ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ՀՐԱՇՔԸ
Որդան կարմիր ներկը կը վերահռչակուի աշխարհի մէջ: Երեւանի մէջ գործող «Սարդ» խանութներու ցանցը ԻՒՆԷՍՔՕ-ին առաջարկ մը ներկայացուցած է՝ հայկական այս ներկը ընդգրկելու մարդկութեան նիւթական արժէքներու ցանկին մէջ: Այդ ցանկէն ներս արդէն ընդգրկուած են հայկական դրոշմ կրող տուտուկը, հայկական խաչքարը, լաւաշն ու Սասունցի Դաւիթ աւանդավէպը: «Սարդ» խանութներու ցանցը, որ մասնագիտացած է աշխարհի բարձրորակ ներկերը Հայաստան ներկրելու առեւտրային գործով, ուսումնասիրութիւններու արդիւնքին պարզած է, որ նոյնիսկ եւրոպական ամենաբարձրորակ ներկերը ունին քանի մը տասնեակներու երաշխիք, մինչ հանրածանօթ է, որ որդան կարմիրի գոյնը կը պահպանուի հազարամեակներով եւ անվնաս է առողջութեան: Մինչեւ օրս, պեղումներու ժամանակ տակաւին կը յայտնաբերուին որդան կարմիրի հետքեր՝ հազարամեակներու վաղեմութեան հայկական կոթողներու աւերակներուն մէջ եւ հնագոյն մատեաններու էջերուն վրայ:
Ըստ Ա. դարու հռոմէացի բնագէտ Պլինիոս Աւագին, Հայաստանէն համաշխարհային շուկայ արտահանուող հիմնական ապրանքներու ցանկը մշտապէս սկսած է որդան կարմիր ներկով, որ նոյնիսկ ոսկիէն աւելի արժէքաւոր եղած է: Այս մասին բազմաթիւ վկայութիւններ կան նաեւ հայ պատմիչներու երկերուն մէջ: Որդան կարմիրը նկատուած է աշխարհի ամենէն գեղեցիկ ներկը, որ ստացած է զանազան անուանումներ, ինչպէս՝ «արքայական ծիրանի», որովհետեւ անով կը ներկէին արքայական ու իշխանական հանդերձները: Հայկական որդան կարմիրով դրուած է հիմքը նաեւ «կարմիր թանաքով» ստորագրութեան, որ արքաներու ու կաթողիկոսներու մենաշնորհն էր: Նոյն ձեւով կը նկարազարդէին նաեւ թանկարժէք մագաղաթեայ գիրքերն ու ձեռագրերը, իսկ վանական համալիրներէն ներս այդ ներկը կը գործածէին որմնանկարներու համար: Օգտագործուած է նաեւ թելերու կծիկներու փունջերը ներկելու, որոնք հետագային գործածուած են գորգերն ու կարպետները հիւսելու համար: Հին Հայաստանի մէջ մեծարգոյ հիւրը դիմաւորելու ժամանակ նոր թխուած հացին վրայ որդան կարմիր քսած են՝ այդպէսով ի ցոյց դնելով Հայաստան աշխարհի անզուգական բարիքները՝ հացն ու որդան կարմիրը:
Որդան կարմիրը կոչած են նաեւ «արեւելքի հրաշք»: Ժամանակին այդ ներկէն նաեւ հակաբորբոքային եւ ջերմութիւն իջեցնող դեղամիջոցներ պատրաստած են:
Ժողովրդական բժշկութեան մէջ գործածուած է նաեւ իբրեւ համաբեղմնաւորիչ: Մինչեւ այսօր ալ կարմիր ներկերէն ոչ մէկը կրնայ մրցիլ հայկական որդան կարմիրին հետ:
Որդան կարմիրի ներկատուներով նշանաւոր եղած են միջնադարեան Արտաշատ ու Դուին քաղաքները:
Պզտիկ միջատն ու ներկը
Յաւերժ ներկը, որու համար ոչինչ են ժամանակի, լոյսի, ջերմութեան ու խոնաւութեան կործանարար ուժերը, ունէր պատրաստման գաղտնիք, որ մեր նախնիները սերունդ սերունդ միայն ընտրեալներուն փոխանցելով՝ պահպանած էին երկու հազարամեակէ աւելի եւ զայն կորսնցուցին չորս հարիւր տարի առաջ:
Հայկական հռչակաւոր այս ներկը կը ստանան Արարատեան որդան կարմիր ընտանիքին պատկանող միջատէն, որուն անունը կը կրէ նաեւ ներկը: Իր զարգացման բոլոր շրջաններուն որդան կարմիր միջատը կարմիր է, անոր մարմնին մէջ առկայ կարմիրի՝ բնական ներկի շնորհիւ, որ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ բնանիւթ:
