ԱՆՇԵՂ ԱՂՕԹՔ

Մեզմէ իւրաքանչիւրը գիտէ, որ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է: Սակայն շատեր եկեղեցի կը շտապեն իրենց փափաքներու իրագործման ետեւէն: Քանի մը վայրկեան կ՚աղօթեն, մոմ մը կը վառեն ու դուրս կ՚ելլեն: Այսքանը: Մինչդեռ Աստուած կ՚ուզէ, որ շաբաթուայ 168 ժամէն 2 ժամը մենք նուիրենք Իրեն: Չորրորդ պատուիրանի համաձայն, շաբաթ օրերը սուրբ պահելով, այցելենք մեր երկնաւոր Հօր տունը, հոգիով ու մտքով մասնակից դառնանք պատարագին, ստանանք հաղորդութիւն:

Եկեղեցիի մէջ մենք ներկայ կ՚ըլլանք ֆիզիքապէս, բայց ոչ երբեք հոգեպէս: Մեր միտքերը կ՚ըլլան ցիրուցան: Աղօթքի, պատարագի ընթացքին կը խորհինք զանազան բաներու մասին, այսինքն կը տրուինք սատանայի գայթակղութեան ու չենք կրնար կեդրոնանալ: Առհասարակ աղօթքի ընթացքին կեդրորնանալը բաւական բարդ է, նոյնիսկ հոգեւոր հայրերու համար: Եկեղեցիի դուռը գոց չէ սատանայի համար: Ան կը պտտի Տիրոջ տան մէջ՝ փնտռելով իր զոհերը, իսկ այդպիսիք քիչ չեն: Ինծի համար նոյնպէս տակաւին դժուար է կեդրոնանալը, մասնաւորապէս, երբ ամէն անգամ եկեղեցի կ՚այցելենք Զաւէնիկի հետ: Երեխան ինչպէս ամէնուր՝ շատ ուշադրութիւն կը պահանջէ: Միայն իրենց հաւատքի մէջ զօրացածները ի զօրու կ՚ըլլան աղօթքի ընթացքին մնալ անշեղ, չիյնալ սատանայի ծուղակը, ինչպիսին էր հայր Մակարը:

Եւ այսպէս, գիշեր մը սատանան բախեց հայր Մակարի խուցի դուռը եւ ըսաւ. «Ոտքի ելիր, հայր Մակար, երթանք մասնակցելու ժամերգութեան աղօթքին, ուր եղբայրները հաւաքուեցան հսկումի համար»: Սակայն ան, լի Աստուծոյ շնորհով ու չկարենալով ենթարկուիլ խաբէութեան, հասկցաւ, որ խօսքը կը վերաբերի սատանայի նենգութիւններէն մէկուն: Ըսաւ. «Ստախօս ու ճշմարտութեան թշնամի: Ի՞նչ գործ ունիս դուն ժամերգութիւններու ու սուրբերու հաւաքին հետ»: Բայց սատանան պատասխանեց. «Մակար, չես գիտե՞ր, որ առանց մեզի չեն կատարուիր ո՛չ ժամերգութիւնները, ոչ ալ վանականներու հաւաքները: Եկուր, ուրեմն, եւ կը տեսնես մեր գործերը»: Այնժամ Մակարը պատասխանեց. «Թո՛ղ դատապարտէ քեզ Տէրը, պիղծ ոգի» (Յուդա 9):

