ԵՐՈՒԱՆԴ ՔՈՉԱՐ. ԾՆՆԴԵԱՆ ՕՐ ԵՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ 125-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ
Այսօր կը լրանայ հայ արձանագործութեան եւ գեղանկարչութեան սիւներէն մէկուն՝ Երուանդ Քոչարի (Երուանդ Սիմոնի Քոչարեանի) ծննդեան 124-ամեակը: Հայութիւնը կը պատրաստուի մեծ արուեստագէտի 125-ամեակին: Երուանդ Քոչար Հայաստան ներգաղթած է 1936 թուականին՝ «Սինէա» շոգենաւով, որ Մարսէյլի ափէն ուղեւորուելով Պաթում՝ Հայաստան կը բերէր հազարաւոր հայրենադարձներ: Նոյն այդ նաւով Հայաստան կը փոխադրուէր նաեւ Կոմիտասի աճիւնը՝ անոր մահէն մէկ տարի ետք:
Երիտասարդ Քոչարին Հայաստանի մէջ կը սպասէր դժուար ճանապարհ մը, այդ կարգին՝ ձերբակալութիւն (1941-1943 թուականներուն): Եւրոպայէն թարմ շունչով եւ ազատ միտքերով հայրենիք ներգաղթած արուեստագէտը կը մեղադրէին հակախորհրդային քարոզչութեան մէջ, թիրախ դարձաւ մանաւանդ Սասունցի Դաւիթի արձանը, որ կերտած էր Երուանդ Քոչար եւ որ դրուած էր Երեւանի մէջ՝ «Սասունցի Դաւիթ» ազգային էպոսի 1000-ամեակին առթիւ։ Արձանը կոտրեցին, իսկ Երուանդ Քոչար ազատ արձակուեցաւ միայն Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցի իր ընկերներուն՝ Կարօ Հալաբեանի եւ Անաստաս Միկոյեանի միջնորդութեան շնորհիւ, որոնք խորհրդային համակարգին մէջ ազդեցիկ դեր ունէին:
Ութսուն տարի անցած է այդ օրէն, սակայն այսօր ալ դաժան է անդրադառնալ այն հալածանքներուն, որոնք կը կրէին արուեստագէտներ ո՛չ միայն այդ նոյն տարին, այլեւ՝ 1920-1950 թուականներու միջեւ տեւած ստալինեան բռնաճնշումներու բոլոր տարիներուն: Երուանդ Քոչարի կերտած «Սասունցի Դաւիթ» արձանի երկրորդ տարբերակը Երեւանի մէջ դրուեցաւ 1959 թուականին, երբ արդէն մահացած էր երկրի ղեկավար, բռնատէր Ստալինը եւ արուեստի ազատութեան շունչը կարծես թէ թեւածելու սկսած էր երկրի տարածքին: Այսօր Քոչարի այդ արձանը դարձած է Երեւանի խորհրդանիշներէն մին, իսկ Երուանդ Քոչարի անունը իր ստեղծած մեծահամբաւ արուեստին եւ կերպարուեստին մէջ ունեցած անգին ներդրման շնորհիւ գրուած է հայ եւ համաշխարհային արուեստի պատմութեան էջերուն:
Երեւանի մէջ ան կ՚ապրի աւելի քան քառասուն տարի՝ ստեղծելով գեղանկարչական եւ քանդակագործական աշխատանքներ:
Երուանդ Քոչարի երեւանեան յիշատակի վայրը թանգարանն է՝ Մաշտոց պողոտային վրայ, որ բացուած է 1984 թուականին եւ ուր արուեստասէրը կրնայ ամբողջական պատկերացում կազմել վարպետին ստեղծագործական ուղիին մասին։ Քոչար նաեւ տարածական (եռաչափ) նկարչութեան հիմնադիրներէն է, եւ միայն Հայաստանի իր թանգարանին եւ Փարիզի «Փոմփիտու» կեդրոնին մէջ կարելի է տեսնել Քոչարի տարածական նկարները։
ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՎԱՅՐ ՄԸ ԵՒՍ
