ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ
Սուրբ Յարութեան տօնը մեր ազգային մշակոյթի կրօնական ամենագլխաւոր բաղադրիչներէն մին է: Մեծ Զատիկը հայ քրիստոնեայ մարդուն դարաւոր հաւատքին սրբազան ծիսակատարութեան եւ տեղ մըն ալ անոր ինքութեան եւ գոյատեւման երթը բնորոշող երեւոյթ է: Յիսուն օրերու վրայ երկարող նուիրական այդ արարողութիւնները՝ սկսեալ Բարեկենդանէն, Արեւագալներէն, Միջինքէն, Ծաղկազարդէն ու Աւագ շաբաթէն, հոգեպարար հաւատքի եւ երկնահամ ապրումի շրջան մը կ՚ընծայեն մեզի ազգովին:
Տօնի բնորոշող երեւոյթներէն է նաեւ յատուկ ուտեստեղէններու պատրաստութիւնը: Առանց մանրամասնելու բոլորին ծանօթ ճաշացուցակը, կ՚ուզեմ անդրադառնալ առանձնապէս Զատկուայ կարկանդակին:
Բլիթը, կարկանդակը կամ քախքէն, չէօրէկն ու քիւլինչան, որոնք տարբեր լեզուներով կը գործածուէին, նոյն թխուածքին անուններն են. ըստ տանտիրուհիի հայրենակցական պատկանելիութեան, եւ բոլոր տուներուն պարտադիր ներկայութիւնն էին:
Մանկութեան վաղեմի օրերէս սկսեալ, մինչեւ յետ ամուսնութեան շրջան, մայրս Աւագ շաբթուան մէջ անխոնջ կը սկսէր պատրաստել իր հանրայայտ տիգրանակերտցիներու քիւլինչան: Համեմներու եօթը տեսականին, մեծաքանակ ալիւրի պարկը, Համա քաղաքի «արդար» իւղը, կաթը եւ այլն, պիտի խառնուէին ու շաղուէին անոր կախարդական ձեռքերով: Խմորին ահաւոր զանգուածը կը վախցնէր մեր փոքրիկ փուռը, ուստի շուկայի փռապաններուն սեւ, մեծ ափսէները տասնեակներով կը ժամանէին մեր փոքրիկ խոհանոցը: Թաղին փուռը կը հատուցէր տանը չեփուելու անյարմարութիւնը, բաւարարելով բազմաճիւղ ընտանիքին պահանջը:
Եփուած կարկանդակներուն գլխապտոյտ պատճառող բուրմունքը կը գրաւէր շէնքը: Եւ մայրս իր սպիտակ, կարմրած, գեղեցիկ դէմքէն սրբելով քրտինքի կաթիլները, փուռէն վերադարձին կը սկսէր բաժանումի արարողութեան: Չորս զաւակներուն, մօտիկ հարեւաններուն, ծերունի ազգականներուն չափաբաժինները կը հասնէին իւրաքանչիւրին: Իսկ ան ինքնագոհ ժպիտով կը լսէր բոլորին դրուատանքին խօսքերը:
-Մամ, պէտք չէ այլեւս դուն քեզ յոգնեցնես, մենք կրնանք այս պարտաւորութիւնը ստանձնել:
-Այնքան ատեն որ ուժս կը ներէ, պիտի ընեմ, կ՚ըլլար անոր անդրդուելի պատասխանը:
Տարիները հատիկ-հատիկ, համրիչի գնդիկներուն նման աննշմարելիօրէն կը սահին մեր կեանքի մատներէն: Ու մենք երեք քոյրերով, մօրս անցեալի դերին մէջ կը գտնենք մենք զմեզ:
Ի՞նչ էր մօրս կախարդական կարկանդակին գաղտնիքը, հարց կու տամ ես ինքզինքիս յաճախ, եւ կը փորձեմ մեկնել այդ խորհուրդը...
Մօրս քիւլինչային համեմները, անոր հոգիէն փրթած՝ պտղունց-պտղունց անձնազոհութեան եւ բարութեան պատուաստներ էին: Սրտէն քամուած կարեկցանքի ապրումներ ու անհուն սիրոյ ներարկուած շիթեր: Այդ համեմները ունէին գոյնը անոր ցաւալի պահերուն եւ արցունքը հիասթափութեանց: Կար տակաւին ճակատէն հոսող աղի քրտինքի համ ու հաստատակամ նկարագրի հոտ:
Մայրս՝ իր լուսեղէն էութեան առուակն էր, որ կը հոսեցնէր խմորի այդ զանգուածին մէջ: Շաղող բռունցքներուն ընդմէջէն կեանքի աւիշն էր, որ իր քաղցր ու աղի տարբերակներով, կու տար հարազատ զգացողութիւնը այդ խորհրդաւոր խառնուրդին: Մայրս ճարտարապետուհին էր այդ կարկանդակին, որ կեանք մը կը խորհրդանշէր, ուր մեզի համար ստուերներ չկային, ուր լոյս էր համատարած եւ խաղաղութիւն մշտատեւ:
Մայրս հոգին էր Սուրբ Յարութեան: Մենք եւ մեզի յաջորդած սերունդները՝ զաւակներու եւ թոռներու, կը փորձենք տիրապետել մեզի աւանդուած արուեստին: Կը փորձենք պեղել մեր ընդերքէն, հոգեւոր արժէքներով համեմուած այդ խոհագիրը, զոր իւրացուցած էին մեր նախնիները:
Եւ այնքան ժամանակ որ մեր կարաւանները կը շարունակեն քալել հինաւուրց բացուած այդ ճանապարհով, նորահաս մայրեր պիտի սորվին պատրաստել մեկնածներուն հայաբոյր եւ մոգական այդ կարկանդակը: Աւանդոյթները մշտանորոգ յարութեան ամենամեծ գրաւականներն են:
Բոլոր մեկնած եւ ապրող Հայ մայրերուն՝
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