Որդան կարմիրը տեսնելու համար պէտք է աշնան առաւօտ կանուխ երթալ Արարատեան դաշտի աղուտներ: Այնտեղ գտնուող արգելոցի մէջ ալ կարելի է նկատել հողի վրայ քալող միջատները, որոնք կը հսկուին պահակներու կողմէ: Սովորաբար ներկը կ՚արտահանուի էգ միջատէն:
Չափահաս էգը անթեւ, հաւկթաձեւ, դանդաղ շարժող միջատ մըն է։ Զարմանալի է, որ դարեր շարունակ իր կենսունակութիւնն ու թարմութիւնը պահող ներկ պարունակող այս միջատին մարմնի հասակը ընդամէնը 2-12 մմ. է, լայնքը՝ 1-6 մմ. է, կշիռքը՝ 2-100 միլիկրամ (միջինը՝ 27 միլիկրամ) է: Անոնք սնունդ կը ստանան երկու տեսակ բոյսերէ՝ որդանախոտ (Aeluropus) եւ եղէգ (Phragmites)։ Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն հողին տակէն դուրս կ՚ելլեն թրթուրները՝ թափառողները, կը բարձրանան հողի մակերես, կը գտնեն կերաբոյսը եւ կը սնանին մինչեւ Օգոստոս-Սեպտեմբեր ամիսները։ Այս ամբողջ ընթացքին թրթուրը կը մնայ բոյսին փակած։ Բեղմնաւորուելէ ետք անոնք կրկին կ՚անցնին հողին տակ: Հետաքրքրական է, որ արուները, բեղմնաւորում կատարելէն ետք կը սատկին, իսկ էգերը՝ ձուադրումէն ետք:
Կարմրորդէն բացի՝ որդան կարմիրը կը պարունակէ նաեւ ոզնիի ճարպ, մրջիւնի ձուեր ու շատ այլ տարրեր: Սակայն խորհրդաւոր ներկի ամենակարեւոր «բաղադրիչը» աղօթքն է, որ պէտք է պատրաստման ժամանակ արտասանել առնուազն երեք անգամ: Ըստ Արմէն Սահակեանի՝ «Հին ձեռագրերու մէջ կը տրուին ուղղութիւններ, որոնք դժուար է հասկանալ առանց սուրբ գրոց գիտելիքներու: Եւ ընդհանրապէս՝ մեր նախնիները ոչ մէկ գործի սկսած են առանց նախապէս աղօթելու»։
Վերածնունդի դարաշրջանին հայկական կարմրաորդէն արտաբերուած այս ներկը շատ պահանջուած էր գծագրիչներուն կողմէ. Լեոնարտօ տա Վինչին, Ռամպրանթը, Միքելանճելոն բարձր գնահատած են անոր բացառիկ որակները: Պատմական փաստ մըն է, որ Միքելանճելոյի նախնիները՝ մօր կողմէն, Ֆլորանսայի բնակիչներէն՝ Ռուչելայները 13-րդ դարուն հարստացած եւ փառքի հասած են՝ «Արեւելքի մէջ բացայայտելով հրաշալի կարմիր ներկին գաղտնիքը»:
13-րդ դարուն, պետականութեան կորստեան հետ, որդան կարմիրի արտադրութիւնը Հայաստանի մէջ անկում ապրած է: Եւ գրեթէ դադրած է 16-17-րդ դարերուն, երբ համաշխարհային շուկայի մէջ յայտնուած է մեքսիկական կարմրաորդը, որ հակառակ անոր, որ չափերով պզտիկ էր հայկականէն, սակայն աւելի բեղուն էր՝ տարեկան հինգ անգամ սերունդ կու տար, այն պարագային, երբ արարատեան տեսակը սերունդ կու տայ տարին միայն մէկ անգամ: Բացի այդ, հայկական կարմրաորդին համեմատ, մեքսիկականը աւելի քիչ ճարպեր կը պարունակէ, որ աւելի դիւրին կը դարձնէր ներկի արտադրութիւնը: Արտադրութիւնը անկում ապրելէ ետք միայն որոշ հայկական վանքերու մէջ տակաւին կը շարունակէին սեփական կարիքներու համար ներկ պատրաստել:
Իսկ 19-րդ դարուն, երբ յայտնաբերուեցան արհեստական ներկերը, հայկական այդ եզակի յայտնագործումը մղուեցաւ ետին կարգ եւ այսօր անոր ամբողջական բաղադրութիւնը չէ պահպանուած:
1830 թուականին որդան կարմիրի ուսումնասիրութեան նպատակով Հայաստան գործուղուած է Փեթերսպուրկի Գիտութիւններու ակադեմիոյ ակադեմիկոս, յայտնի գիտնական՝ Իոսիֆ Կամել: Անոր հետազօտութիւններու արդիւնքին հիմնաւոր աշխատութիւն հրատարկուած է ռուսերէն եւ գերմաներէն լեզուներով: Գիտնականին մականունը յաւերժացուած է արարատեան կարմրաորդի լատիներէն անուան մէջ՝ PorphyrophoraHamelii:
