ՀԱՅ ԸԼԼԱԼ
Կ՚ըսեն, թէ աշխարհի երեսին ամէն օր կ՚արթննայ աւելի քան տասն միլիոն հայ:
Հայ ըլլալը պատիւ է ու պատասխանատուութիւն: Իմ հոգին կը փառաւորուի այն իրողութենէն, որ նուաստս ալ այս ընտրեալ ազգի մասնիկ մը, բջիջ մըն է: Հայ, ազգ մը՝ ընտրեալ ու փառաւորեալ Աստուծոյ կողմէ:
Ո՞րն է իմ մեծագոյն նպատակը, փափաքը. հասցնել հայեցի զաւակ: Ամենօրեայ իմ աղօթքներուն մէջ Տիրոջը թախանձագին կ՚աղերսեմ՝ շնորհել իմ զաւակներուն մեծ հաւատք առ Աստուած, հայրենասիրութիւն, աստուածպաշտութիւն, այնուհետեւ աստուածային շնորհ, իմաստութիւն, ազնուութիւն, առաքինութիւն, սէր, խելացութիւն: Կ՚ուզեմ, որ անոնք մեծնան Աստուած, հայրենիք ու ընտանիք եռամիասնութեան գաղափարով: Կ՚ուզեմ, որ անոնք իրենց գիտակից կեանքի հոլովոյթին իրենց ուղեղի, հոգիի ու սիր-տի մէջ, որպէս ոսկէ կանոն դաջեն հետեւեալ գոհարները. «Կեանքս հայրենիքիս, հոգիս Աստուծոյ, պատիւս ինձ»: Կ՚ուզեմ, որ անոնք ըլլան հայ՝ մեծատառով ու մեծանուն, եւ ճշմարիտ քրիստոնեաներ: Այդ ժամ ես պիտի կարենամ հանգիստ շունչ քաշել եւ կատարած համարել իմ առաքելութիւնը: Այդ ժամ պիտի կարենամ հանգչիլ ու իմ հոգին յանձնել Աստուծոյ, իսկ մինչ այդ բաղձալի օրը՝ ես ամենօրեայ, ամենժամեայ հաճելի ու տքնաջան աշխատանք ունիմ կատարելիք:
Դիւրին չէ հայ ըլլալ: Դուրսը 21-րդ դարն է՝ արտայայտութիւն մը, որ արհեստավարժօրէն տեղաւորած են համայն մարդկութեան ուղեղին մէջ, սրբելով այդ կարեւոր օրկանէն ամէն տեսակ արմատական արժէքներ: Դուրսը ազգայինի, աստուածպաշտութեան, սիրոյ, ներումի, նուիրուածութեան, ջերմութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ ըմբռնումի դարաշրջանն է, ինչ որ արդիական էր ու է բոլոր ժամանակներու համար: Դուրսը Քրիստոսին փարելու, նմանելու, պաշտելու, դէպի աստուածայինը ձգտելու ժամանակաշրջանն է, ոչ թէ 21-րդ դարը:
Մարդիկ ե՞րբ կ՚արտաբերեն այս անդէմ նախադասութիւնը: Երբ կ՚ուզեն արդարացնել իրենց անփոյթ ու անմիտ քայլերը, մտածումները: Մարդի՛կ, ձեզ կը խաբեն. սթափեցէ՛ք: Դուրսը սթափութեան ժամանակն է:
Ակամայ կը թուի տասն միլիոնը շատ է: Ո՛չ: Քիչ ենք, սակայն հայ ենք: Այլեւս հայն ալ կը գտնուի աշխարհաքաղաքական կեղտոտ խաղերու կիզակէտին: Յոգնած է, լիցքաթափուիլ կ՚ուզէ: Կ՚ուզէ անգամ մը խոր շունչ մը քաշել: Հայ, դուն կը քայլես դանակի սրածայրէն, ինչպէս կրնաս շեղել քու ուշադրութիւնը: Հայ, մոռցար՝ սատանան ակռաները սրած կը սպասէ յարմար առիթին՝ քեզ ու քու երկիրդ յօշոտելու, փոշիացնելու համար: Հա՛յ, հայ մնալու համար պէտք է կառչիս քու արմատներուն, հողին ու ընտանիքին, զէնքն ու խաչը ձեռքէդ երբեք վար չդնես՝ քանի գոյութիւն ունի չարը:
Ամէն հայ հայ չէ: Իւրաքանչիւրը չ՚ուզեր պահել իր ազնուազարմութիւնը: Կան հայեր, որոնց երակներով միայն կը հոսի հայու արիւն:
Հայ ըլլալը պատիւ է, երանութիւն, բերկրանք, քիչ մըն ալ՝ քաղցր տառապանք: Մենք չենք պատկանիր անհոգ ազգերու շարքին: Մենք մեր ունեցածը պահելու, պահպանելու համար պէտք է շատ աշխատինք՝ չկորսնցնելով զգօնութիւնը:
Որոշած եմ դառնալ իմ արմատներուն՝ կառչիլ ու այլեւս երբեք չձգել: Հայեցի մտածելն ու ապրիլը շատ գեղեցիկ է: Կ՚ուզեմ ամբողջութեամբ ըմբոշխնել իմ ազգի քաղցրութիւնը: Կ՚ուզեմ հայեցի բուրել, որպէսզի իմ քովէն անցնող օտարը արբենայ ու երանի տայ ինծի: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս այսօր բազմաթիւ հայեր երանի կու տան օտարներուն՝ իրենց սին արժէքներու ու ապրելակերպի համար: Անոնք կը մոռնան, որ աշխարհի կեդրոնը իրենք են եւ որ դրախտը գտնուած է Հայաստանի տարածքին մէջ:
Ամէն օր ու ժամ աւելի կը հմայուիմ իմ երկրով ու ազգով: Ազգով՝ ոչ ժողովուրդով: Դարերու տառապանքն ու չարչարանքը պիտի գոցեմ ու բաղձամ վաղուան յաղթանակներու մասին, որոնց տանող ճանապարհը կ՚անցնի նաեւ իմ օճախի դռնէն: Ինձ բաժին հասած քարը, աղիւսը պէտք է ջանամ ճիշդ տեղաւորել շինութեան վրայ:
Հզօր ու պայծառ Հայաստանը կը սկսի մեր ընտանիքներէն, մեր վերաբերումներէն ու հոգածութենէն հայրենիքի նկատմամբ: Հայաստանը պահելու ու շէնացնելու համար պէտք է հրաժարիլ եսասիրութենէ:
Օրը պիտի գայ եւ պիտի յառնենք, սակայն առանց Աստուծոյ միջամտութեան ժողովուրդս պիտի նախընտրէ կործանումը: Գեղեցիկ, փայլփլուն թուղթերով ծրարաւորուած, անուանումը փոխած կործանումը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան