ՓՈՐԹԱԳԱԼՆԵՐՈՒ ՏԱՆ «ԼՈՒՌ ԱՃՈՒՐԴ»Ը

«Փոր­թա­գալ» գե­ղա­րուես­տա­տան եր­դի­քին տակ շա­բա­թա­վեր­ջին սկսաւ «Լուռ ա­ճուրդ»ը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի Թուր­քիոյ մէջ։ Փոր­թա­գա­լի Նշան­թա­շըի կեդ­րո­նին մէջ այս շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուած են ար­տա­սահ­մա­նէն մաս­նա­ւո­րա­պէս բե­րուած ըն­տիր նմոյշ­ներ։ «Լուռ ա­ճուր­դ»ի բաց­ման ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին յայտ­նի հնա­գէտ Ռաֆ­ֆի Փոր­թա­գալ եւ իր դուստ­րը՝ Մա­յա Փոր­թա­գալ Պիթարկիլ այ­ցե­լու գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին այդ գոր­ծե­րը։ «Լուռ ա­ճուր­­դ»ը պի­տի շա­րու­նա­կուի շա­բաթ մը։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017