19-րդ դարու սկիզբին որդան կարմիրի բաղադրութիւնը վերականգնելու փորձեր կատարած է Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վարդապետ Տ. Իսահակ Տէր-Գրիգորեան՝ շարունակելով միջնադարեան մանրանկարիչ՝ Սահակ Ծաղկարարի աւանդոյթները: Ան յաջողած է ստանալ քիչ քանակութեամբ ներկ, որ գործածուած է մանրանկարչութեան, կաթողիկոսական կնիքի եւ ձեռագրերու նկարազարդման համար:
20-րդ դարու 30-ականներուն խորհրդային կառավարութիւնը նոյնպէս փորձած է որդան կարմիրի արտադրութիւնը կիրառել: Սակայն այդ մէկը իրականութիւն չէ դարձած, որովհետեւ պատերազմը խոչընդոտած է բոլոր ծրագիրները: Արարատեան որդան կարմիրի ուսումնասիրման նախագիծը կրկին կեանքի կոչուած է 1971 թուականին, սակայն արդիւնաբերական չափերու չէ հասած:
Այսօր Հայաստանի մէջ որդան կարմրաներկի արտադրութիւն չկայ, ընդհակառակը՝ կարմրաներկ պարունակող միջատները կը գտնուին ոչնչացման եզրին: Միայն անհատներ են, որ փորձած են անհատական ուսումնասիրութիւններով վերականգնել հնագոյն ներկի արտադրութիւնը, սակայն ներկը երկար չէ պահպանուած: Պատճառներէն մէկը այսօրուան միջատներուն մէջ առկայ ճարպի մեծ քանակն է, որ յայտնի չէ, թէ ո՛ր գաղտնիքով, եփելու ժամանակ հանած են մեր նախնիները:
Որդան կարմիրը այսօր ապակեայ տարրաներու մէջ պահպանուած է Հայոց ձեռագրերու Մատենադարանին մէջ, որու մէջ պահուող ձեռագրերու նկարազարդումներու ժամանակ ալ հայ ծաղկողները կիրառած են ներկը: Ներկը կենդանացնելու գործով կը զբաղի Մատենադարանի Բժշկութեան եւ բնագիտութեան բաժնի աւագ գիտաշխատող, կենսաբանական գիտութիւններու թեկնածու, բժիշկ-դիմայարդար Արմէն Սահակեան: Ան Մատենադարանի ձեռագրերու մէջէն վերծանելու սկսած է հնագոյն բաղադրատոմսերը, որու շնորհիւ կրցած է ստանալ որդան կարմիրի որոշ երանգներ:
Մատենադարանի մէջ կը վերականգնուի որդանով կաւէ իրեր զարդարելու եւ մանրանկարներ կատարելու հնագոյն աւանդոյթը: Տասն տարուան ուսումնասիրութիւններու եւ ծածկագրերու վերծանման շնորհիւ Արմէն Սահակեան կրցած է գաղտնազերծել շատ բաղադրատոմսեր եւ ատոնցով պատրաստել մաշկը սնուցող-թարմացնող, կնճիռներու յառաջացումը կանխող իւրայատուկ գեղարար միջոցներ։ Ատոնք հայկական ապրանքանիշ դառնալու բոլոր նախադրեալները ունին եւ ունակ են ուրոյն որակներով զարմացնել աշխարհի գեղարարները:
Միջնադարեան ձեռագրերէ քաղուած բաղադրատոմսով պատրաստուած «Որդան կարմիր» կոչուող վարդագոյն քսուքը, իւղը եւ հեղուկը բժիշկ-դեղագործի մեծագոյն յաջողութիւններէն մին է: Ճիշդ է չնչին ու խորհրդանշանական քանակութեամբ կը պատրաստուին, սակայն մեծ պահանջարկ ունին սպառողներու շրջանակին մէջ:
Տակաւին 1987 թուականին Արմաւիրի մարզին մէջ ստեղծուած է «Որդան կարմիր» արգելոցը, ուր աշխատանքներ կը տարուին այդ միջատը արհեստական պայմաններու մէջ բազմացնելու եւ արդիւնաբերական նպատակներով գործածելու ուղղութեամբ: Այժմ արգելոցի աշխատանքները արդիւնք մը չեն արձանագրած, քանի որ կարմրաորդերուն քանակը անհընդհատ կը նուազի:
Այսօր Բնապահպանութեան միջազգային միութեան Կարմիր ցուցակի չափորոշիչներով որդան կարմիր միջատը գնահատուած է որպէս ճգնաժամային վիճակին մէջ գտնուող տեսակ:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ին առաջարկ ներկայացնելով՝ հայերը յոյս ունին նախ վերադարձնել հայկական որդան կարմիրի հայկական հռչակը եւ զայն կրկին տարածել աշխարհով մէկ, եւ երկրորդ՝ ուշադրութիւն հրաւիրել ներկ ստանալու հնադարեան ճիւղը Հայաստանի մէջ զարգացնելու, ինչ որ բնապահպանական մեծ նշանակութեան ներկերու արտադրութեան սկիզբ կրնայ ըլլալ: Ժամանակին այս աննշան որդերու շնորհիւ աշխարհի զանազան երկիրներու թագաւորներ իմացած են իրենց համար անծանօթ Հայաստանի մասին։
Որդան կարմիրի մասին գրած են Մովսէս Խորենացին, Ղազար Փարպեցին, հաստատելով, որ այս որդը միայն Արարատեան գաւառի մէջ կ՚ըլլայ՝ Երասխ գետի երկու ափերուն փռուած դաշտերու մէջ, ինչպէս նաեւ Խոր վիրապի կողմերուն։ Պատմիչները նոյնպէս կը տեղեկացնեն, որ 275 թուին պարսից շահ Արեղիանոս կայսրին ծիրանագոյն բանուածք մը ուղարկած է որպէս ընծայ, որու սքանչատեսիլ գոյնը այնքան կը զարմացնէ ամէն բան տեսած կայսրը, որ անպայման կ՚ուզէ գիտնալ ատոր հայրենիքը:
Այդպէս որդան կարմիրը տարածուած է երկրէ երկիր, եւ այսօր կրկին կրնայ նոր յաղթարշաւի մը սկսիլ:
ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ԲԱԼԱՍԱՆ
Մատենադարանի գիտաշխատող Արմէն Սահակեան վերականգնած է ոչ միայն որդան կարմիրը, այլ նաեւ՝ աշխատանքներ տարած է վերականգնելու հայկական հին ձեռագրերու մէջ գաղտնագրուած ու պահուած «Արքայական» անունով բալասան-ըմպելիքը, որ պատրաստուած է հայ թագաւորներու եռանդն ու երիտասարդութիւնը պահպանելու համար։ Ան ունի դիմադրողականութիւնը ամրապնդող եւ վարակներուն դիմակայելու ազդեցութիւն։ Ըստ ձեռագրերու մէջ նշուած յատկութիւններու, նաեւ կը կարգաւորէ նիւթափոխանակութիւնը, կը բարելաւէ ինքնազգացողութիւնը, շնչառական, աղեստամոքսային, նեարդային եւ սրտանօթային համակարգերու աշխատանքը։ Միջնադարեան բժիշկներու բնորոշմամբ՝ «կը կազդուրէ եւ կ՚ուրախացնէ սիրտը»:
Ժամանակին այդ բաղադրատոմսը պատրաստած են հայոց թագաւորներու արքունիքի բժիշկները: Բալասանի բաղադրութեան հիմքին մէջ կայ հայկական ալոճենիի (վարդազգիներու ընտանիքին պատկանող թուփ է կամ ոչ-մեծ ծառ փշոտ ճիւղերով) պտուղներու թորուածքը, որուն աւելցուած են Հայկական լեռնաշխարհի բուժիչ ու անոյշաբոյր յիսունչորս բոյսերը, արարատեան որդան կարմիրը եւ լեռնային բնական մեղրը:
Բաղադրիչները խառնելէ յետոյ զանգուածը ճիշդ երեք տարի ի պահ դրուած է Վայոց ձորի «Ճգնաւոր» քարայր-մենաստանէն ներս՝ կաղինէ տակառներու մէջ: Եւ մինչ բալասանը կը հասուննար` քարայրի մէջ պարբերաբար բժշկարար աղօթքներ ըսուած են, ինչը, ըստ ձեռագիր մատեաններու, աւելի զօրեղացուցած է ըմպելիքի բուժիչ յատկութիւնները:
Ի դէպ, հայ մասնագէտը լեռնային հազուագիւտ բոյսերը կը հաւաքէ ու կը մշակէ նոյնպէս կը կատարէ ձեռագրերու մէջ նշուած ծիսակարգով՝ լուսնային որոշակի օրերու, որ աւելի կ՚ուժգնացնէ ըմպելիքի օգտակարութիւնը, կ՚աւելցնէ անկրկնելի բոյրն ու համը:
Բաց աստի, Արմէն Սահակեան ծնած է 25 Յուլիս 1962 թուականին, Երեւան։ Մատենադարանի մէջ կ՚աշխատի 1991 թուականէն ի վեր։ Իսկ 1993 թուականին Երեւանի արուարձաններու եկեղեցիներէն մէկուն մէջ ծառայած է որպէս սարկաւագ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