Երեւանի մէջ վերջին տարիներուն բացուած է նաեւ Երուանդ Քոչարի ուրիշ յիշատակի վայր մը. այդ մէկը անոր սենեակն է «Երեւան» պանդոկին («Կրանտ օթել Երեւան») մէջ: «Երեւան» պանդոկը աւանդոյթ մը ունի՝ սենեակներ կ՚անուանակոչէ այն մեծերուն անուններով, որոնք որեւէ ժամանակ ապրած են այդ հնագոյն պանդոկին մէջ: Երուանդ Քոչարի սենեակը պանդոկի առաջնակարգ սենեակներէն թիւ 329-ն է: 1936 թուականին Հայաստան գալով՝ արուեստագէտը տուն չէ ունեցած եւ չորս տարի՝ 1936-1940 թուականներուն ապրած է այդտեղ, իսկ պանդոկին կից սրճարանն ալ անոր սիրելի վայրերէն մին եղած է քաղաքամայր Երեւանին մէջ: Քոչարի սենեակի ձեւաւորման գործին մէջ պանդոկի տնօրէնութեան օգնած է Քոչարի թանգարանի տնօրէնը՝ քանդակագործի թոռնուհին Կարինէ Քոչարը: Թիւ 329 սենեակին պատերը զարդարուած են Քոչարի գեղանկարներու վերատպութիւններով, սենեակը, բարձրաստիճան հիւրեր ընդունելէ զատ, կ՚ընդունի նաեւ Երուանդ Քոչարի թանգարանի կողմէ Հայաստան հրաւիրուող կարեւոր անձեր: Պանդոկին մէջ սենեակներ անուանակոչելու աւանդոյթը հիմնած են անոր իտալացի սեփականատէրերը, բայց ահա բոլորովին վերջերս «Երեւան» պանդոկը գնած են հայաստանցի գործարարներ Եսայեան եղբայրները, եւ արուեստասէրները յոյս ունին, որ անուանակոչման գեղեցիկ աւանդոյթը կը պահպանուի:
Երուանդ Քոչար Ֆրանսայէն Հայաստան եկած է բերելով ոչ միայն իր անսահման եռանդը, նուիրումը, նկարները, այլեւ՝ «Մաէսթրօ» անունը, որ մինչեւ իր կեանքին վերջը եւ մահէն ետք նոյնիսկ, անբաժան է իր անունէն: Իր ծննդեան օրուան առթիւ կը ներկայացնենք յուշեր՝ Մաէսթրոյի մասին:
ՅՈՒՇԵՐ
Քոչար խիստ կը տարբերուէր այն ժամանակուայ երեւանցիներէն՝ նրբագեղ շարժուձեւով, արտաքին եւ ներքին պահուածքով: Անոր մասին խօսելու ժամանակ ակամայ կը մտաբերեմ Չեխովը, թէ մարդուն ամէն ինչը պէտք է ըլլայ գեղեցիկ՝ թէ՛ դէմքը, թէ՛ հագուստը, թէ՛ հոգին: Երեւանի մէջ ապրելու առաջին տարիներուն ան միակնոց կը կրէր, իսկ ձեռնափայտէն չբաժնուեցաւ մինչեւ իր բովանդակալից ու գեղեցիկ կեանքի վերջը: Մշտապէս ծխամորճ կը ծխէր, որ չափազանց հաճելի եւ արբեցնող բոյր ունէր… Կը խօսէր մեղմ, թաւշաձայն, պատկերաւոր՝ յստակօրէն արտայայտելով իր միտքերը: Անասելի հմայիչ ու հետաքրքրական զրուցակից մըն էր: Աւելի սերտ շփման ժամանակ առանձնապէս ակներեւ կը դառնային անոր ճշմարտախօսութիւնը, անկեղծութիւնը, մտածողութեան տրամաբանուածութիւնը: Անոր խորթ էին ծածկամտութիւնը, խորամանկութիւնը, կեղծ բարեպաշտութիւնը:
Ինչպէս բոլոր մեծերը, Քոչարը եւս գիտէր իր գինը…
Մաէսթրոն, Լեւոն Ներսիսեանը եւ Ռուբէն Ադալեանը նստած էին սրճարանը, երբ մօտեցաւ նկարիչ Արտաշէս Յունանեանը եւ հրաւիրեց տուն: Կը զրուցէին, կը լսէին Մաէսթրոյին, Լեւոնը առաջարկեց ըմպել Մաէսթրոյին կենացը, նշելով վերջինիս դերն ու նշանակութիւնը հայ կերպարուեստի զարգացման գործին մէջ: Լեւոնը վերջացուց այսպէս.
