Սարոյեանի ԺապաւէնիՆ ՑուցադրութիւնԸ
Ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մարդկային կատակերգութիւն» վէպի հիման վրայ նկարահանուած «Իթաքա» շարժապատկերին առաջին ծանուցումը արդէն իսկ պատրաստուած է ու կարելի է դիտել կայքէջի վրայ:
Ժապաւէնը պիտի սկսի ցուցադրուիլ յառաջիկայ Սեպտեմբերի 9-ին :
Ժապաւէնի բեմադրիչն է յայտնի դերասան Մեկ Ռայըն, իսկ անոր արտադրողներէն մէկն է Թոմ Հենքս, որ ժապաւէնին մէջ նաեւ դեր մը ստանձնած է՝ Ռայընի կողքին: Ժապաւէնին մէջ դերեր ստանձնած են Սեմ Շեփըրտ, Հեմիշ Լիքլեթըր, Ալեքս Նէօթետըր եւ Ճէք Քուէյտ, որ Մեկ Ռայընի զաւակն է:
«Իթաքա»ն բեմադրութեան առաջին փորձն է 54-ամեայ Մեկ Ռայընի համար:
Սարոյեանի վէպը հրատարակուած է 1943-ին: Վէպին անցուդարձերը տեղի կ՚ունենան Գալիֆորնիոյ մէկ քաղաքին մէջ, Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն: Ժապաւէնի երեւակայական քաղաքի՝ Իթաքայի գաղափարը հիմնուած է Սարոյեանի ծննդավայր Ֆրեզնոյի վրայ:
Միւս կողմէ, 1943-ին, շարժապատկերի «Էմ. Ճի. Էմ.» ընկերութիւնը Սարոյեանէն գնած էր սոյն վէպը պաստառ բարձրացնելու իրաւունքը եւ նկարահանած էր համանուն ժապաւէն մը, որուն մէջ գլխաւոր դերեր ստանձնած էին Միքի Ռունի եւ Ֆրենք Մորկըն: Ժապաւէնը թեկնածու դարձած էր հինգ «Օսքար»ներու, իսկ Սարոյեան արժանացած էր «Օսքար»ի, լաւագոյն պատմութեան անուանակարգին մէջ: