Գրիգոր Օտեան. Զարթօնքի Սերունդին Ազատախոհ Բարեկարգիչը

Հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­րան­քին ար­ժա­նա­ցած տոհմ է ա­րեւմ­տա­հայ Օ­տեան ըն­տա­նի­քը, ո­րուն ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Գ­­րի­գոր Օ­տեա­նի (1834-1887) ծննդեան 181-րդ ­տա­րե­դարձն է Դեկ­տեմ­բերի 9-ը։

Թէեւ Օ­տեան­նե­րու կրտսե­րա­գոյն սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ հայ եր­գի­ծա­կան գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­նուն վար­պետ Ե­րո­ւանդ Օ­տեա­նը ան­մա­հու­թեան ար­ժա­նա­ցուց Օ­տեան տոհ­մա­նու­նը, այ­սու­հան­դերձ՝ ա­նոր հօ­րեղ­բօր՝ Գ­­րի­գոր Օ­տեա­նի ներդ­րու­մը եւս ե­ղաւ մե­ծար­ժէք, նաեւ՝ նոյ­նինքն Ե­րո­ւանդ Օ­տեա­նի կազ­մա­ւոր­ման մէջ։

Շ­­նոր­հա­լի գրո­ղի եւ խո­հուն մտա­ւո­րա­կա­նի իր ար­ժա­նիք­նե­րէն ան­դին՝ Գրի­գոր Օ­տեան հռչա­կո­ւե­ցաւ իբ­րեւ ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան ա­զա­տա­խոհ ու յա­ռա­ջա­դէմ գոր­ծիչ, որ մին­չեւ վեր­ջին շունչ պայ­քա­րե­ցաւ հա­յոց ազ­գա­յին ­զար­թօն­քին հա­մար։

Գ­­րի­գոր Օ­տեան ի­րա­ւամբ կը նկա­տո­ւի իր դա­րաշր­ջա­նի դրօ­շա­կիր­նե­րէն ու յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն մէ­կը Սահ­մա­նադ­րա­կան ­կար­գե­րու հաս­տատ­ման ար­դի շար­ժու­մին։ Գ­­րի­գոր Օ­տեա­նի ա­նու­նին կապո­ւած են մշա­կումն ու որ­դեգ­րու­մը ոչ միայն 1862-ի դա­րա­կազ­միկ հա­յոց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան, այ­լեւ 1876-ին վար­չա­պետ ­Միտ­հաթ փա­շա­յի կող­մէ հրա­պա­րա­կո­ւած ու Սուլ­թա­նին պար­տադ­րո­ւած Օս­մա­նեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան։

Գ­­րի­գոր Օ­տեան երկ­րորդ սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն էր Օ­տեան­նե­րու գեր­դաս­տա­նին, որ փայ­լե­ցաւ իր ա­նուա­նի զա­ւակ­նե­րով, ո­րոնք ապ­րե­ցան եւ գոր­ծե­ցին ­Պոլ­սոյ մէջ, ի­րենց մե­ծակ­շիռ ներդ­րու­մը ու­նե­նա­լով պոլ­սա­հայ եւ ընդ­հան­րա­պէս ա­րեւմ­տա­հայ հա­սա­րա­կա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ։

Իր ծննդա­վայր ­Պոլ­սոյ մէջ հա­յե­րէ­նով եւ օս­մա­նե­րէ­նով կրթու­թիւն ստա­նա­լէ ետք, Գ­­րի­գոր Օ­տեան բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ ­Փա­րի­զի հա­մալ­սա­րան­նե­րէն ներս, ա­կա­նա­տեսն ու մաս­նա­կի­ցը դար­ձաւ 1848-ի ֆրան­սա­կան եւ եւ­րո­պա­կան յե­ղա­փո­խու­թեանց հե­տե­ւած ըն­կե­րա­յին շար­ժում­նե­րուն, ո­րոնց ներշն­չու­մով ալ, ­Պո­լիս վե­րա­դար­ձին, 1850-ա­կան­նե­րուն, գա­ղա­փա­րա­կիցն ու գոր­ծա­կի­ցը դար­ձաւ նոյն­պէս ­Փա­րիզ ու­սա­նած եւ եր­կիր վե­րա­դար­ձած ազ­գա­յին ա­նո­ւա­նի յա­ռաջ­դի­մա­կան գոր­ծիչ­ներ ­Նա­հա­պետ ­Ռու­սի­նեա­նի, Նի­կո­ղոս ­Պա­լեա­նի եւ ­Սե­րով­բէ ­Վի­չե­նեա­նի, ո­րոնք ստեղ­ծե­ցին հա­յոց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը:

Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, իր ընդ­հա­նուր փի­լի­սո­փա­յու­թեամբ, մին­չեւ մեր օ­րե­րը կը պահ­պա­նո­ւի եւ հիմ­քը կը կազ­մէ տա­րա­գիր հա­յու­թեան ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի կազ­մա­կեր­պու­մին՝ աշ­խար­հա­կան մաս­նակ­ցու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­յին հա­կակշ­ռի սկզբունք­նե­րը սահ­մա­նադ­րա­կա­նօ­րէն նուի­րա­գոր­ծե­լով։

Գ­­րի­գոր Օ­տեան յայտ­նի է նաեւ որ­պէս Օս­մա­նեան ­կայս­րու­թեան պե­տա­կան գոր­ծիչ: 1860-ին ան ար­ժա­նա­ցաւ Օս­մա­նեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նին, իսկ այ­նու­հե­տեւ գլխա­ւո­րեց միեւ­նոյն նա­խա­րա­րու­թեան օ­տար թղթակ­ցու­թեանց դի­ւա­նա­պե­տի աշ­խա­տանք­նե­րը, հա­մա­պա­տաս­խան պե­տա­կան աս­տի­ճան ստա­նա­լով (սա­նի­յէ):

1865-ին ան ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Տա­նու­փեան կու­սա­կա­լու­թեան կեդ­րո­նը՝ Ռուս­չուկ, իբ­րեւ քա­ղա­քա­կան ընդ­հա­նուր տե­սուչ: 1868-ին նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Պե­տա­կան ­խոր­հուր­դի քար­տու­ղար, իսկ 1869-ին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան դի­ւա­նա­պետ:

1871-ին ան կո­չո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան հան­րա­յին կա­ռոյց­նե­րու եւ շի­նու­թեանց նա­խա­րա­րու­թեան մէջ փոխ-նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նին: ­Նոյն թո­ւա­կա­նին, կարճ շրջա­նի մը հա­մար, խորհր­դա­կա­նի պաշ­տօն ալ ստանձ­նեց ա­ռեւ­տու­րի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ։ 1872-ին ընտ­րո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ:

1875-ին, հան­րա­յին շի­նու­թեանց նա­խա­րա­րու­թեան մէջ փոխ-նա­խա­րա­րի իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ժա­մա­նակ, նա­խա­րա­րի բա­ցա­կա­յու­թեան բեր­մամբ՝ Գ­­րի­գոր Օ­տեա­նի վստա­հո­ւե­ցաւ նա­խա­րա­րու­թեան ընդ­հա­նուր գոր­ծե­րը ղե­կա­վա­րե­լու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։

Գ­­րի­գոր Օ­տեան սերտ կա­պեր մշա­կած էր ա­տե­նի թուրք պե­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րու ա­ւա­գա­նիին հետ։ Ա­նոնց բարձ­րա­գոյն եւ ա­մե­նա­գաղտ­նի խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն մաս­նա­կից ե­ղած էր: Յատ­կա­պէս մտե­րիմն ու վստա­հե­լի խորհրդա­կանն էր այդ թո­ւա­կան­նե­րու Օս­մա­նեան ­կայս­րու­թեան մեծ ե­պար­քոս՝ նա­խա­րա­րա­պետ ­Միտ­հաթ փա­շա­յի, ո­րուն յանձ­նա­րա­րու­թեամբ եւ խրա­խու­սան­քով Գ­­րի­գոր Օ­տեան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ պե­տու­թեան օ­րէնսդ­րա­կան եւ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­նո­րոգ­ման հա­մար կա­տա­րո­ւած ծրագ­րում­նե­րուն եւ ա­նոնց ի­րա­գործ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Այդ ճամ­բով էր, որ Գ­­րի­գոր Օ­տեան ոչ միայն խորհր­դա­տուն ե­ղաւ ­Միտ­հաթ փա­շա­յի նա­խա­ձեռ­նած Սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րուն, այ­լեւ հա­մա­հե­ղի­նա­կը դար­ձաւ մեծ ե­պար­քո­սի ա­նու­նով 1876-ին հռչա­կո­ւած Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան։

