ՀԱՃԵԼԻ ԱԿՆԹԱՐԹՆԵՐ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Անցեալ տարի էր, օրեր առաջ որոշեցինք հանդերձ ընտանեօք՝ ես, ամուսինս ու մեր երկամեայ փոքրիկ մանչուկը, զբօսնուլ գիշերային Երեւանով։ Թէպէտ դուրսը ձմեռ էր՝ դեկտեմբեր ամիս, սակայն չկար ձիւն։ Օդի ջերմաստիճանը զերոյէն ցած էր, բայց տաքուկ գլխարկներու, վերարկուներու ու ձեռնոցներու մէջ շատ հաճելի էր լիաթոք շնչել ցրտաշունչ օդը։

Այսպէս քիչ մը քայլելով հասանք կախարդական «Ձմեռնային այգի»ն։ Բազմերանգ լոյսերու մոգական աշխարհին մէջ, կեդրոնական հատուածին վրայ՝ գոյնզգոյն, մեծ ու պզտիկ խաղալիքներով, վառ լոյսերով զարդարուած էր կանաչ եղեւինը։ Հրաշագեղ եղեւինին շուրջը անընդմէջ կը դառնար մանուկներու համար նախատեսուած շոգեկառքը։ Փոքրիկ մարդուկները իրենց մայրիկներուն կամ հայրիկներուն ձեռքէն բռնած, հերթի մէջ համբերատար կը սպասէին իրենց կարգին։

Զաւէնիկը առանձնակի հետաքրքրութիւն չցուցաբերեց այս հատուածի նկատմամբ։ Անոր ուշադրութիւնը աւելի շատ գրաւեց ճեմապարտէզի դիմացի ծայրին գտնուող փոքրիկներու մոլորակը։ Այստեղ կային զանազան ժամանցային խաղեր, զուարճանքներ։ Աւա՜ղ մուտքը երեք տարեկանէն սկսեալ էր, այդ իսկ պատճառաւ մեզ չթողեցին ներս։ Զաւէնիկը պահ մը յուզուեցաւ, այնուհետեւ մոռցաւ։ Իմ փոքրիկ հրեշտակը նշմարելով գոյնզգոյն լոյսերով զարդարուած փայտէ փոքրիկ տնակները, իր փոքրիկ տոտիկներով վազելով հասաւ անոնցմէ մէկուն ու կեցաւ անոր առջեւ։ Գլուխը վեր վերցուց, ցուցամատիկը տնկեց ու սկսաւ ուրախութեան ճիչեր արձակել։ Վեր տնկած ցուցամատիկով՝ ան մեզի կը ծանօթացնէր իր յայտնագործութիւնը։ Քանի որ այս տնակը շատ հետաքրքրեց մեր փոքրիկը, որոշեցինք յառաջանալ։ Մուտքին նկատեցինք բազմութիւն։ Պարզուեց, որ այդ փայտէ տունիկին մէջ երեխաները Կաղանդ պապուկի օգնականներուն՝ էլֆերուն օգնութեամբ վերջինիս նամակ կը գրեն ու կը ղրկեն հեռաւոր Լապլանտիա։ Մենք ալ մտանք կարգի։

Շուտով մեզ ներս հրաւիրեցին։ Տունիկի շեմին մեզ դիմաւորեցին գեղադէմ, կենսուրախ ու զուարճալի, յատուկ տարազներով Ձմեռ պապուկի երկարաքիթ օգնականները։ Անոնք ջերմագին ողջունեցին Զաւէնիկը ու ներս կանչեցին։ Սա տունիկը իրական հէքեաթի մը կը նմանէր, որու մէջ մխրճուեցանք մենք։ Կանաչ եղեւինին ներքոյ, մէկումէջ վառուող գունեղ լոյսերու տակ պահուած էին անթիւ նուէրերու տուփեր։ Նոյն այդ տուփերէն քանի մը հատ, տեղ-տեղ կախուած էր առաստաղէն այնպէս, ինչպէս կարծես կը կենան օդի մէջ։ Բաց աստի, կախարդական խոշոր սարքեր ու հեռադիտակ մը կար տնակին մէջ։ Էլֆերը պատմեցին, որ հեռադիտակի միջոցաւ երեխաները կրնան հետեւիլ Ձմեռ պապուկի գործունէութեան, եթէ, ի հարկէ, վերջինս յարմար է։ Խոշոր սարքերն ալ կը ծառայէին տարբեր նպատակներու համար։ Զոր օրինակ, անոնցմէ մին հնարաւորութիւն կու տար մանուկներուն կապ հաստատել Կաղանդ պապուկին հետ։

