ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՄԷՋ ԿԱՈՒՏԻԻ ԹԱՆԱԳԱՐԱՆ

Սպա­նիոյ Պար­սե­լո­նա քա­ղա­քի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը պատ­րաս­տուին 2017 թուա­կա­նին զբօ­սաշր­ջա­յին այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու հա­մար բա­նալ հան­ճա­րեղ ճար­տա­րա­պետ Ան­թո­նիօ Կաու­տիի ա­մե­նաա­ռա­ջին գլուխ­գոր­ծո­ցը՝ հան­րա­յայտ Վի­սեն­սի տու­նը:

Ներ­կա­յիս այդ մէ­կը կա­րե­լի է ու­սում­նա­սի­րել միայն դուր­սէն. մուտ­քը ար­գի­լուած է։ Հե­տաքրք­րա­կան է, որ ա­մէն օր շուրջ հինգ հա­րիւր հո­գի կու գայ Վի­սեն­սի տու­նը տես­նե­լու եւ  ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­մար։

Կ՚են­թադ­րուի, որ բա­ցու­մէն յե­տոյ հոն կ՚այ­ցե­լէ օ­րա­կան դրու­թեամբ շուրջ չորս հա­րիւր հո­գի։ Այն­տեղ կը տե­ղադ­րուին պաս­տառ­ներ ու տե­ղի կ՚ու­նե­նան կրթա­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ։

Միւս կող­մէ, 2005 թուա­կա­նին Վի­սեն­սի տու­նը նե­րա­ռուած է ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցան­կին մէ­ջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016