Ա­ՌԱՋ­ՆՈՐ­ԴՈՒ­ԹԻՒՆ

Ըն­կե­րա­բան­ներ ընդ­հան­րա­պէս մարդ­կու­թիւ­նը կը բաժ­նեն եր­կու գլխա­ւոր խում­բե­րու՝ ա­ռաջ­նորդ­ներ եւ հե­տե­ւորդ­ներ: Ե­րա­նե­լի է այն հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ազ­գը, ժո­ղո­վուր­դը, պաշ­տօ­նեա­նե­րը եւայլն, ո­րոնք ու­նին ար­դար եւ ի­մաս­տուն ա­ռաջ­նորդ­ներ կամ ղե­կա­վար­ներ: Պատ­մու­թիւ­նը, ինչ­պէս ն­­աեւ մեր ներ­կան, մե­զի յստակ ցոյց կու տան, որ երբ «գլու­խը» ա­ռողջ է, «մար­մին»ը իր լա­ւա­գոյն վի­ճա­կին մէջ կ­­՚ըլ­լայ:

Ա­ռաջ­նոր­դու­թեան կամ ղե­կա­վա­րու­թեան դիր­քի վրայ ըլ­լա­լը պար­գեւ մըն է (հա­յերս գե­ղե­ցիկ այլ ար­տա­յայ­տու­թիւն մըն ալ ու­նինք, զոր կը գոր­ծա­ծենք՝ գլխա­ւո­րող): Ա­ռաջ­նորդ ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ ա­ռա­ջին հեր­թին ծա­ռա­յու­թիւն. ո­րով­հե­տեւ ան՝ ա­ռաջ­նոր­դը իր հան­գիստ եւ խա­ղաղ կեան­քը մէկ­դի դնե­լով՝ իր հե­տե­ւորդ­նե­րուն բա­րօ­րու­թեան հա­մար պի­տի աշ­խա­տի եւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­նոնց քննա­դա­տու­թեան ու ամ­բաս­տա­նու­թեանց թի­րա­խը ըլ­լա­լու դիր­քին պի­տի անց­նի:

Բայց ա­ռաջ­նոր­դու­թեան հետ կա­պ-ւած հարց մը կայ, թէ որ­քան դիւ­րին է իշ­խա­նու­թեան վրայ գտ­­նուո­ղին հա­մար իյ­նալ «աս­տուա­ծա­նա­լու» թա­կար­դին մէջ: Առաջ­նորդ մը հո­գեկան եւ հո­գե­ւոր մեծ զօ­րու­թեան կը կա­րօ­տի, որ­պէս­զի կա­րե­նայ զս­­պել իր ան­ձը նման թա­կար­դի մը մէջ չիյ­նա­լու հա­մար: Սա­կայն եւ այն­պէս մեր ի­րա­կու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ ա­ռաջ­նորդ­նե­րու կա­րե­ւոր մէկ մա­սը ի­րենց հե­տե­ւորդ­նե­րուն հետ աս­տուա­ծան­ման կը վա­րուին:

Տա­րի­ներ ա­ռաջ Փա­րիզ այ­ցե­լու­թեանս ըն­թաց­քին, հան­դի­պե­ցայ վար­դա­պե­տի մը: Հա­ւա­նա­բար շա­տերս գի­տենք, թէ ա­րեւ­մուտ­քի մէջ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը ի­րենց ե­կե­ղե­ցա­կան զգես­տով չեն պտը­տիր: Այս վար­դա­պետն ալ ա­րեւ­մուտ­քի սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն «սի­վիլ» էր եւ յա­րա­բե­րու­թեան մէջ ալ՝ շատ ան­մի­ջա­կան: Բա­րե­կամս, որ զիս ըն­դու­նած էր իր տուն­ը բա­ցատր­եց, թէ ֆրան­սա­կան յե­ղա­փոխ­ութ­են­է ետք, իշ­խա­նութ­եան փուշ­ը կոտր­ու­ե­ցաւ: Այդ պատ­ճա­ռաւ կրնաս գտնել հան­րա­յին ծա­ռա­յութ­եան պաշ­տօն­ի վրայ գտնու­ող մար­դիկ, ո-րոնք համ­եստ­ութ­եամբ կը վար­ու­ին եւ եր­բեք չեն գոր­ծա­ծեր իր­ենց դիրք­ը՝ իշ­խա­նու­թիւն բա­նեցն­ել­ու մար­դոց վրայ: Այս­պէսով ա­ռաջն­որդ-ղե­կա­վար եւ հետ­եւ­որդ ա­ւել­ի ան­մի­ջա­կան յա­րա­բե­րութ­իւն կ՚­­ուն­ե­նան ի­րա­րու հետ, քան կարգ մը ա­րա­բա­կան եւ ա­րե­ւել­եան երկ­իրն­ե­րու մէջ, ուր տա­կա­ւին ղե­կա­վար­ութ­իւն­ը աս­տուա­ծան­ման ըլ­լա­լու հա­ւա­սար կը նկատ­ու­ի:

Ճոն Մաքս­ու­էլ (John Maxwell) ա­մեր­ի­կաց­ի հան­րա­յին գործ­իչ (ծա­ռա­յող), գրող եւ հա­մա­գու­մար­ներ­ու դա­սախ­օս, իր ուս­եր­ուն վրայ պար­տա­կա­նու­թիւն­ը ա­ռած է, որ ա­մէն ջանք ի գործ դնէ ա­ռողջ ա­ռաջ­նորդ­ներ պատ­րաս­տել­ու: Իր գրած գիրք­եր­ուն մեծ տոկ­ոս­ը ա­ռաջ­նոր­դու­թեան (Leadership) նիւթը կ՚ար­ծարծ­են:

Ա­ռաջ­ին հերթ­ին ան ա­ռաջն­որ­դի կեան­քի օր­ի­նա­կի մաս­ին կը շեշտ­է: Մայր Թեր­ե­զա ը­սած է. «Պէտք է ձեր գործ­եր­ը ձեր խօսք­եր­էն ա­ւել­ի բարձր խ­­օս­ին»: Կեան­քիս ըն­թաց­քին բախ­տաւ­որ­ուած եմ ա­ռողջ ա­ռաջն­որդ­ներ ուն­ե­նա­լու եւ տեսն­ել­ու: Ա­նոնց հետ շփու­իլ­ը՝ ուտ­ել, խմել եւ նոյն­իսկ ժա­մանց ըն­ել զիս նո-րո­գած է: Չեմ ըս­եր տա­կա­ւին ա­նոնց խօսք­եր­ուն եւ ուս­ուց­ումն­եր­ուն մաս­ին, որ­ոնք իս­կա­կան կեանք-փ­­ոխ­ող զօ­րա­ւոր ազ­դակ­ներ են: Միա­ժա­մա­նակ տե­սած եմ, ինչպ­էս շատ­երս, ա­ռաջն­որդ­ներ ալ, որ­ոնք Պօղ­ոս ա­ռաք­եա­լի խօսք­ին նման՝ «ձայն տու­ող ծնծղայ­ի կը նման­ին», ա­ւել­ի ձայն կը հան­են, քան օգ­տա­կար կ՚ըլ­լան:

Երկ­րորդ կէտ­ը, զ­­որ Մաքս­ու­էլ կը շեշտ­է, ա­ռաջն­որ­դին դժուա­րութ­իւնն­ե-ր­ու դի­մաց ց­­ու­ցա­բե­րած տ­­ոկ­ուն­ու-թիւնն է: Այս ալ ա­նոր նկա­րա­գիր­ին հետ կապ ուն­ի: Հան­դի­պած է՞ք ա­ռաջ-նորդ­ներ­ու, որ­ոնք իր­ենց հետ­եւ­որդ­նե-ր­ուն կը գան­գա­տին ապ­րուած դժուար պա­րա­գա­ներ­ու մա­սին: Միշտ միտքս կու գան լի­բա­նանց­ի կարգ մը քա­ղա­քա­կան գ­­ործ­իչն­եր, յատ­կապ­էս բարձր դիրք­ի վրայ գտնու­ողն­եր, որ­ոնք կը գան­գա­տին երկ­ր­ի այս կամ այն վ­­ի­ճա­կէն: «Բա­րե­կամ», պի­տի ը­սե­ս, «քու պաշ­տօ­նդ խօ­սի­լ չէ, այլ գո­րծե­լ է»:

Եր­րորդ կէ­տը­, որ Մաք­սուէ­լ կը շեշ­տէ­՝ գործ­նա­կան ի­մաս­տու­թի­ւնն է: 1+1=2 այս մէ­կը վար­ժա­րան­նե­րու եւ հա­մալ­ը-սա­րան­նե­րու մէջ կը սոր­վի­նք: Բան մը, որ կա­րեւ­որ է: Բայց թէ ս­­ոյն գի­տե­լի­քը ինչ­պէ՞ս կրնաս գործ­նա­կա­նօ­րէ­ն ա­ռօ­րեա­յիդ մէջ գոր­ծա­ծել, այդ մէ­կը ի­մաս­տութ­իւն կը կո­չուի­:

Որ­պէս ան­հատ­ներ համ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­, լի­բա­նան­ցի­նե­ր եւ կամ հա­յեր, մեր ապ­րած թշուա­ռու­թիւն­նե­րու մէկ մա­սը կ­­՚իյ­նայ այն ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն վրայ, ո­րոնց միակ նպա­տա­կը ա­թոռ­նե­րու վրայ ի­րե­նց անձ­նա­կան փառ­քը հիւ­սելն է: Մեր ալ յան­ցան­քը ա­յն է, որ կը լռենք ա­նոնց ոտնձ­գութ­իւն­նե­րուն դի­մաց: Ին­չո՞ւ­: Բա­րե­կամ մը ու­նիմ, որ միշտ կը յի­շեց­նէ ի­նծի, թէ գոր­ծա­տէր եւ գոր­ծա­ւոր հա­ւա­սար պէտք է ըլ­լան: Մին դրամ կու տայ, միւ­սը իր աշ­խա­տան­քը: Բայց ո­րով­հե­տեւ դրամ տուող-ն­ե­րը աշխ­ա­տանք տուող­ներ­էն ա­ւե­լի քիչ ե­ն, այդ պատ­ճա­ռաւ աշ­խա­տանք տուո­ղը կը լռէ իր հաս­ցէին կա­տարուած ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու նկ­­ատ­մամբ:

Հա­ւա­նա­բար ա­նար­դա­րու­թեան դէմ կե­ցող հե­րոս­նե­րու կա­րի­քը ու­նինք, որ­պէս­զի ա­նա­րդար եւ փա­ռա­մոլ առ­աջ­նորդ­նե­րը փոխ­ու­ին:

Ա­ԼԵՔՍ ԱՇ­ՃԵԱՆ

«Զար­թօնք»

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016