Բայց նո­րա­հաս­տատ Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ժո­ղո­վը եր­կար կեանք չու­նե­ցաւ։ ­Նոյն տա­րին սուլ­թա­նա­կան գա­հին բազ­մած Ապ­տիւլ ­Հա­միտ Բ­.-ը առ­կա­խեց ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը եւ ցրուեց ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ժո­ղո­վը։ Այ­նու­հե­տեւ վտան­գի տակ ին­կաւ սահ­մա­նադ­րու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րուն եւ հա­մա­կիր­նե­րուն կեան­քը: ­Թուրք պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան գոր­ծիչ­նե­րու շար­քին, խու­սա­փե­լու հա­մար ­Հա­մի­տի հա­լա­ծանք­նե­րէն, Գ­­րի­գոր Օ­տեան իր կար­գին 1880-ին ստի­պո­ւե­ցաւ ա­պաս­տա­նիլ ­Փա­րիզ, ուր եւ մնաց ու գոր­ծեց մին­չեւ իր վախ­ճա­նը՝ 1887 թո­ւականը։

1870-ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն, Գ­­րի­գոր Օ­տեան կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ նաեւ ­հայ­կա­կան ­հար­ցի մի­ջազ­գայ­նաց­ման գոր­ծին մէջ։ 1878-ին, ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վի նա­խօ­րեա­կին, Գ­­րի­գոր Օ­տեան հան­դէս ե­կաւ ­հայ­կա­կան ­նա­հանգ­նե­րու ինք­նա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջադ­րան­քով, որ դժբախ­տա­բար ար­ձա­գանգ չգտաւ ա­տե­նի Թր­­քա­հա­յոց ­Պատ­րիար­քար­նի ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ. միայն Խ­­րի­մեան ­Հայ­րիկ դրա­կա­նօ­րէն ար­ձա­գան­գեց բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու պա­հան­ջէն ան­դին անց­նող եւ ուղ­ղա­կի հա­յոց ինք­նա­վա­րու­թիւ­նը պա­հան­ջող Գ­­րի­գոր Օ­տեա­նի պատ­րաս­տած յու­շագ­րին։

­Հայ­կա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան իր պա­հան­ջով հան­դերձ՝ Գ­­րի­գոր Օ­տեան բնաւ կողմ­նա­կից մը չե­ղաւ յե­ղա­փո­խու­թեան։ ­Միշտ գոր­ծեց ա­զա­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեամբ եւ ընդ­դի­մա­ցաւ յե­ղա­փո­խա­կան քայ­լե­րուն՝ յատ­կա­պէս գա­ւառ­նե­րու հայ բնակ­չու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ընդ­հա­նուր լու­սա­ւո­րու­մը եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան կազ­մա­կեր­պու­մը նկա­տե­լով գրա­ւա­կա­նը ­հայ­կա­կան հար­ցի ար­դար լուծ­ման։

Ար­ժա­նա­ւոր ու մե­ծա­նուն ­հա­յու ծննդեան 181-րդ ­տա­րե­դար­ձին պատ­գա­մը թող ըլ­լայ, իր ան­ձին կեն­դա­նի օ­րի­նա­կով նո­ւի­րա­գոր­ծո­ւած, հե­տե­ւեալ ազ­դա­րա­րու­թիւ­նը Գ­­րի­գոր Օ­տեա­նի.-

«Ան հա­յը, որ իր պե­տա­կան պաշ­տօ­նին ըն­ծա­յած դիւ­րու­թիւն­նե­րէն օգ­տո­ւե­լով իր շա­հե­րուն կը զո­հէ այս խեղճ, տա­րա­բախտ ազ­գը, ա­նի­ծեալ ըլ­լայ, ե­րիցս ա­նի­ծեալ»:

Ինչ­պէս որ ա­նոր մա­հէն տասը տա­րի յե­տոյ վկա­յած է Ար­փիար Ար­փիա­րեան՝ «Օ­տեա­նի ա­նու­նը գուր­գու­րա­լիր եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ մը կը յի­շա­տա­կո­ւի։ Ու պի­տի յի­շա­տա­կո­ւի միշտ ալ, վասն­զի ժո­ղովր­դա­կան է ու ժո­ղովր­դա­կան կը մնայ Օ­տեան, վասն­զի մտա­տի­պար մը ե­ղաւ. Մ­­տա­տի­պար մը հայ պաշ­տօ­նէի, մտա­տի­պար մը հայ քա­ղա­քա­գէ­տի, մտա­տի­պար մը հայ ազ­գա­սէ­րի, մտա­տի­պար մը հայ գրա­գէ­տի…»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015