ՀՐԱ­ՏԱ­ՐԱ­ԿՈՒԵ­ՑԱՆ ՆԱ­ՓՈ­ԼԷՈ­ՆԻ ՂԱ­ՐԱ­ԲԱՂ­ՑԻ ԹԻԿ­ՆԱ­ՊԱՀ ՌՈՒՍ­ՏԱ­ՄԻ ՅՈՒ­ՇԵ­ՐԸ

Ռուստամ իր յուշերուն մէջ յստակօրէն կը նշէ, թէ ղարաբաղցի հայ է:

Mirrorspectator.com կը հա­ղոր­դէ, որ Քաթ­րին Քար­փենթ­րի կող­մէ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով անգ­լե­րէ­նի թարգ­մա­նուած եւ Ա­րա Ղա­զա­րեա­նի խմբագ­րու­թեամբ ու նե­րա­ծա­կա­նով «Ռուս­տա­մի յու­շե­րը. Նա­փո­լէո­նի մեմ­լուք կայ­սե­րա­կան թիկ­նա­պա­հը» գիր­քը (The memoirs of Roustam: Napoleons Mamlik Imperial Bodyguard) ո­րոշ գա­ղա­փար կու տայ Օ­նո­րէ տը Պալ­զա­քի, Լեւ Թոլս­թո­յի եւ Ֆիո­տոր Տոս­թո­յեւս­քիի կող­մէ իբ­րեւ տի­պար օգ­տա­գոր­ծուած եւ բազ­մա­թիւ գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու կող­մէ նկա­րուած Ռուս­տա­մի հե­տաքրք­րա­կան եւ բարդ կեան­քին մա­սին: Ռուս­տամ (1871-1845) փոքր տա­րի­քին Կով­կա­սի շրջա­նէն ա­ռե­ւան­գուած եւ բազ­մա­թիւ ան­գամ իբ­րեւ գե­րի ծա­խուած է: Ան իբ­րեւ մեմ­լուք մար­զուած է Ե­գիպ­տո­սի մէջ, ա­պա շուրջ տասնհինգ տա­րի դար­ձած Նա­փո­լէո­նի թիկ­նա­պա­հը ու վստա­հե­լի ան­ձը:

Ղա­զա­րեան վեր­ջերս կա­տա­րուած հար­ցազ­րոյ­ցի մը մէջ յայ­տա­րա­րեց. «Մեր պատ­մու­թեան պատ­ճա­ռով հա­յե­րը ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ տա­րա­ծուած են: Ու­նէինք մար­դիկ, ո­րոնք տար­բեր հա­մայնք­նե­րու եւ եր­կիր­նե­րու կը ծա­ռա­յէին բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կի վրայ. ինչ­պէս՝ կայս­րեր, զօ­րա­վար­ներ եւ նա­խա­րար­ներ: Այդ ի­րո­ղու­թիւ­նը ի մտի ու­նե­նա­լով՝ Ռուս­տա­մը մեր հան­դի­պած ա­մե-նէն ար­տա­սո­վոր տի­պար­նե­րէն մէկն է: Հիմ­նա­կա­նին մէջ ան սկզբնա­կան շրջա­նին պար­զա­պէս ստրուկ ե­րա­խայ մըն էր: Սա­կայն ա­ռանց կրթու­թիւն եւ ըն­կե­րա­յին կար­գա­վի­ճակ կամ դիրք ու­նե­նա­լուն՝ դար­ձաւ Ֆրան­սա­յի կայ­սեր՝ Նա­փո­լէո­նի վստա­հե­լի ան­ձը: Ձե­ւով մը ան ու­նե­ցաւ դիրք մը, ուր շա­տեր զինք լուր­ջի ա­ռին»: Ղա­զա­րեան ա­ւել­ցուց, որ գո­յու­թիւն ու­նին կարգ մը փաս­տեր, թէ ան օգ­նած է Մոս­կուա­յի եւ Վե­նե­տի­կի մէջ գտնուող իր հայ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն՝ դրա­կան կեր­պով ազ­դե­լով Նա­փո­լէո­նի ո­րո­շում­նե­րուն վրայ, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րէին Սուրբ Ղա­զա­րի Սուրբ Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Մխի­թա­րեան վան­քին:

Վեր­ջերս Ղա­զա­րեան ըն­կե­րա­յին ցան­ցի վրայ հան­դի­պած է Ռուս­տա­մի մա­սին բազ­մա­թիւ սխալ տե­ղե­կու­թեանց, ըստ ո­րոնց ան վրա­ցի էր եւ մին­չեւ իսկ ատր­պէյ­ճան­ցի՝ հա­կա­ռակ ա­նոր որ Ռուս­տամ իր յու­շե­րուն մէջ յստա­կօ­րէն կը նշէ, թէ ղա­րա­բաղ­ցի հայ է: 1814 թուականին, երբ Նա­փո­լէոն հրա­ժա­րե­ցաւ գա­հէն՝ Ռուս­տամ մեր­ժեց ա­նոր հետ մեկ­նիլ Ալ­պա՝ աք­սո­րի՝ զգու­շա­նա­լով դա­ւե­րու մեղ­սա­կից նկա­տուե­լէ եւ իր ըն­տա­նի­քէն չբաժ­նուե­լու հա­մար:

