ԹԱԽԾՈՏ ԿԱՏԱԿԱԲԱՆԻ ՍԵՒ ՈՒ ՃԵՐՄԱԿ ԿԵԱՆՔԸ

-Կեցցէ՛, տարուայ լաւագոյն կատակաբանը…

-Դուք անկրկնելի էք… շնորհակալ ենք ձեզի՝ մեզի անսպառ ժպիտ պարգեւելու համար… մենք ձեզ շատ կը սիրենք…

Բազմահազար դահլիճէն՝ որոտընդոստ ծափահարութիւններու մէջէն կը լսուէին վերոնշեալ գովեստի խօսքերը։

Ինչպէս միշտ, այս անգամ նոյնպէս՝ ան իր սիրելի հանդիսատեսին ներկայացաւ ամենայն անկեղծութեամբ եւ գործադրեց ամէն ջանք ու ճիգ՝ զանոնք լիաթոք ուրախացնելու համար։ Ներկայացման աւարտին՝ զուարճաբանը ընկալեալ սովորութեան համաձայն, քանի մը վայրկեան միայնակ նստաւ դատարկ դահլիճին մէջ։ Այլեւս ուժասպառ էր. ականջներուն մէջ տակաւին կը հնչէր խառնիխուռն բազմութեան աղաղակները։ Աչքերը ինքնըստինքեան կը գոցուէին յոգնածութենէն։ Այդ պահուն կատակաբանի միակ բաղձանքը՝ հանգչիլն էր. լուացուիլ, մտնել տաքուկ անկողին ու քնանալ։ Մարմինն ու աչքերը երկար ժամանակէ ի վեր կարօտ էին հանգստութեան։ Տաղանդաշատ կատակաբանը նոյնիսկ տեսնել չէր ուզեր լոյսի շող մը, պարզապէս կ՚ուզէր ինքզինքը մտիկ ընել մթութեան ու լռութեան մէջ։

Երբ կէս գիշերին հասաւ տուն, բանալիով կամացուկ մը բացաւ իր առանձնատան դուռը։ Քանզի ժամը շատ ուշ էր, վստահ էր, թէ տնեցիներըը կը քնանային, ուստի համր քայլերով փորձեց յառաջանալ դէպի ննջասենեակ։ Այդ ընթացքին հիւրասենեակի դուռը բացուեցաւ. կինն էր։

-Բարի եկար, պարոն կատակաբան։

-Բարի տեսանք, սիրելիս,- ըսաւ ան ու շտապեց դէպի ննջասենեակ։

Գրեթէ կէս ժամ կինը՝ Արմէնուհին ոչինչ խօսեցաւ։ Ան լուռ էր, սակայն ներաշխարհը՝ տակնուվրայ։ Տասն տարուայ ամուսիններ էին, սակայն իրենց համատեղ կեանքէն բան մը չէր հասկցած։ Աշխարհահռչակ կատակաբան ամուսինը հազուադէպօրէն կ՚ըլլար տունը. տեւական կը ճամբորդէր երկրէ երկիր, հանդէս կու գար զանազան կատակերգութիւններով։ Ամուսինները միայն յատուկ երեկոյթներու եւ ճաշկերոյթներու ընթացքին հնարաւորութիւն կ՚ունենային իրարու հետ ժամանակ անցընելու։ Երիտասարդ կինը չէր կրնար մտաբերել, թէ վերջին անգամ ե՞րբ իր սիրելի ամուսինը ընտանիքի հետ միասնաբար վայելած էր կիրակնօրեայ հանգիստը։

Երեխաները շատ կը կարօտնային իրենց հայրիկը, զոր յաճախ կը տենէին հեռատեսիլով քան տունը՝ իրենց կողքին։

