ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂԵԴԻ
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ այս շրջանին կեանքի կը կոչուի գեղարուեստական կարեւոր յայտագիր մը, որու նպատակն է խրախուսել Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումը։ «Ներդաշնակութեան մեղեդի» կը կոչուի այս ծրագիրը, որուն մէջ ներգրաւուած են թուրք եւ հայ երաժիշտներ։ Նախագծին մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ մեր համայնքէն սիրուած մեներգչուհի Սիպիլ։
Երկխօսութեան խրախուսման ուղղեալ այս ծրագրով նախատեսուած են երկու համերգներ, որոնցմէ առաջինը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Երեկոյթը կազմակերպուած էր «Յակոբ Պարոնեան» երաժշտական երգիծական թատրոնի դահլիճին մէջ։ Այս առթիւ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլս։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Սիպիլին առընթեր Երեւան մեկնած էին Թուրքիայէն ժողովրդական նուագարաններու վարպետ քանի մը արուեստագէտներ՝ Օսման Եուրտալ Թոքճան, Կէօքսէլ Պաքտակիր, Պուրաք Մալչոք եւ Մերթ Էլմաս։ Անոնք հանդէս եկան լայն ճանաչում վայելող հայկական «The Beautified Project» ռաք երաժշտական խումբին հետ։
Հարկ է նշել, որ այս ծրագրին շրջագծով երկրորդ համերգը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին՝ Դեկտեմբերի 22-ին նախատեսուած է Իսթանպուլի մէջ, Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։