Եւ սկսաւ աղօթել ու Տիրոջմէ խնդրել՝ թէ արդեօք ճիշդ էր այն, ինչով որ կը պարծենար սատանան: Այնուհետեւ ելաւ, գնաց մասնակցելու ժամերգութեան, որու ընթացքին եղբայրները կը ծիսակատարէին հսկման արարողութիւնը, եւ աղօթքով նորէն աղաչեց Տիրոջը՝ ցոյց տալ զինքը՝ արդեօք ճշմարիտ էր այն խօսքը: Եւ ամբողջ եկեղեցին լեցուած տեսաւ սեւամորթ եթովպացիներու նմանող պատանիներով, որոնք կը վազվզէին՝ մէկ կողմէն միւս կողմ ցատկելով: Այդ վանքի սովորութիւնը այնպիսին էր, որ բոլորը կը նստէին եւ միայն հոգի մը կը կարդար սաղմոսը, մինչ միւսները կ՚ունկնդրէին ու կը պատասխանէին կրկներգով: Եթովպացի մանուկները կը վազէին այս ու այն կողմ, կը քսուէին նստած վանականներէն իւրաքանչիւրին, եւ երբ երկու մատով կը հպէին ոեւէ մէկու աչքերուն, ան իսկոյն կը քնանար:

Եթէ մատով մը կը հպէին եղբայրներէն մէկուն շուրթերուն, կը ստիպէին վերջինիս յօրանջել: Իսկ երբ սաղմոսէն վերջ, եղբայրները ծունկի կու գային աղօթքի համար, խափշիկները կը վազվզէին մէկէն դէպի միւսը: Եւ վանականներու դիմաց կը ներկայանային կնոջ, մէկ ուրիշին՝ շինարարութեան վրայ աշխատողներու կամ բեռներ փոխադրողներու կերպարանքով, կամ կարծես կը լուծէին այս կամ այն հարցը: Այն ամէնը, ինչ որ սատանաները կը ներկայացնէին անոնց ծաղրելով՝ եղբայրները աղօթքի ժամանակ կը խորհէին իրենց սրտի մէջ:

Եղբայրներէն ոմանք, սակայն, հազիւ թէ սատանաները կը սկսէին իրենց յիշեալ գործերէն որեւէ մէկը ընելու, վըճ-ռականօրէն կը հեռացնէր ու պատրաստակամ կերպով կը վռնտէր զանոնք, այնպէս, որ չէին համարձակեր երկար մնալ այդ եղբայրներու դիմաց կամ անցնիլ անոնց քովէն: Կ՚երթային խաղալու տկար եղբայրներու վիզին կամ թիկունքին նստած, որովհետեւ ասոնք ուշադիր չէին աղօթքին: Երբ այս տեսաւ հայր Մակարը, խորապէս դառնացաւ, սկսաւ հառաչել ու արցունքներ հեղել Տիրոջ դիմաց՝ ըսելով. «Աստուած, քուն մի մտներ, համր ու անգործ մի մնար, ո՜վ Աստուած: Ելիր ոտքի, Աստուած, որպէսզի թշնամիներդ քօղ ցրուեն ու փախչտին առջեւէդ, քանզի մեր հոգին յագեցաւ խաբէութիւններով»: Աղօթքէն վերջ, սակայն, ստուգելու համար տեսածի իսկութիւնը, մէկ առ մէկ իր քովը կանչեց այն եղբայրները, որոնց դիմաց տեսած էր, թէ ինչպէս սատանաները կը կերպարանափոխուէին ու կը ներկայացնէին զանազան պատկերներ: Անոնց հարցուց, թէ արդեօք աղօթքի ընթացքին ունեցա՞ն պոռնկութեան, ճամբորդութիւններու կամ ուրիշ մտածումներ, այսինքն, ճիշդ են այն երեւակայութիւնները, զորս սատանաները կը թելադրէին անոնցմէ իւրաքանչիւրին: Ամէնքը խոստովանեցան, թէ այդպիսիք են եղած իրենց սրտի մտածումները: Այնժամ փաստուեցաւ, որ բոլոր ունայն ու աւելորդ մտածումները, զորս իւրաքանչիւր ոք կը յղանայ սաղմոսերգութիւններու ու աղօթքներու ընթացքին, փախուստի կը մատնուին անոնց կողմէ, որոնք իրենց սիրտը կը պահպանեն կատարեալ արթնութեամբ: Իրօք, Աստուծոյ միացած եւ դէպի Ան ձգտող հոգին, յատկապէս աղօթքի պահուն, չի յղանար օտար կամ անօգուտ միտքեր («Հարաց վարք»):

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 15, 2021