«ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը ԻՆՔՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱՑ ՄԸ ԿԸ ԼՐԱՑՆԷ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ՄԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»

Պատմաբան Փրոֆ. Յարութիւն Մարութեանի ելոյթը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 110-ամեակին առթիւ.-

Ես ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողն եմ արդէն հինգ տարիէ ի վեր եւ երեւի, թէ չեմ գիտեր՝ քիչերէ՞ն մին, թէ՞ շատերէն մին, թէ, որ եղած եմ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատանը, ուր շատ աշխատանքային մթնոլորտ կայ, շատ բարեկամաբար կ՚ընդունին բոլորը եւ  նոյն կերպով կը ճանապարհեն:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մասին խօսելու ատեն ես կ՚ուզեմ ընդամէնը քանի մը յատկանիշեր նշել. Նախ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, կը կարծեմ, տարածքաշրջանային թերթ է, հակառակ, որ ան կը հրատարակուի Պոլիս, բայց շնորհիւ այն հարցադրումներու, որոնք ընդգրկուած են անոր էջերուն մէջ եւ նաեւ շնորհիւ Սագօ Արեան թղթակցի, որ սիւնակ ունի այնտեղ, ան կը դառնայ տարածքաշրջանային թերթ։ Այդ առումով բաւականին հետաքրքրական է: Նաեւ կ՚ուզեմ ըսել, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը նաեւ հայաստանեան թերթ է, որովհետեւ, շնորհիւ  Սագոյի տիկնոջ՝ Անուշ Թրուանցի, մենք, յամենայնդէպս ես, կը գիտնամ բազմաթիւ նորութիւններ նաեւ հայաստանեան իրականութենէն: Այսինքն, իրմով ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կարեւոր բաց մը կը լրացնէ ընդհանրապէս մեր հայկական իրականութեան մէջ: Որպէս ընթերցող շատ կ՚ուզէի, որ ըլլար նաեւ Թուրքիոյ գաւառներու մասին տեղեկատուութիւն, զանազան  աղբիւրներէ կ՚ունենանք տեղեկատուութիւն, բայց այսօր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ կ՚ուզէինք տեսնել:

Արդէն 110 տարի. Այդ մէկը նշուեցաւ, որ  բաւականին զգալի թիւ է, բաւականին  մեծ ժառանգութիւն ձգած է, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը եւ այն թերթօնային հրատարակութիւնները, զորս կ՚իրականացնէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, ես կը կարծեմ, որ կրնային օրինակելի ըլլալ նաեւ հայաստանեան մամուլին համար: Ես ընդամէնը նման դէպք մը կը յիշեմ, երբ երջանկայիշատակ Լեւոն Անանեան, որ «Գարուն»ի խմբագիրն էր, կը հրատարակէր ամբողջ շարք մը, որ «Գարուն»ի հետ կապ չունէին, դասական հեղինակներու գործեր էին, որոնք հայաստանեան իրականութեան համեմատաբար քիչ ծանօթ էին:

Բարի երթ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 16, 2018