ՄՈՆՐՈՅԻ ԻՐԵՐՈՒՆ ԱՃՈՒՐԴԸ

20-րդ դա­րու ա­մե­նա­յայտ­նի կի­նե­րէն մէ­կուն՝ Հո­լի­վու­տի դե­րա­սա­նու­հի, երգ­չու­հի Մեր­լին Մոն­րո­յին պատ­կա­նած ի­րե­րու մեծ հա­ւա­քա­ծոն այս տա­րի Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ կը հա­նուի ա­ճուր­դի։ Կ՚են­թադ­րուի, որ հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ նե­րա­ռուած ու­շագ­րաւ նմոյշ­նե­րը պի­տի վա­ճա­ռուին շուրջ 4 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լա­րով։

Հա­ւա­քա­ծոն, որ կը պատ­կա­նի բրի­տա­նա­ցի Տէյ­ւիտ Կէյնս­պո­րօ Ռա­պըրթ­սին, կը նե­րա­ռէ բե­մա­կան զգեստ­ներ, ա­մե­նօ­րեայ հա­գուստ, պաս­տառ­ներ, զար­դեր ու շարք մը այլ անձ­նա­կան ի­րեր: Եօ­թա­նա­սու­նը անց բրի­տա­նա­ցին պատ­մած է, որ Մոն­րո­յին նուի­րուած հա­ւա­քա­ծոն սկսած է հա­ւա­քել 1990-ա­կան­նե­րէն վեր ու զա­նոնք կը պա­հէ Չել­սի գտնուող իր տա­նը մէջ։ «Այժմ ժա­մա­նակն է հա­ւա­քա­ծոն աշ­խար­հի հետ կի­սե­լու հա­մար», ը­սած է Ռա­պըրթ­ս։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016