ՏԱ ՎԻՆՉԻԻ ԱԶԳԱԿԱՆՆԵՐԸ

Ի­տա­լա­ցի հե­տա­զօ­տող­ներ յա­ջո­ղած են տաս­նա­մեակ­ներ տե­ւած ո­րո­նում­նե­րու ար­դիւն­քին գտնել Վե­րած­նուն­դի դա­րաշր­ջա­նի հան­ճար­նե­րէն մէ­կուն՝ Լէո­նար­տօ տա Վին­չիի՝ 21-րդ դա­րուն ապ­րող բա­րե­կամ­նե­րը։

Ըստ The Guardian-ի, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Տա Վին­չիի ա­ճիւ­նը կոր­սուած է դա­րեր ա­ռաջ ու հնա­րա­ւոր չէ գտնել ա­նոր ՏՆԱ-ն, այ­նու­հան­դերձ՝ մաս­նա­գէտ­նե­րը յա­ջո­ղած են գտնել ա­նոր հա­րա­զատ­նե­րը։ Ի­րենց նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար հե­տա­զօ­տող­ներ Ա­լե­սանտ­րօ Վե­զո­սի ու Ակ­նէս Սա­պա­տօ Ի­տա­լիոյ, Սպա­նիոյ ու Ֆրան­սա­յի մէջ ու­սում­նա­սի­րած են ան­թիւ-ան­հա­մար փաս­տա­թուղ­թեր՝ կա­պուած Տա Վին­չիի հետ:

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ 1973 թուա­կա­նին սկսած հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը ա­ւար­տած է միայն ներ­կա­յիս։

Ար­դիւն­քին պար­զուած է, որ 15-րդ դա­րուն ապ­րած հան­ճա­րեղ նկա­րի­չի ու գիւ­տա­րա­րի հետ բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րու մեջ է ե­րեք հո­գի։ Ա­նոնց­մէ մէ­կը նկա­րիչ է, միւ­սը՝ ճար­տա­րա­պետ, իսկ եր­րոր­դը՝ ի­տա­լա­ցի յայտ­նի շար­ժան­կա­րի բե­մադ­րիչ Ֆրան­քօ Զե­ֆի­րե­լին է, որ Օս­քա­րի թեկ­նա­ծու ցոյց տրուած է։

Տա Վին­չի, ե­րա­խա­ներ չէ ու­նե­ցած, սա­կայն ու­նե­ցած է շատ եղ­բայր­ներ ու քոյ­րեր, ո­րոնց հետ­նորդ­ներւ այժմ յայտ­նա­բե­րուած են:

 

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016