Կարճ ժա­մա­նակ բան­տը մնա­լէ ետք Ռուս­տամ տաս­նա­մեակ մը ապ­րե­ցաւ Փա­րի­զի մէջ, ա­պա փո­խադ­րուե­ցաւ Տուր­տան, ուր Լուի Ֆի­լիփ թա­գա­ւո­րին կող­մէ նշա­նա­կուե­ցաւ թղթա­տա­րա­կան տե­սու­չի պաշ­տօ­նին եւ յա­ջորդ եր­կու տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին ապ­րե­ցաւ խա­ղաղ կեանք մը:

Ֆրան­սա­ցի­նե­րը Ռուս­տա­մի մա­սին տար­բեր կար­ծիք­ներ ու­նին: Ա­նոր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը կը զմայ­լէին ա­նոր վրայ: Այլ ի­րո­ղու­թեանց կող­քին ան Ֆրան­սա­յի մէջ միակ մեմ­լուքն էր, ո­րուն ար­տօ­նուած էր իր ա­ւան­դա­կան տա­րա­զը կրել եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ աչ­քի կը զառ­նէր:

Ֆրան­սա­ցի ա­կա­դե­մա­կան Ֆրե­տե­րիք Մա­սոն Ռուս­տա­մի յու­շե­րուն ֆրան­սե­րէն գիր­քին նա­խա­բա­նին մէջ գրեց, որ Ռուս­տամ կո­պիտ տգէտ մըն էր… ամ­բող­ջո­վին ան­կա­րող ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն կամ նուի­րում ցու­ցա­բե­րե­լու եւ կարգ մը պա­րա­գա­նե­րու սու­տի կը դի­մէ: Սա­կայն կ՚եզ­րա­կաց­նէ, որ ա­նոր յու­շե­րը ար­ժէ­քա­ւոր են ա­նոնց պա­րու­նա­կած տե­ղե­կու­թեանց ու հե­տաքրք­րու­թեան պատ­ճա­ռով: «Նշմա­րած եմ, որ Ռուս­տամ հա­զ-ւա­դէ­պօ­րէն կը հե­ռա­նայ ճշմար­տու­թե­նէն» կը գրէր ան:

Ղա­զա­րեան իր նե­րա­ծա­կա­նին մէջ կը նշէ, որ Ռուս­տա­մի յու­շե­րը Նա­փո­լէո­նի կեան­քին մա­սին կարգ մը ե­րե­ւոյթ­ներ կը ներ­կա­յաց­նեն: Ան բազ­մա­թիւ տա­րի­ներ Ֆրան­սա­յի կայս­րին ֆի­զի­քա­պէս ա­մննէն մօ­տը ե­ղած է եւ ծա­նօթ վեր­ջի­նիս անձ­նա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին, նե­րա­ռեալ գլխա­ւոր ճա­կա­տա­մար­տե­րուն եւ ար­շաւ­նե­րուն:

Ռուս­տա­մի յու­շե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ հրա­տա­րա­կուած են ֆրան­սե­րէ­նով 1888 թուա-կանին, ա­նոր մա­հէն ետք: 1935 թուականին լոյս տե­սած է յու­շե­րուն ի­տա­լե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը, իսկ ռու­սե­րէն, հա­յե­րէն եւ վրա­ցե­րէն տար­բե­րակ­նե­րը լոյս տե­սած են վեր­ջին եր­կու տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին:

Վեր­ջերս ֆրան­սա­հայ զի­նուո­րա­կան վե­թե­րան­ներ Ռուս­տա­մի գե­րեզ­մա­նին մօտ ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րած են ընդ­հան­րա­պէս Դեկ­տեմ­բե­րին՝ ա­նոր մա­հուան տա­րե­լի­ցին մօտ թուա­կա­նի մը՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ Ֆրան­-սա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նին, Տուր­տա­նի քա­ղա­քա­պե­տին եւ այլ ե­րե­ւե­լի­նե­րու, ինչ որ այս ա­ռեղ­ծուա­ծա­յին տի­պա­րին նկատ­մամբ վե­րա­նո­րոգ հե­տաքրք­րու­թեան ցու­ցա­նիշ է:

2007 թուականին ա­նոր գե­րեզ­մա­նին ու տան վրայ նոր ցու­ցա­նակ մը զե­տե­ղուե­ցաւ:

 

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016