եղած է ապխտած իշխան՝ մոցարելլա պանիրով, Սեւանի շոգեխաշած իշխան, գառան խաշած ազդրամիսի ներքեւի հատուածը (մաչայ)՝ հաճարի փլաւով, ապա աղանդեր՝ նրբաթերթիկով (քրեփ) պաղպաղակ, պտուղ, սուրճ, թէյ: Կը տեղեկանանք, որ նախագահականի մէջ տրուող պաշտօնական ճաշերու ու ընթրիքներու մատուցումը այդ տարիներուն կը պատուիրուէր ամենահամեղ ձեռքի համբաւ ունեցող ճաշարանատէրերէն մէկուն՝ Արտուշին, որ Խորենացի փողոցի վրայ փոքրիկ ճաշարան մը ունէր: Նախագահ Կիւլին ուղեկցող «CNN Türk»ի նկարահանող խումբին եւ «Զաման»ի թղթակցին այնքան համեղ եկած էին այդ ճաշարանի ուտեստները, որ անոնք Արտուշէն հարցազրոյց վերցուցած էին՝ զայն դարձնելով այդ օրուայ լրահոսի հերոսներէն մէկը: Սամուէլ Ֆարմանեան նաեւ կը պատմէ, որ Արտուշը փոքր ի շատէ կը խօսէր թրքերէն եւ իր հարցազրոյցի մէջ ըսած էր, որ եթէ թուրքերը «հալալ» տրամադրուած են, ապա ինք կողմ է յարաբերութիւններու հաստատման: Իսկ երբ ճաշարանէն դուրս գալու ժամանակ հիւրերը փորձած են վճարել, ան նեղացած է, ըսելով, թէ այսպէս «հալալ» չեղաւ, չէ՞ որ ասիկա հայկական հիւրասիրութիւն էր…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2023