-Մաէսթրօ, դուք այն կամուրջն էք, որուն վրայէն պիտի անցնին միւսները:
Քոչարը զայրացած ընդհատեց.
-Ա՛յ տղայ, այդ ինչե՞ր կ՚ըսես, ես թէ՛ կամուրջն եմ, թէ՛ վրայէն անցնողը:
ՎԱՍԻԼ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Ժողովրդական նկարիչ
Քոչարը եւրոպական արուեստի ծնունդ էր, եւ ատով մեր հայ իրականութեան համար մեծարժէք, անկրկնելի է անոր արուեստը:
Կիրթ էր, զարգացած, կը տիրապետէր մի քանի օտար լեզուներու, հրաշալի գիտէր անթիք եւ ժամանակակից արուեստ, անձամբ շփուած էր ու ծանօթ էր 20-րդ դարու եւրոպացի ամենամեծերուն հետ:
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Ժողովրդական նկարիչ
Երուանդ Քոչարը ինծի կը յիշեցնէ իր քանդակած այն արծիւը, որ հպարտ թառած է Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի կառուցած պատուանդանի վրայ՝ Էջմիածնի խճուղիի եզրին, դէպի Զուարթնոց տանող ճանապարհին։
Միշտ ալ կապուած ըլլալով հայրենի երկրի ու անոր արուեստի արմատներու հետ, ան արծուի պէս կը տեսնէր հեռուները, հայկական լեռներէն այն կողմ տարածուած հորիզոնները: Որքան աւանդական էր, նոյնքան ալ նոր էր՝ ընդունակ ընկալելու արուեստի նորագոյն միտումները՝ միշտ հարազատ մնալով իր ինքնութեանը: Չէր վախնար ապագայէն, համոզուած, որ ապագան իրեն քուէ պիտի տայ:
ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԵԱՆ
Արուեստաբան
Կարծեմ 1964 թուականին էր, ես պէտք է Փարիզ երթայի: Գիտնալով այդ մասին՝ Քոչարը ինձմէ խնդրեց Փարիզի մէջ մտնել «Արթ մոտեռն» թանգարանը, ուր կը պահուի իր «Նկարչութիւն տարածութեան մէջ» շարքի աշխատանքներէն մէկը եւ լուսանկարել զայն:
Ես, բնականաբար, խոստացայ կատարել անոր խնդրանքը: Քոչարը դառնութեամբ ըսաւ. «Ոչ ոք կը հաւատայ ինծի, որ այդ թանգարանին մէջ կայ իմ աշխատանքս, այն գործերէն մէկը, որ ստեղծած եմ կեանքիս փարիզեան շրջանին»:
Իսկապէս Քոչարի գործը կը ցուցադրուէր թանգարանի փոքր մէկ սրահը: Ցնցող ստեղծագործութիւն էր այդ մէկը եւ անջնջելի տպաւորութիւն ձգեց: Սկիզբը չէին արտօներ լուսանկարել: Երբ թանգարանի տարեց ծառայողին հարցուցի, թէ ան կը յիշէ՞ արդեօք Քոչարը եւ ինչպէ՞ս կը գնահատէ անոր ստեղծագործութիւնը, ըսաւ որ այդ նկարին հեղինակը, անկասկած, իր ժամանակի լաւագոյն նկարիչներէն է, Փարիզի մէջ ան Փիքասոյի եւ այն ժամանակուայ ուրիշ երեւելիներու բարեկամը եղած է:
