ԹԱՔՍԻՄ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ՃԱՇԸ
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Թաքսիմ մարզակումբի ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան աւանդական ընթրիքը։ Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Մասնակիցներու շարքին էին Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանէն Մարգրիտ Տիքմէ։ Համայնքային շրջանակներէ բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր եւս մասնակցեցան այս երեկոյթին։ Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։
Երեկոյթի տեւողութեան պարքովիզիոնի ցուցադրութիւն մը կատարուեցաւ եւ այս առթիւ բոլոր ներկաները վերյիշեցին ակումբի պատմութիւնը։ Աւելի վերջ յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ ակումբի վարչայիններէն Մկրտիչ Կիւլէզեանի հանդիսավարութեամբ։ Այս վերջնոյն կողմէ արտասանուած ողջոյնի խօսքին զուգահեռ՝ իրերայաջորդ արտայայտուեցան Կարօ Համամճեան, Արման Քենտիրլի եւ Զեքի Էօճալ։ Սրտի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ Մուսթաֆա Սարըկիւլ։ Մեներգչուհի Ալիս Շահինօղլու մթնոլորտը խանդավառեց իր կատարումներով՝ Սիրուն Սիրունեանի նուագակցութեամբ։ Տեղապահ սրբազան հայրն ալ արտասանեց օրհնութեան խօսք մը։
Թաքսիմ մարզակումբի այս հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ հրապարակելու համար, որ ներկայիս կարգ մը համայնքային վարժարաններու ուղղեալ ծրագրեր յառաջ կը տարուին հետեւողականօրէն։ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը, Պէզճեան Մայր վարժարանը ու Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը Թաքսիմ մարզակումբին կողմէ ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին՝ որպէսզի աշակերտները ներգրաւուին մարզական կեանքին։
Միւս կողմէ, նախընթաց օրուան հաւաքոյթի ընթացքին հերթական անգամ օրակարգի վրայ եկաւ Թաքսիմ մարզակումբի Ֆէրիգիւղի «Չոպանօղլու» փողոցի մարզադաշտի կարգավիճակին խնդիրը։ Մօտաւոր անցեալին այս հարցին լուծումը թէեւ բաւական հասունցած էր, վարչայինները գրեթէ վերջնական արդիւնքներ կը փոխանցէին համայնքային շրջանակներուն, սակայն վերջին շրջաններուն դիւանակալական յարակից խնդիրներ ծագած են վերստին։ Թէ՛ մարզադաշտի կարգավիճակը եւ թէ այնտեղ կառուցումը նախատեսուած համալիրը ակումբի վարչութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ են։ Այս ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքներ կը տարուին եւ վարչայինները լիայոյս են, թէ յամառ ջանքերու շնորհիւ պիտի հասնին վերջնական յաջողութեան եւ մեր համայնքի երիտասարդութիւնը պիտի ունենայ մարզանքով զբաղելու կարեւոր հնարաւորութիւն մը։