Եւ այսպէս զուարճալի էլֆերը ապահովելով բարձր տրամադրութիւն, նախապէս տղաքը ծանօթացուցին շրջապատին ու կախարդական սարքերուն, այնուհետեւ փոքրիկ մարդուկները հրաւիրեցին ձուաձեւ խոշոր սեղանի շուրջ՝ նամակ գրելու համար Կաղանդ պապուկին։ Զաւէնիկը պահ մը կտրուելով էլֆերէն, փախաւ տօնածառի տակ ու սկսաւ խառնել նուէրները։ Ան իր փոքրիկ ձեռքերով նուէրներու տուփերը մի առ մի կը բարձրացնէր, ուշադիր կը զննէր ու կը նայէր, թէ արդեօք ի՞նչ պահուած անոնց մէջ, ինչպէս նաեւ՝ տակը։ Իր հետաքրքրասիրութիւնը բաւարարելէ վերջ, ան սեղանի շուրջ զբաղեցուց իր տեղը ու իմ օգնութեամբ նամակ մը գրեց Կաղանդ պապուկին։

Երբ այլեւս բոլոր նամակները պատրաստ էին, երկարաքիթ ու անուշիկ էլֆերէն մին ժողվեց զանոնք ու դէպի երկինք խոյացող սարքի մը օգնութեամբ, որոտընդոստ ձայնով մը, նամակները ղրկեց հասցէատիրոջը։ Քովի սարքն ալ երկվայրկեաններ անց ազդարարեցին, թէ նամակները հասած են իրենց տեղը։ Յիրաւի, Զաւէնիկէն շատ այդ օրը ես լիաթոք զուարճացայ։ Վերջաւորութեան ալ բարեհամբոյր օգնականները մանուկներուն հրամցուցին մէկական տուրմ՝ կաղանդ պապուկի, նուէրի տուփի, եղեւինի, եղնիկի կերպարով։ Հրաժեշտ առնելէ առաջ ալ, այդ հեքիաթային ակնթարթները, որոնք քաղցր յուշի մը պիտի վերածուի ամբողջ կեանքի համար, անմահացուցին լուսանկարչական սարքի ոսպնեակի միջոցաւ։

Քանզի ժամը այլեւս ուշ է, իսկ Զաւէնիկն ալ վաղն առաւօտեան կանուխ պիտի յաճախէ մանկապարտէզ, մենք բարձր տրամադրութեամբ ու կախարդանքի ազդեցութեան տակ լքեցինք «Ձմեռնային այգի»ն ու շտապեցինք դէպի մօտակայ հանրաշարժերու կանգառ։ Առհասարակ գիշերային ժամերուն Երեւանի մէջ հանրաշարժերու բնականոն աշխատանքը կը դանդաղի։ Մարդիկ ստիպուած ցուրտ եղանակին երկար կը սպասեն իրենց երթուղիին։

Քանի որ կախարդանքը կը շարունակէր, ուստի մենք ստիպուած չեղանք երկար սպասելու մեր հանրաշարժին։ Կանգառ հասնելուն պէս՝ սպիտակ, յարմարաւէտ, յայտնի մակնիշի մը ինքնաշարժ կեցաւ մեր դիմաց։ Երիտասարդ շարժավարը, որ իր սպիտակ երկաթէ նժոյգով կը վայելէր գիշերային Երեւանը, նշմարելով մեզ, մօտեցաւ ու առաջարկեց հասցնել տուն։ Մենք ալ սիրով ընդունեցինք անոր նրբանկատ քայլը։ Ճանապարհին ալ բռնուեցանք հաճելի զրոյցի։ Շարժավարը խոստովանեցաւ, որ ինք գրեթէ ամէն գիշեր, իր երկաթէ նժոյգով կը դառնայ մայրաքաղաքի փողոցներով եւ ուշ ժամերուն նկատելով կանգառներու մէջ երթուղիի սպասող տարեցներուն կամ երեխաներով ծնողներուն՝ կ՚առաջարկէ տուն հասցնել։ Այսպէսով ան կը փորձէ օգտակար ըլլալ իր համաքաղաքացիներուն։ Ես ու ամուսինս հաճելիօրէն զարմացանք ու հիացանք երիտասարդի մեծահոգութեամբ։ Ու անգամ մը եւս համոզուեցանք՝ քանի դեռ գոյութիւն ունի մարդկութիւնը, բարին պիտի ապրի։ Պարզապէս անհրաժեշտ է, որ ան բազմանայ…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2020