Այնուհետեւ անոր հարցուցի՝ գիտէ՞ արդեօք թէ հիմա ո՛ւր է Քոչարը։ Ան վստահօրէն պատասխանեց, թէ այդ նկարիչը վաղուց մահացած է: Ստիպուած էի համոզել անոր, որ Քոչարը ոչ միայն չէ մահացած, այլեւ երկու օր առաջ կը խօսէր ինծի հետ եւ կը խնդրէր, որ լուսանկարեմ այս թանգարանին մէջ գտնուող իր աշխատանքը: Աշխատակիցը չհաւատաց, որ Քոչարը ողջ է…
Լուսանկարները բերի ու յանձնեցի Քոչարին…
ՎԱԼԵՆԹԻՆ ՓՈՏՓՈՄՈԿՈՎ
Նկարիչ, բեմադրիչ
ՔՈՉԱՐԻ ՄԻՏՔԵՐԷՆ
- Արուեստը անաւարտ կամուրջ մըն է, որուն մէկ ոտքը յենուած է կեանքի վրայ, իսկ միւսը մեկնուած է դէպի անեզրութիւնը… Ամէն մէկ հանճար կ՚երկարացնէ այդ ոտքը, որպէսզի գտնէ երկրորդ յենարանը… եւ այդպէս անվերջ… Ատոր համար արուեստը մարդկութեան լաւագոյն իղձերու անվախճան պատմութիւնն է…:
- Ամէն արժէք գեղեցկութիւն կը դառնայ, բայց գեղեցկութիւնը ամէն արժէքէ բարձր է…:
- Արուեստը անիրական կեանքն է, ու անոր ճշմարտութիւնն այլ է, քան՝ կեանքի ճշմարտութիւնը…:
- Մինչ այսօր նկարչութիւնը առարկան կը ներկայացնէր միայն մէկ կողմէն, ատիկա կարծես ճակատագիր էր, մինչդեռ ես ունակ եմ առարկան, մարդը, բնանկարը ներկայացնել զանազան կողմերէ միաժամանակ՝ առանց քանդակելու: Տարածական նկարչութիւնը նոր զգայութիւն մըն է՝ մեր դարի զգայութիւնը, ես ձեզի կու տամ կենդանի հացը, կերէք… դուք կը նայիք եւ չէք տեսներ…
- Իսկական արուեստը յուզիչ է, ցնցող, շատ անգամ՝ անողոք ու տանջող, այդպիսի արուեստի խնդիրն է իր հոյակապ ձգտումներուն լուծում տալ իր ողբերգութեան բարձունքէն:
- Արուեստը կիրք է մարդկային հոգիի՝ զգացմունքի ծայրայեղ լարում, ահա մշտնջենաւոր բովանդակութիւնն արուեստի:
- Պատերազմը, ռումբերն ու թնդանօթները անցողիկ են, իսկ գեղարուեստը մշտնջենական է:
ԿԵԱՆՔԸ
Երուանդ Քոչար ծնած է Թիֆլիզ՝ 15 յունիս 1899 թուականին: Ծնողքն են՝ շուշեցի Սիմէոն Քոչարեանն ու Ֆէոկլա Մարտիրոսեանը։ 1906-1918 թուականներուն աւարտած է Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցը։ 1915-1918 թուականներուն, միաժամանակ, ուսանած է Գեղարուեստը խրախուսող կովկասեան ընկերութեան նկարչութեան եւ քանդակի դպրոցին մէջ: 1918-1919 թուականներուն ուսանած է Մոսկուայի Պետական ազատ գեղարուեստական արուեստանոցներուն մէջ:
1919-ին վերադառնալով Թիֆլիզ, մասնակցած է վրաց նկարիչներու աշնանային երկրորդ ցուցահանդէսին։
1921-ին Քոչար գեղանկարչութեան ուսուցիչ էր եւ մինչեւ Փարիզ մեկնիլը՝ արդէն համբաւաւոր նկարիչ։
1922-ին կը գտնուի Պոլիս: Ուղեւորութիւնը շարունակելու համար անհրաժեշտ էին նիւթական միջոցներ, ուստի Բերայի մատենադարանին մէջ կը կազմակերպէ անհատական ցուցահանդէս մը:
