ԱՌՈՂՋ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԸԼԼԱԼ ՅՈՌԵՏԵ՞Ս
Երբ կը մտածենք առողջ հասարակութեան մը մասին, կրնայ մեզի թուիլ, որ մարդոց մեծամասնութիւնը լաւատեսօրէն տրամադրուած է իր, համաքաղաքացիներու հետ եւ հաւաքական ապագայի վերաբերեալ: Բայց իրականութեան մէջ ճիշդ հակառակը կը թուի ըլլալ. որեւէ առողջ հասարակութեան կայունութեան գաղտնիքը յոռետեսութեան մէջ է:
Յոռետեսութեան տեսակէտի համաձայն՝ բոլորը իրականութեան մէջ խորապէս թերի են. մոլեռանդ, վրէժխնդիր, յուզումնալից, անխոհեմ, բարկացոտ, վախկոտ եւ կրքոտ: Բոլորս խելագարուած ենք քանի մը առաւել ջղաբջիջներով։ Նման ըմբռնում մը որդեգրելէ յետոյ կարելի է առանձնացնել որոշ չափանիշներ, որոնք կը ստեղծեն խելացի, անվտանգ, արդար եւ տրամաբանական հասարակութիւններ։
Իտէալական յոռետես հասարակութեան մէջ բաւական ձանձրալի եւ չափազանց կայուն քաղաքական գործիչները տիպարներ են, որոնց ոչ ոք կը հաւատայ՝ աւերածութիւններ յառաջացնող եւ երեւակայական խոստումներուն պատճառով: Ընտրողները բաւական յոռետես են, երբ խօսքը կը վերաբերի ազգի առկայ խնդիրներու հապճեպ լուծումներուն: Քարոզչութեամբ տրուած ծայրայեղ խոստումները անմիջապէս կ՚անտեսուին՝ արհամարհանքով, որովհետեւ յոռետեսները կը գիտակցին, թէ իրականութեան մէջ որքան թերի է ամէն անհատ։ Իտէալական յոռետեսական հասարակութիւնը կը խուսափի ամբողջ իշխանութիւնը մէկ անձի ձեռքը յանձնելէ։
Հասարակութեան իտէալական յոռետեսական գաղափարին մէջ որեւէ խումբ կամ դաս մեղադրելու քիչ դրդապատճառ կ՚ըլլայ: Ինչպէս, ցաւօք, կը խոստովանին ընտրողները, մեր խնդիրները հիմնականին մէջ կը բխին ոչ թէ քանի մը մարդոցմէ, որոնք թիրախաւորելն ու ատելը դիւրին է։ Յոռետես հասարակութեան անհատները պատրաստ են սահմանափակել զիրենք, ազատութիւնը անոնց համար կը նշանակէ գործել իրենց ամենախելացի եւ տրամաբանական կողմի համաձայն, ինչ որ միայն ժամանակ առ ժամանակ ի յայտ կու գայ, այլ ոչ թէ ընել այն, ինչ որ կ՚ուզեն՝ անկախ ժամանակէն:
Յոռետես հասարակութիւններու մէջ կրթական համակարգը մանրամասն, լայն, յաւակնոտ եւ հիմնաւորուած ձեւով ուսում կը մատուցանէ։ Ըստ այդ հասարակութեան անդամներուն, մարդկային թարմ միտքը կառուցուածքային ու նպատակաուղղուած օգնութեան կարիքն ունի կեանքը յաղթահարելու համար։ Կրթական համակարգը չի կեդրոնանար միայն թեքնիք հմտութիւններու վրայ, այլեւ կ՚առաջարկէ բաւարար օգնութիւն այն յուզական վիճակներու համար, որոնցմէ սկիզբ կ՚առնեն մեր ողբերգութիւնները:
Հասկնալով, որ մենք բոլորս նուրբ, դիւրութեամբ վախցող արարածներ ենք, յոռետես հասարակութիւնը հոգ կը տանի ստեղծելու գեղեցիկ եւ կենսունակ ընկերային տարածքներ: Քաղաքները կը բացայայտուին որակով, պարզութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ: Բարձր, տգեղ շէնքը, ճնշող ու քաոսային երկնաքերները, կեղտոտ փոխադրամիջոցներու կայարանները կրնան անհատը հասցնել յուսահատութեան: Յոռետես հասարակութիւնը կը տարբերի՝ համընդհանուր անդորրութեան ու բարգաւաճման սկզբունքը ընդունելով։
Լաւատես հասարակութիւններու մէջ, սակայն, կը շարունակուին այն պնդումները, ըստ որոնց բոլորը առանձնայատուկ են եւ որ օր մը հնարաւոր է կախարդական յաջողութեան մը հասնիլ: Կեանքի գրաւչութիւնները եւ պարգեւները, հետեւաբար, տրամաբանօրէն ուղղուած են անոնց, որոնք հասած են զենիթին: Լաւագոյն ճաշարանները լաւագոյն որակի են։ Մասնաւոր հիւանդանոցները հիանալի են, ամենաթանկ դպրոցները՝ հոյակապ, ամենահարուստ տարածքները լի են հաճոյքներով, իսկ հարուստներու համար հարկերը շատ ցած են։ Այնուամենայնիւ, նման հասարակութիւնները յամառօրէն կը մոռնան, որ այս ձեւով մեծամասնութիւնը այդ փոքրամասնութեան առաւելութիւններուն չի կրնար տիրանալ, սա անխուսափելի է իրենց պարագային:
Այսինքն՝ յոռետես հասարակութիւններու մէջ միջակութիւնն ու հիասթափութիւնը ընդունուած են որպէս բնական երեւոյթ, իսկ միջին կեանքը հնարաւորինս գրաւիչ դարձնելը կը դիտարկուի՝ որպէս պետութեան նպատակ։ Հանրային բնակարանները, դպրոցները, պետական հիւանդանոցները եւ փոխադրամիջոցները հիանալի են, քանի որ կ՚ենթադրուի, թէ գրեթէ բոլորս յոյս դրած ենք անոնց վրայ։ Եթէ նման յոռետեսական սկզբունքները հետապնդուին, արդիւնքը կ՚ըլլայ հասարակութիւն մը, ուր արդարութիւնն ու անդորրութիւնը արագօրէն կը հաստատուի:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