ԿԱՐԻՆԷ

Տուն կը մտնէ ձեռքերը պարզած, «երթուղայինի մէջ ոչ մի տեղ չեմ կպած, կարող էք չանհանգստանալ». կը հանգստացնենք, որ մտնէ, եթէ պիտի վարակուինք՝ փախուստ չկայ ի վերջոյ։ Կը հանէ վերարկուն, կը կախէ մուտքին. զինք դիմաւորելու եկած շունիկին գլուխը քնքշանքով կը շոյէ, յիշեցնելով, անգամ մը եւս, որ ոչ մէկ տեղ չէ դպած ու զերծ է վտանգաւոր մանրէէ։

Շուտով կ՚անդրադառնամ, հերթական անգամ, որ հետը տուն բերած է  շարք մը այլ բաներ. յատկապէս՝ Ռիկան, Վանը, Եհովան։

Պատմութիւններու կոյտ մըն է այս կինը բարի, եւ, ինչ խօսք, պատմելն ալ կը սիրէ։ Բաւարար է որպիսութիւնը հարցնես, որ Եհովան բարձրանայ բեմ. օրերը վատ են, աշխարհը՝ իրար անցած, ամէն ինչի վերջը կը մօտենայ... այդպէս է չէ՞. տե՛ս թագավարակը, տե՛ս պատերազմը, տե՛ս Թրամփը, տե՛ս Էրտողանն ու Ալիեւը, տե՛ս տե՛ս տե՛ս տե՛ս... եւ քանի որ վերջը մօտ է, մօտ է փրկութիւնը նաեւ. Յիսուս ըսած էր, ես ձեզի ըսեմ քանի որ ձեզի ճիշդը չեն պատմեր, ճիշդը մերն է... Յիսուս ըսած է, որ ամէն ինչ պիտի քանդուի, ամէն ինչ պիտի փլի, գէշ պիտի ըլլայ, եւ միայն այն ատեն ինք պիտի գայ. այդ օրը բոլորս պիտի տեսնենք։ Ասիկա չէ կեանքը, կեանքը դեռ պիտի գայ... թէ ոչ, աս ի՞նչ կեանք...

Եթէ հարցնես, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս ծանօթացեր է «ճիշդ կրօն»ին, քեզի Ռիկա կը տանի։ Շատ վատ պայմաններու մէջ կ՚ապրէինք հոն, կ՚ըսէ, ամուսինս գործ ունէր, բայց խման էր, յետոյ մահացաւ. մինչեւ ետ Հայաստան վերադարձանք, կ՚ըսէ, դժուար տարիներ էին, ի՜նչ գործ ըսես չըրի. օր մըն ալ, փողոցը, երկու քոյրեր մօտեցան, օգնեցին, եւ պատմեցին, աչքերս բացին, կ՚ըսէ ու կ՚երթայ Ռիկա, կը պատմէ ցուրտի ու լաթվիացիներու մասին։

Ժպիտով կ՚արձագանգեմ պատմութեան, որ քանիերորդ անգամն է կը լսեմ (ուրեմն ինչո՞ւ հարցուցի, չեմ գիտեր)։ Յետոյ, քանի որ գործի պէտք է անցնիմ, շարժուձեւով կը հասկցնեմ, բայց՝ «մի հատ կատակ կայ, լսա՞ծ էք, պատմեմ. օր մը վանեցի մը...»

Ու Վանը կու գայ, կամ կ՚երթանք Վան այս անգամ. ինքը արմատներով հոնկէ է։ Մեծ հայրը, այսինչ թուականին, աքսորի ճամբան բռներ է այնինչ գիւղէն. վանեցիք այսպէս են, վանեցիք այնպէս են։ Ստիպուած կը մտնեմ երկխօսութեան մէջ, ըսելով, որ ակնցի եմ. ակնցիք այսպէս են, ակնցիք այդպէս են։ Կը պատմէ, կը ծիծաղի, կ՚երջանկանայ...

«Լաւ անցնեմ գործի արդէն երեւի»

«հանգիստ եղէք, տիկին Կարինէ»

Կը բանայ պահարանը. մէջէն փոշեկուլը կը հանէ, եւ այնտեղ հանգստի կը դնէ հաւանաբար, բայց հաստատ ժամանակաւոր, Ռիկան, Վանը եւ Եհովան, որ անցնի գործի։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021