Քանի մը ժամ առաջ ալ՝ ընտանիքը ուղիղ եթերով դիտած էր հարեւան պետութեան ամենամեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցած հմուտ կատակաբանի յաջող ներկայացումը։ Նշանաւոր արուեստագէտի երեք զաւակներէն կրտսերը՝ չորսամեայ Սարգիսը սկսաւ հեծկլտալ. հայրը տեսնել կ՚ուզէր։ Մայրը մեծ դժուարութեամբ կրցաւ երեխան հանգստացնել։ Փոքրիկը քնացաւ արցունքը աչքերուն։

Միշտ ուրախ կատակաբանը լոգարանէն ելլելէ վերջ, կնոջը հարցուց իր երեխաներու որպիսութեան մասին։ Թէ ինչպէ՞ս կ՚անցնի անոնց առօրեան, ինչո՞վ կը զբաղին։

-Սիրելիս, երեխաները քեզ շատ կը կարօտնան։ Այլեւս ուրախ չեն, ոչ մէկ բանէ հաճոյք կ՚առնեն։ Անոնց միակ փափաքը դուն ես։

-Ես ալ անասելի կարօտցայ իմ անգին հրեշտակները։ Այլեւս կարօտը չի ձգեր, որ հաճոյք ստանամ իմ կատարած աշխատանքէն։ Արմէնուհիս, չեմ գիտեր ինչպէս վարուիլ, որպէսզի ճիշդ ըլլայ։ Երկու քարի արանքի մէջտեղ մնացած եմ։

-Շատեր կը նախանձին քեզի ու մեր ապրած շքեղ կեանքին։ Սակայն, այդ նախանձողները չեն գիտեր, թէ մենք պարզապէս շքեղ կեանք ունինք եւ աւա՜ղ՝ թերի ընտանիք։ Անոնք կը կարծեն, թէ քեզի ծանօթ է միայն խինդն ու ծիծաղը…

-Եթէ գիտնային, որ առիւծի բաժինը իրենց կը հասնի, եւ միայն չոր ոսկորները իմ ընտանիքին, այլեւս ինծի չէին նախանձեր, փոխարէնը՝ կը կարեկցէին։

-Լիովին համամիտ եմ, իմ տխուր զուարճաբան։ Մենք մեր ապրած կեանքէն բան մը չենք հասկնար։ Թախիծը սիրտդ պատած, դուն համայն մարդկութեան ուրախութիւնն ես։ Սակայն այլեւս այսպէս չի կրնար շարունակել, մենք…

Վերջին նախադասութիւնը չաւարտած, Արմէնուհին նշմարեց, որ ամուսինը այլեւս զինք մտիկ չ՚ըներ. քնացած է…

Առաւօտեան ընտանիքի մայրը արթնցաւ իր սիրասուն զաւակներուն ուրախութեան ճիչերէն։ Հայրը հիւրասենեակի մէջտեղը երեխաներուն համար բեմադրած էր մասնաւոր ներկայացում մը։ Տան մթնոլորտը համակուած էր երջանկութեան կաթիլներով։ Տանտիրուհին նոյնպէս անմասն չմնաց այս խինդ ու ծիծաղէն։ Նոր եռանդով լեցուն ան մտաւ խոհանոց, որպէսզի շտկէ նախաճաշի սեղանը։

-Անակնկալ,- միաձայնութեամբ կենսուրախ գոչեցին հայրն ու զաւակները։

-Մայրիկ, այսօր մենք հայրիկին հետ միասնաբար քեզի համար շտկեցինք սեղանը։

-Իմ անկրկնելի կին, այս գեղեցիկ ծաղիկները քեզի։

Արմէնուհին այդ վայրկեանին այնքան երջանիկ էր, որ կտրականապէս հրաժարեցաւ օրեր առաջ կայացուցած իր տխրահռչակ որոշումէն։ Երջանկութեամբ գինովցած երիտասարդ կինը համոզուեցաւ, որ ընտանիքը սրբատեղի մըն է… Եւ պէտք է միշտ պայքարիլ անոր յարատեւման համար՝ անկախ կեանքի յառաջ քաշած արգելքներէն ու դժուարութիւններէն...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2019