Յաջորդ հանգրուանը Վենետիկն էր, ուր երիտասարդ արուեստագէտը կ՚ուսումնասիրէ Ս. Ղազարի մատենադարանի մանրանկարչական հարուստ հաւաքածոն, կը ծանօթանայ հռոմէական եւ Վերածնունդի շրջանի արուեստի գանձերուն։ Վենետիկի մէջ, ստեղծած դիմաքանդակներուն համար կ՚արժանանայ արծաթէ շքանշանի: Հոն առաջին անգամ լրջօրէն կը զբաղի քանդակագործութեամբ՝ կը կերտէ յայտնիներու դիմաքանդակները: Վենետիկի մէջ կը ստեղծէ նաեւ քանի մը երփնագիր գործեր՝ «Իտալացի բանաստեղծը», «Ղազարոսի յարութիւն»ը եւ այլն:
1923-ին Քոչար կը մեկնի Փարիզ։ Նոյն տարուան սեպտեմբերին Արշակ Չօպանեանի աջակցութեամբ կը բացուի Փարիզի իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը: Քոչարի համար յատկապէս ոգեւորող էին Շահինի եւ Կիւրճեանի հիացական կարծիքները:
1924-ի փետրուարին կը մասնակցի «Անկախականներու սալոն»ի ցուցահանդէսին՝ իր վրայ բեւեռելով ժամանակի յայտնի արուեստաբաններու ուշադրութիւնը: Ֆրանսայի մէջ կը ստեղծէ կերպընկալէ-նկարչական նոր արտայայտչաձեւ «Տարածական նկարչութիւնը» (Peinture dans l՚espace), որ կը ներառէ ժամանակը՝ որպէս լրացուցիչ չորրորդ չափ: Փարիզի մէջ կը բնակի տասներեք տարի, կը մասնակցի բազմաթիւ նշանաւոր ցուցահանդէսներու, կ՚ունենայ հինգ անհատական ցուցահանդէս՝ կ՚արժանանայ արուեստաբաններու ամենաբարձր գնահատանքին:
1936-ին Քոչար կը ներգաղթէ Խորհրդային Հայաստան։ Կ՚ընդունուի Հայաստանի Նկարիչներու միութեան շարքերը եւ կը մասնակցի տեղական ցուցահանդէսներու։ Պահպանելով նորարարական որոշ ձեւամիջոցներ՝ առաջնակարգ նշանակութիւն կու տայ բովանդակութեան, նկարուողին ճշգրիտ անհատական նկարագիրին ու ներաշխարհին բացայայտման։ Կը ձերբակալուի կեղծ մեղադրանքով: Ձերբակալութենէն ազատ արձակուելէ յետոյ՝ 1944-1945 թուականներուն նկարչութիւն կը դասաւանդէ Երեւանի երկու համալսարանի մէջ: Քոչար բազմաժանր արուեստագէտ ըլլալէ զատ նաեւ պրպտող էր, բան մը ստեղծող:
1948-ին մոմաներկերու գիւտին համար «Գիւտերու եւ յայտնագործութիւններ»ու կոմիտէէն կը ստանայ հեղինակային վկայագիր։ Այսօր գեղանկարչութեան մէջ գործածուող մոմաներկին հեղինակը այդպէսով կը դառնայ ան:
Քոչարի արուեստը իր մէջ կ՚ամփոփէ համաշխարհային հին ու նոր արուեստի, ինչպէս նաեւ ժամանակակից նորարարական ուղղութիւններու բազմաթիւ գիծեր ու սկզբունքներ:
Քոչար կը մահանայ 22 յունուար 1979 թուականին՝ Երեւանի մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան